Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Մայիս 1967)

Մայիս 1, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թիրօ Քեմփը Հրոյ Ճարակ Դարձաւ

Մօտ 100 Հոգի – Որոնց Մէկ Երրորդը
Հայ – Անպատսպար Մնացին

Նիւթական Վնասները Կը Հասնին
250 Հազար Լիբանանեան Ոսկիի

Ինչ որ մնաց Թիրօ քեմփի հիւղաւաններէն
Նկար` Սինէ-ֆոթօ Շիրազ

Կիրակի կէսօրէ ետք, հրդեհը մոխրակոյտի վերածեց Թիրօ քեմփը, որ մէկ երրորդով բնակուած է հայերէ: Մօտ երկու հարիւր փայտաշէն, կրաղիւսապատ կամ թիթեղածածկ հիւղակներ հրոյ ճարակ դարձան գրեթէ մէկ ժամէն, մինչ ածխացած փայտերը եւ շիկացած թիթեղները շարունակեցին մխալ դեռ երկար:

Հրդեհը ծագեցաւ ժամը 1:30-ին: Պատճառը տակաւին յայտնի չէ: Ոմանք կ՛ըսեն ելեկտրական կայծ մը, ուրիշներ` պիւթակազի շիշի մը պայթումը: Կը մնայ ստուգելի:

 

Հրշէջները հասան լուրը առնելէ հազիւ տասը վայրկեան ետք, բայց չկրցան անմիջապէս գործի անցնիլ: Նեղլիկ փողոցները կը դժուարացնէին աշխատանքը: Հակառակ իրենց ամբողջ բարեացակամութեան եւ  ճիգերուն, չկրցան փրկել դիւրավառ խրճիթները, որոնք լուցկիի տուփերու պէս այրեցան:

Շատ չանցած, աւերը կատարեալ էր: Ոմանք կրցած էին փրկել իրենց կարասիները, ուրիշները` իրենց վրայի հագուստով դուրս նետուած էին կրակի դժոխքէն, բոցերուն յանձնելով տարիներու իրենց վաստակը:

Այրեր, կիներ, պատանիներ իրենց մխացող տան փլատակներուն ներքեւ կը փնտռէին հրաշքով մը անեղծ մնացած առարկայ մը: Ոմանք յուսահատ, խօսելու գրեթէ անկարող, ապշահար կը նայէին հրշէջներուն, որոնք երկաթէ ձողով մը վար կը նետէին տանիք մը, կը փլցնէին պատ մը կամ ջուր կը սրսկէին:

Բանակն ու ոստիկան-զինուորները անմիջապէս փութացած էին դէպքին վայրը, ուր նախապէս հասած էին  ներքին գործոց նախարար Պատրի Մէուշի, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան` անձամբ հսկելու համար փրկութեան գործին:

Պետական երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Խաչիկ Պապիկեան, որոնք քաղաքէն բացակայ էին, եկան հետագային` հետաքրքրուելու համար աղէտեալներով:

ՀՅԴ շրջանի կոմիտէի ընկերները եւ թաղեցի երիտասարդութիւնը մեծ  նուիրումով օգնեցին աղէտեալներուն եւ հրշէջներուն:

Հայ աղէտեալներէն մաս մը լեցուած էին շրջանի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, ուրիշներ եկեղեցիին բակը եւ փրկուած անկողիններու կամ խշտեակներու վրայ նստած, կ՛ողբային իրենց ճակատագիրը:

Անդին, ծերունի մը սիրտ  կու տար. «Մի լար քոյրս, հայ ժողովուրդը այնքան աղէտ տեսած է, որ ալ վարժուեցանք»:

Սրբազան հայրը անմիջական կարգադրութեամբ, ծածկոցներ բերել տուած էր կաթողիկոսարանէն:

Երկուշաբթի առտու թաղականութիւնը, ի ներկայութեան շրջանի քահանային եւ թաղապետին, կատարեց արձանագրութիւնը աղէտեալներուն, որոնց թիւը կը բարձրանայ շուրջ 1000-ի, նկատի ունենալով, որ յաճախ մէկ հիւղաւանի մէջ քանի մը ընտանիք կ՛ապրին:

Առաջին գնահատողներու համաձայն, նիւթական վնասները կը հասնին քառորդ միլիոն լ. ոսկիի:

Կիրակի իրիկուն, թաղականութիւնը սննդեղէն բաժնեց աղէտեալներուն: Երէկ` երկուշաբթի, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը հոգաց կէսօրուան ճաշը: Լիբանանեան կարմիր խաչը, որ հետաքրքրուեցաւ ամէն օժանդակութիւն ընծայել:

Սրտցաւ հայրենակիցներ, շրջակայ թաղերէն, հագուստեղէն կը բաժնեն դժբախտներուն:

 

Վեհափառ Հայրապետը Մեկնեցաւ Երէկ

Նախ. Հելու Ներկայացուցիչ Ղրկած Էր`
Ողջերթ Մաղթելու

ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՄԵԿՆՈՒՄԸ` ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ.– Զինուորական պատիւներ Խալտէի օդակայանին մէջ: Վեհափառին կողքին, Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցիչը եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. երէկ` ուրբաթ, 28 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին օդի ճամբով մեկնեցաւ Կիպրոս, – առաջին հանգրուանը այն ուղեւորութեան, զորս վեհափառ հայրապետը պիտի կատարէ Եւրոպա` այցելելու համար արեւմտեան քրիստոնէական աշխարհի եւ քաղաքակրթական կարգ մը կարեւոր կեդրոնները եւ հանդիպելու հոգեւոր պետերու ու պաշտօնական անձնաւորութիւններու:

ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԺԱՄԱՆՈՒՄԸ ԿԻՊՐՈՍ.- Նկարին վրայ, աջէն ձախ Կիպրոսի լիբանանեան դեսպան Էմիր Ֆերիտ Շեհապ, գեր. Մակարիոսի քարտուղար տոքթ. Փաթրոքլոս Սթաւրոս, Մակարիոս արք. ի ներկայացուցիչ գեր. Քալլինիքոս, վեհափառը, գերշ. Գարեգին եպս. եւ կիպրահայոց առաջնորդ գեր. Երուանդ Ծ. վրդ. Աբէլեան:

Իր մեկնումին առթիւ, վեհափառը արժանացաւ պետական բարձր պատիւներու եւ ժողովրդային համակրական արտայայտութիւններու:

Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցիչը` զբօսաշրջութեան եւ ծրագրի նախարար Միշէլ Խուրի առաւօտուն գացած էր կաթողիկոսարան` մինչեւ օդակայան ընկերանալու համար վեհափառին: Այս առթիւ, նախագահ Հելու տրամադրած էր նախագահական ինքնաշարժը: Ժամը 10:00-ին, վեհափառը հասաւ օդակայան, ընկերակցութեամբ Միշէլ Խուրիի:

Ողջերթի եկած էին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Մեսրոպ եպս. Թերզեան, յոյն-կաթողիկէ առաջնորդ գեր. Ճարճուր, պետական հայ երեսփոխանները Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան եւ Սուրէն Խանամիրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, Փոխադրութեանց ընդհ. տնօրէն Շաւարշ Թորիկեան, ազգատիկան-զօրաց ջոկատ մը զինուորական պատիւներ ըրաւ եւ փողերախումբը ողջերթի փողը հնչեցուց: Վեհափառը նախագահական ինքնաշարժով գնաց մինչեւ օդանաւ:

Վեհափառին հետ մեկնեցան Դպրավանքի տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան եւ Արսէն Ծ. վրդ. Աւետիքեան, որոնք կ՛ընկերանան կաթողիկոսին անոր ուղեւորութեան ընթացքին:

Հայրապետին ճամբորդութիւնը պիտի տեւէ մօտ մէկ ամիս:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յուշանկար

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?