Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Մայիս 1967)

Մայիս 3, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապրիլեան Եղեռնի
Ոգեկոչումը

Փարիզի Մէջ

Կիրակի, 23 ապրիլին Փարիզի Ս. Յովհաննու Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագած եւ քարոզած է Սերովբէ արք. Մանուկեան:

Նոթր-Տամի մայր եկեղեցիին մէջ պատարագած եւ քաղոզած է Կարապետ եպս. Ամատունի:

Երեկոյեան «Սալ Կավոյի»-ի մէջ, նախաձեռնութեամբ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ կուսակցութիւններուն նախագահութեամբ հոգեւոր պետերու տեղի ունեցած է ոգեկոչում:

Նախագահած է տոքթ. Բ. Նազարեան:

Յաջորդաբար բանախօսած են Կարապետ եպս. Ամատունի, Ժիրայր Տէտէեան, Ժիրայր Դատաւորեան եւ Սերովբէ արք. Մանուկեան:

Գործադրուած է գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր:

Մարսէյի Մէջ
«Ապրիլ 24» Փողոց

Կիրակի, 23 ապրիլին աւելի քան 2500 հայեր փութացած են «Քափիթոլ»-ի սրահը ներկայ գտնուելու ազգային առաջնորդարանին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ապրիլեան ոգեկոչումի հանդէսին, պատուոյ նախագահութեամբ առաջնորդ Արտաւազդ եպիսկոպոս Թրթռեանի:

Նախագահած է Աւ. Մելքոնեան:

Յաջորդաբար խօսք առած են հայր Վահան Վ. Յովհաննէսեան, տիկիններ Լեքսիա եւ Հուրի Իփէկեան:

Խօսք առած է նաեւ Կասթոն Տէֆերի ներկայացուցիչը եւ յայտնած, թէ` ի պատասխան քանի մը օր առաջ ՀՅ Դաշնակցութեան ըրած դիմումին, քաղաքապետարանը որոշած է «Ապրիլ 24» անունով մկրտել Մարսէյի փողոցներէն մէկը:

Հանդիսութենէն ետք, խուռներամ բազմութիւնը, տպաւորիչ թափօրով մը, որուն միացած են բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեսփոխաններ, ծերակուտականներ եւ այլն, գացած է Մեռելոց յուշարձան, ուր երկիւղածութեամբ ծաղկեպսակ մը դրուած է ապրիլեան նահատակաց յիշատակին:

Մարսէյի ապրիլ 24-ի, երկուշաբթի օրուան թերթերը, «Ապրիլ 24 փողոց Մարսէյի մէջ» խորագիրով, երկար թղթակցութիւններ հրատարակած են:

Լիոնի Եւ Վիենի Մէջ

Ապրիլեան նահատակներու յիշատակը ոգեկոչուած է նաեւ Լիոնի եւ Վիենի մէջ` կրօնական եւ աշխարհական հանդէսներով:

Լոնտոնի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ Երիտասարդաց միութեան, կիրակի, 23 ապրիլին մօտ 350 հայեր տողանցք մը կատարած են ցուցատախտակներով, որուն մասնակցած են Պսակ արք. եւ Կորիւն վարդապետ մինչեւ Ուէսթմինսթըր Ապէյ` արդարութիւն պահանջելով: Ապա ծաղկեպսակ դրուած է յուշարձանին վրայ: Նախապէս կատարուած յիշատակի երեկոյին խօսած են հայր Կորիւն եւ օր. Մորկան:

Կիրակիէն երկուշաբթի, 24 ժամ, 12 երիտասարդներ, ի նշան բողոքի, պահակ կեցած են թրքական դեսպանատան առջեւ:

Հայ Դատի Օրը Փարիզի Մէջ

Շաբաթ, 22 ապրիլի երեկոյեան, «Միւթիւալիթէ»-ի մեծ սրահին մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցած է Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ հրապարակային մեծ հաւաքոյթ մը` նուիրուած Հայ դատին:

Օրուան նշանաբանը եղած է` «Հայ ժողովուրդը ունի դատ մը, դատ մը, որ կար երէկ, ապրիլ 24-էն առաջ, որ կայ այսօր, եւ որ պէտք է իր լուծումը գտնէ վաղը»:

Նախագահած է փրոֆ. Խերեան:

Յաջորդաբար խօսք առած են Կապրիէլ Մացնէֆ (աշխատակից «Քոմպա»-ի), Էտուար Տէփրէօ (նախկին ներքին գործոց նախարար), Օտէթ Միքայէլեան, Մազիւրիէ, Անահիտ Տէր Մինասեան, Հրանտ Սամուէլ եւ Կարօ Մեհեան:

Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

 

Երկրաշարժները
Հայաստանի Մէջ

Անցեալին բազմաթիւ երկրաշարժներ պատահած են Հայաստանի մէջ: Ամէնէն աւելի վնասուած է Երիզա քաղաքը, որ 800 տարուան մէջ քսան անգամ վնասուած է, իր պարիսպներուն հետ միասին ոչնչացնելով 100.000 հոգի: Պատահած է, որ մէկ օրուան մէջ եօթը երկրաշարժ տեղի ունեցած է Երիզայի մէջ:

Կարեւոր Երկրաշարժները

1.- ԱՐԱՐԱՏ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆ.- 340-էն 1870, այսինքն 15 դարերու ընթացքին, տասը անգամ երկրաշարժ եղած է: 1679-ին, Երեւանի մէջ մեռած են 80,000 հոգի:

2.- ԿԱՐԻՆ ԵՒ ՍՂՆԻՔ.- 8-րդ դարուն Վայոց Ձոր գաւառի երկրաշարժը տեւած է քառասուն օր: Գետնի տակ թաղուած են 10 հազար հոգի: 780-էն 1902, շուրջ 12 դարերու ընթացքին, Կարինի մէջ տեղի ունեցած է ինը երկրաշարժ:

3.- ԴՈՒԻՆ.- 8-րդ դարուն մէկ գիշերուան մէջ երկրաշարժէն մեռած են 12.000 հոգի: 9-րդ դարուն երկրաշարժը տեւած է մէկ տարի եւ մեռած են 120.000 հոգի: 893-ի երկրաշարժին կործանած է Դուինը եւ մեռած են 70.000 հոգի:

4.- ԵՐԶՆԿԱ.- 1011-էն 1930, ինը դարերու ընթացքին, 16 երկրաշարժ եղած է: Մեռած են 120.000 հոգի: 1930-ին Երզնկայի մէջ հայ չկայ:

5.- ԱՐՑԱԽ.- 1140-ին կործանուած է Գանձակ քաղաքը:

6.- ԿԻԼԻԿԻԱ.- 13-րդ դարուն` Հեթում Ա. թագաւորին ժամանակ, տեղի ունեցած է կատաղի երկրաշարժ մը:

7.- ՎԱՆ.- 1276-էն 1791 պատահած է ինը երկրաշարժ: 1648-ին լրիւ կործանուած են Վանի պարիսպները, եկեղեցիները, եւ մեռած են բազմաթիւ մարդիկ: Երեք ամիս տեւող երկրաշարժէն ցամքած են Վանի շրջակայքի աղբիւրները եւ բազմաթիւ առուներ: Կործանուած է Աբեղներ լեռը եւ փլած դիմացի ձորին մէջ:

8.- ՔՂԻ.- Մեծ երկրաշարժ տեղի ունեցած է 1666-ին եւ բնակիչները գաղթած են ուրիշ վայրեր:

9.- ԲԱՍԷՆ.- 1700-ին պատահած սաստիկ երկրաշարժէն իր ընթացքը փոխած է Արաքս գետը:

10.- ՄԱՐԶՈՒԱՆ.- 1822-ին պատահած է մեծ երկրաշարժ:

11.- ՇԻՐԱԿ.- Բուռն երկրաշարժ եւ մարդկային զոհեր` 1927 թուին:

12.- ՍԻՒՆԻՔ.- Մարդկային զոհեր` 1931-ին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեծ Մօրս Չապրած Կեանքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In