Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Ապրիլ 1967)

Ապրիլ 11, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսական Կեանք

 Լիբանանի Ազգային Եկամուտը

Երկրի մը տնտեսական կեանքին մակարդակը հասկնալու համար մասնագէտներ առաջին առիթով քննութեան կ՛առնեն երկրին ընդհանուր եկամուտները ներկայացնող տուեալները` հիմնուած ճշգրիտ վիճակագրութիւններու վրայ: Ուրեմն, այս տեսանկիւնէն առնելով հարցը, Լիբանան, բաղդատմամբ իր փոքր տարածութեան (9.400 քառ. քիլոմեթր), ներկայիս Միջին Արեւելքի ամէնէն բարձր աստիճանի վրայ կը դասուի:

Լիբանանի ազգային եկամուտին աստիճանական զարգացումը տալու համար աչքի առջեւ ունինք անցած հինգ տարուան (1961-1965) վիճակագրութիւնները:

Մինչեւ հիմա կը կարծուէր, որ Լիբանանի բնակչութիւնը 2.200.000 հոգի է: Վերջին մարդահամարի գրասենեակէն ելած տեղեկագրին համաձայն, Լիբանանի բնակչութեան թիւը հասած է, 1965 դեկտեմբեր 31-ին, 2.367.141 հոգիի, որուն 1.232.334 այր, իսկ 1.134.807` կին: Այս թիւերը ասկէ շաբաթ մը առաջ հրատարակուեցան պետական պաշտօնաթերթին մէջ: Շատ հաւանաբար ներկայիս Լիբանանի բնակչութիւնը առնուազն 2.400.000-ի հասած ըլլայ:

Ծրագրի նախարարութեան պատրաստած տեղեկագրին համաձայն, Լիբանանի ազգային եկամուտը 1965-ին հասած է 2.500 միլիոն լ. ոսկիի:

Այս եկամուտին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ առեւտուրէն գոյացած շահը` տարեկան 650 միլիոն լ. ոսկի, այսինքն` 26 առ հարիւր տոկոսով: Հետաքրքրական է իմանալ նաեւ միւս ճիւղերէն գոյացած հասոյթները: Այսպէս.

Միլիոն Տոկոս    Լ. ոսկի
Հողագործութիւն37515 առ հարիւր
Ճարտարարուեստ30012 առ հարիւր
Շէնքեր1255 առ հարիւր
Վարձքեր25010 առ հարիւր
Փոխադրութիւն1757 առ հարիւր
Առեւտուր65026 առ հարիւր
Դրամատուներ2008 առ հարիւր
Պետութիւն2259 առ հարիւր
Զանազան ճիւղեր2008 առ հարիւր
Գումար2500100 առ հարիւր

Ասկէ հինգ տարի առաջ` 1961-ին եւ 1963-ին, ազգային եկամուտը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէր, միլիոն ոսկիով.

19611963
Հողագործութիւն330353,50
Ճարտարարուեստ  218231,73
Շէնքեր    69  73,91
Վարձքեր194218,38
Փոխադրութիւն6872,28
Առեւտուր468498,42
Դրամատուներ110132,37
Պետութիւն152172,72
Զանազան ճիւղեր180197,69
Գումար1.7891.951.00

Արդարեւ, 1965-ի արդիւնքը բաղդատելով 1961-ի հետ` ազգային եկամուտը 1.789 միլիոնէն բարձրացած է 2.500 միլիոնի: Այս յաւելման բարձրացումը 40 առ հարիւր տոկոս եղած է:

Հողային արդիւնաբերութեան եկամուտը թէեւ նուազ է առեւտուրի ճիւղէն, այսուամենայնիւ, 2.400.000 բնակչութեան վրայ մօտ մէկ միլիոն հոգի հողագործութեան եւ գիւղատնտեսութեան ճիւղերուն մէջ կը զբաղի ու կ՛ապրի: Ներկայիս Լիբանանի մէջ 258.274 հեկտար հող կը մշակուի 9.400 քառ. քմ տարածութեան վրայ: Մօտաւոր ապագային, շնորհիւ թափուած աշխատանքներուն, յատկապէս որոգման ծրագիրներու իրագործումով, կարելի պիտի ըլլայ 150.000 հեկտար հող եւս օգտագործել: Հինգ տարուան ընթացքին հողային արդիւնաբերութիւնը 14 առ հարիւր տոկոսով զարգացած է: Աւելորդ է յիշել, որ հողագործութիւնը երկրի մը տնտեսութեան հիմնական առանցքը կը կազմէ: Լիբանանի արտադրած արմտիքը ժողովուրդին պահանջին հազիւ մէկ չորրորդը կը բաւարարէ:

Ճարտարարուեստը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ գոհացուցիչ պայմաններու մէջ կը գտնուի` տարեկան եկամուտը 218 միլիոնէն բարձրանալով 300 միլիոն լ. ոսկիի (37 առ հարիւր տոկոս):

Այս գործերուն մէջ դրուած դրամագլուխը 869 միլիոն լ. ոսկի եղած է` աշխատցնելով 62.000 գործաւոր եւ արհեստաւոր, ապրեցնելով մօտ 580.000 հոգի: Գործարաններու եւ արհեստանոցներուն թիւը հասած է 6138-ի: Սննդեղէնի ճարտարարուեստին մէջ դրուած է 150 միլիոն լ. ոսկի, հիւսուածեղէնի` 80 միլիոն, հանքային արդիւնաբերութեան` 105, մետաղագործութեան` 100, իսկ քիմիական արտադրութեան` 100 միլիոն լ. ոսկի: Այս հաշուով, սննդեղէնի ճարտարարուեստը ամէնէն կարեւոր տեղը կը գրաւէ Լիբանանի մէջ:

Շինարարական աշխատանքները 69 միլիոնէն բարձրացած են 125 միլիոնի: Հոս եւս զարգացումը բացորոշ է` հասնելով 80 առ հարիւր տոկոսի:

Գալով դրամատուներէն գոյացած եկամուտին` անիկա հինգ տարուան մէջ գրեթէ կրկնապատկուած է: 110 միլիոնը բարձրացած է 200 միլիոն լ. ոսկիի (82 առ հարիւր տոկոս):

Զանազան ճիւղերու եկամուտները 180 միլիոնէն հասած են 200 միլիոնի (11 առ հարիւր): Այս ճիւղերուն եկամուտները կը գոյանան զբօսաշրջութենէ, հնչուն ոսկիի տարանցիկէն, ապահովագրական ընկերութիւններէ եւ այլ անուղղակի հասոյթներէ:

Վերջացնելու համար ըսենք, որ շնորհիւ անհատական նախաձեռնութիւններու եւ ազատ տնտեսութեան քաղաքականութեան` Լիբանանի մէջ տնտեսական կեանքը հսկայական յառաջդիմութիւն արձանագրած է: Լիբանանի մէջ ազգային եկամուտը անձ գլուխ 12 տարուան մէջ կրկնապատկուած է, 1952-ին 170 լ. ոսկի 1965-ին բարձրացած է 1.350 լ. ոսկիի:

Վերոյիշեալ վիճակագրական տուեալներէն այն եզրակացութեան կու գանք, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը աստիճանական վերելքի մէջ է վերջին տասնամեակի ընթացքին, ինչ որ Լիբանանի համար յուսադրիչ երեւոյթ է:

ԳԷՈՐԳ ՍԱԶՃԵԱՆ

 

Աչքը Լոյս Բոլոր Տանտիկիններուն,
Իրենց Համար Լաւագոյն Նուէր Մը

           Պարունակութիւն` 15 լիթր                                          Պարունակութիւն` 25 լիթր

ԼՈՒԱՑՔԻ ՓՈՔՐ ՄԵՔԵՆԱՆ, զանազան չափերով, առօրեայ եւ անմիջական գործածութեան համար: Կոկիկ, տոկուն եւ խնայողական: Ժամանակ շահելու լաւագոյն միջոցն է ՎԱՏՕ-ի գործածութիւնը:

ՎԱՏՕ լուացքի մեքենան կը ծախուի հետեւեալներուն մօտ.

ՔԵՀԵԱՅԵԱՆ ԵՂԲՐՔ. Ռիւ Քլեմանսօ
ԳԱՓԼԱՆԵԱՆ ԵՂԲՐՔ. Նահրի կամուրջին չհասած
ՆՈՒՎՈԹԷ ԱՆԹՈՒԱՆ Զոքաք Պլաթ

Եւ` Ընդհ. ներկայացուցիչ
ՅԱԿՈԲ ՍԱՆՈՍԵԱՆ
Ռիւ Արժանթին
Փոստարկղ` 1540
Հեռաձայն` 225990

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Մեր Նպատակը Հայկական Գիւղերու Չդատարկուիլն Է». Պրազիլահայ Ընտանիք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?