Զեկոյց Եւ Կոչ
Ահաւասիկ տարի մը սահեցաւ այն օրէն ասդին, երբ խումբ մը երիտասարդներ յղացան գաղափարը լիբանանեան հայրենիքի հողին վրայ կանգնելու գեղակերտ կոթող մը, որով պիտի նշուէր ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի համազգային եւ համագաղութային ոգեկոչումին մեծ իրողութիւնը հայ սփիւռքեան կեանքին մէջ եւ պիտի ըլլար խորհրդանշական արտայայտութիւնը հայ ժողովուրդի վերածնունդին, մասնաւորաբար Փիւնիկեան յաւերժադալար այս ափերուն վրայ, ու միանգամայն երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը` հանդէպ լիբանանեան հիւրընկալ հայրենիքին, իր պետութեան եւ ազնուական ժողովուրդին:
Մասնաւոր շնոորհակալութեամբ կ՛ուզենք նշել այն իրողութիւնը, որ մեծ քաջալերանք եղաւ մեզի համար մեր երեք հոգեւոր պետերուն` Խորէն Ա. կաթողիկոսի, Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան կաթողիկոս-պատրիարքին եւ վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեանի բարձր հովանաւորութիւնը մեր ծրագրին եւ անոր իրագործման համար մեր առաջադրած աշխատանքներուն:
Տարւոյն ընթացքին արձանի ծրագիրը մանրամասնօրէն քննարկուեցաւ գեղագիտական, նիւթական արժողութեան եւ գործնական իրականացումի այլազան կողմերով:
Յանձնախումբը յանգեցաւ հետեւեալ եզրակացութիւններուն, որոնք ատենին ծանուցուեցան արդէն հայ ժողովուրդին հայ մամուլին միջոցաւ.
ա. Յուշարձանը, որ պիտի բարձրանայ Պիքֆայայի մուտքին, բարձրահայեաց ժայռի մը վրայ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մատուռի կողքին, պիտի ըլլայ պրոնզէ արձան մը, 12,5 մեթր բարձրութեամբ եւ պիտի կառուցուի հայ երիտասարդ արձանագործ Զաւէն Խըտըշեանի կողմէ: Արձանը կը ներկայացնէ մարդկային մարմին մը, որ, արուեստագէտին իսկ բառերով, «կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդը Եղեռնէն ետք, մեր օրերուն, որ խոյանքով կը կանգնի: Կէս ծունկի կէս ոտքի, դէմքը դէպի երկինք, ձեռքերը դէպի անհունը` այս արձանը մեր նոր սերունդն է, որ ոտքի կը կանգնի: Իր այս արձանացումէն ան շատ բան կը պարտի Լիբանանին եւ իր ժողովուրդին. ասոր համար է որ այս յուշարձանը միաժամանակ ձօն մը պիտի ըլլայ մեզ հիւրընկալող ժողովուրդին»:
բ. Յուշարձանի ընդհանուր ծախսերուն համար նախատեսուած գումարը պէտք է գոյանայ ժողովրդական ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով: Սիրոյ եւ երախտագիտութեան ժողովրդային միահամուռ արտայայտութիւն մը պէտք է ըլլայ ան: Ամէն հայ մարդ ինքզինք պէտք է մասնակից զգայ իր իսկ վերածնունդը խորհրդանշող այս արձանին մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր նպատակն է դիմել իւրաքանչիւր հայ մարդու, իր տան մէջ կամ գործատեղին, արհեստանոցին մէջ կամ վաճառատան եւ հրաւիրել զինք, որ իր սիրտի եւ կարողութեան չափով բերէ իր նիւթական մասնակցութեան բաժինը:
Առաջին հերթին դիմեցինք հայ վարժարաններու ուսանողներուն: Անոնք են կորիզը հայ ապագայ սերունդին: Անոնք են ծիլերը եւ ծաղիկները հայ վերածնունդի գարունին: Խոր գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ կ՛արձանագրենք այստեղ, որ հայ մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչները խանդավառօրէն ընդառաջեցին մեր հրաւէրին եւ ցարդ դպրոցներէն գոյացած գումարը կ՛անցնի հինգ հազարը: Հայ մանուկը եւ պատանին գիտցան, եւ մեր հաւատքն է, որ միշտ պիտի գիտնան, զեղչել իրենց դպրոցական չափազանց համեստ, շատ սահմանափակ եւ գրեթէ աննշան դրամէն, եւ տալ յուշարձանին հաւատալով անոր մարմնաւորած խորհուրդին եւ գաղափարին:
Եւ հիմա կարգն է հայ մարդուն. անոր, որ իր աւուր հացը կը շահի իր ճակատի արդար քրտինքով: Պէտք է տայ սիրտով եւ լեցուն ափով: Մենք հաւատացողն ենք, որ այս յուշարձանով պիտի աճին մեր սէրն ու նուիրումը դէպի լիբանանեան գեղեցիկ հայրենիքը, պիտի խորանայ մեր հաւատքը հայ ժողովուրդի վերածնունդին եւ յաղթանակին վրայ: Ամէն անգամ երբ մեր աչքերը հանդիպին անոր երկնասլաց խոյանքին` թափ պիտի առնեն մեր սիրտերը կեանքի եւ ստեղծագործութեան տրոփով: Եւ այս է հայու կեանքին յատուկ, վայել եւ գեղեցիկ ոճը`
– Շինել ու շէնցնել,
– Ծաղկիլ ու ծաղկեցնել,
– Ստեղծել եւ ծառայել:
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ
ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ապրիլ 1967
Հաղորդագրութիւն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին
Ուղեւորութիւնը Դէպի Եւրոպա
Յառաջիկայ մայիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոս ուղեւորութիւն մը պիտի կատարէ դէպի Եւրոպա` այցելելու համար արեւմտեան քրիստոնէական աշխարհի եւ քաղաքակրթական կարգ մը կարեւոր կեդրոնները եւ հանդիպելու հոգեւոր պետերու եւ պաշտօնական բարձր պատասխանատուութեանց տէր անձնաւորութիւններու:
Վեհափառ հայրապետը նախ պիտի այցելէ Կիպրոս (28-30 ապրիլ) եւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Մակարայ ուխտի օրը համանուն վանքին մէջ: Եղբայրական հանդիպում մը պիտի ունենայ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ եւ Յոյն եկեղեցւոյ պետ Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մակարիոս Ս. արքեպիսկոպոսին հետ:
Ուղեւորութեան երկրորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ Յունաստանը (1-8 մայիս): Նորին վեհափառութեան հովուապետական անդրանիկ այցելութիւնն է այս յունահայ գաղութին, որուն մօտէն ծանօթանալու առիթը պիտի ունենայ Ս. Աթոռոյս վեհափառ հայրապետը եւ իր հայրական օրհնութեամբ պիտի ամրապնդէ իր հաւատացեալ ժողովուրդը իր պապերուն քրիստոնէական սուրբ հաւատքին եւ ազգային նուիրումին մէջ:
Նորին Ս. Օծութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Յունաստանի թագաւոր Նորին Վեհափառութիւն Կոստանդին արքային, Յունաստանի վարչապետին եւ եկեղեցւոյ պետին` Նորին Սրբազնութիւն Տ. Խրիսոստոմոս Ս. արքեպիսկոպոսին:
Ապա վեհափառ հայրապետը պիտի երթայ Հռոմ (8-11 մայիս), ուր պիտի այցելէ Նորին Սրբութիւն Պօղոս Զ. պապին: Նորին վեհափառութիւնը սիրով ընդառաջելով սրբազան քահանայապետին առաջարկին` իր հիւրը պիտի ըլլայ Ս. Պօղոսի մայր տաճարի աբբայարանին մէջ եւ առիթը պիտի ունենայ խօսակցելու Նորին Սրբութեան հետ քրիստոնէական հաւատքի զօրացման հետ առնչութիւն ունեցող արդի հարցերու եւ երեւոյթներու մասին:
Նորին Ս. Օծութիւնը պիտի այցելէ Հռոմի քրիստոնէական յուշարձանները, որոնք Արեւմտեան քրիստոնէութեան պատմութեան ամէնէն հարուստ վկայարաններն են:
Ուղեւորութեան չորրորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ Լիզպոն (11-13 մայիս), ուր պիտի այցելէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կեդրոնատեղին եւ, յանուն իր ժողովուրդին, անձամբ պիտի արտայայտէ հիմնարկութեան ազնուահոգի ղեկավարներուն այն երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը, զոր Կիլիկեան Ս. Աթոռը եւ հայ ժողովուրդը ունին այս մեծ եւ բարերար հաստատութեան հանդէպ:
Վեհափառ հայրապետը Լիզպոնէն պիտի մեկնի Լոնտոն, ուր պիտի մնայ մէկ շաբաթ (13-21 մայիս): Քենթըրպըրիի մայր տաճարին մէջ պիտի այցելէ Անգլիոյ եկեղեցւոյ պետ` Նորին Սրբազնութիւն տոքթ. Մայքըլ Ռամզի Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 14 մայիս, ի ժամ Ս. պատարագի:
Ուղեւորութեան վեցերորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ Ժընեւ (22-24 մայիս), ուր Նորին Ս. Օծութիւնը պիտի այցելէ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնատեղին եւ պիտի հանդիպի ընդհանուր քարտուղար` տոքթ. Էօժէն Պլէյքի, ինչպէս նաեւ նախկին ընդհանուր քարտուղար տոքթ. Վիսսըր՛թ Հուֆթի եւ իրենց անմիջական գործակիցներուն:
Վեհափառ հայրապետը Ժընեւէն պիտի մեկնի Վենետիկ (24-26 մայիս)` այցելելու համար Ս. Ղազարու Մխիթարեան վանքն ու միաբանութիւնը:
Նորին Ս. Օծութեան ուղեւորութեան վերջին հանգրուանը պիտի ըլլայ Վիեննա (26-27 մայիս), ուր պիտի այցելէ Վիեննայի Մխիթարեան վանքն ու միաբանութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը Անթիլիասէն կը մեկնի 28 ապրիլին եւ Ս. Աթոռ կը վերադառնայ 27 մայիսին:
Վեհափառ հայրապետը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն պիտի մեկնի 28 ապրիլ 1967, ուրբաթ, կէսօրէ առաջ ժամը 10:45-ին, «Միտըլ իսթ» ընկերութեան օդանաւով:
Նորին Սրբութեան պիտի ընկերանան դպրեվանքի տեսուչ Գերշ. Տ. Գարեգին Ս. եպիսկոպոս Սարգիսեան եւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց քարտուղար Գեր. Տ. Արսէն ծ. վրդ. Աւետիքեան:
Վեհափառ կաթողիկոսին բացակայութեան Ս. Աթոռիս ընթացիկ գործերը փոխանորդաբար պիտի վարէ Լիբանանի հայոց առաջնորդ գերշ. Տ. Տաճատ Ս. արքեպիսկոպոս:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
18 ապրիլ 1967
Անթիլիաս-Լիբանան