Խմբագրական
Ապահով Հիմեր
«… Քանի հայը հայուն կ՛օգնէ, ա՛լ մեռնիլ չկայ. թող չարչարուինք, ուրիշէն բան չենք ուզեր, մենք մեզի կը բաւենք. քանի որ մեր մէջ մուրալը ամօթ է, մենք չենք մեռնիր, բոլորը կ՛երթան` մենք կը մնանք այս աշխարհին բուն տէրն ու պահակը մենք ենք. անոր բոլոր չարչարանքները մեր ուսերուն վրայ են, թող ըլլան. երբ հայը հայուն օգնեց, լմնցաւ, աշխարհին ոսկիները թող աշխարհին մնան, հայուն գաւաթ մը թանը հայը աւելի կ՛ապրեցնէ, քան բոլոր ոսկիները»:
ԵԴ. ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Կանաչ կիրակիի հանգանակութեան առթիւ հայու հպարտութեան քաղցր զգացումով կու տանք մեր տարաբախտ ընկերոջ այս ազգայնաշունչ պատգամը, որ կը բխի բանաստեղծի եւ ուսուցիչի իր հարուստ հոգիէն:
Մեր բոլոր հաստատութիւնները սփիւռքի տարածքին վրայ իրենց սնունդը ստացած են միշտ այն «գաւաթ մը թան»-էն, որ զանոնք աւելի ապրեցուցած է եւ կ՛ապրեցնէ, քան` աշխարհի բոլոր ոսկիները, որոնք նպաստընկալի աննախանձելի վիճակին պիտի մատնէին հայութիւնը` մեզի բաժին ինկած դառնութիւնները խորացնելով:
Նոյնն է նաեւ պարագան մեր ազգային վարժարաններուն, որոնք մասնաւորաբար այս գաղութին մէջ ծնունդ առին` ապաւինած միայն ու միայն հայ ժողովուրդին զոհողութեան ոգիին, որ կը բխէր անոր ազգային գիտակցութենէն եւ գիրին ու գրականութեան հանդէպ անօրինակ սէրէն:
Բայց թէ այդ սէրը ի՛նչ չափով կրցաւ գործնականապէս արդիւնաւորուիլ, այդ կը մնայ խնդրական: Փաստը այն է, որ մենք չկրցանք նիւթական ամուր կռուաններ ստեղծել մեր կրթական հաստատութիւններուն, որոնք տակաւին պէտք կը զգան դիմելու ժողովրդային հանգանակութիւններու` պիւտճէական շատ հասկնալի մտահոգութիւններով:
Մինչեւ այդ կռուաններուն ստեղծումը, ազգային մարմինները պարտաւորութեան տակ են մեր զգացումներուն դիմելու` հիմնուած մանաւանդ այն փաստական իրողութեան վրայ, որ հայ ժողովուրդը մինչեւ հիմա ի դերեւ չէ հանած այս ուղղութեամբ սնուցուած ակնկալութիւնները:
Վստահ ենք, որ նոյնը պիտի ըլլայ նաեւ վաղը: Պիտի տանք մեր առաւելագոյնը, պիտի տանք սրտով, ուրախութեամբ, որովհետեւ եթէ սիրտն ու ուրախութիւնը նախապայման չըլլան իսկ պատկառելի գումարի մը գոյացման, նախապայման կը նկատենք այն մթնոլորտին համար, որուն մէջ պիտի ուզենք պահել մեր հասարակութեան եւ անոր հաստատութիւններուն կապը:
Ինչ որ կ՛ըսենք, աւուր պատշաճի խօսքեր չեն: Հայ ժողովուրդը այլեւս պէտք չունի խթանի` իր զոհողութիւններուն վկայութիւնը տալու համար: Բայց պէտք ունի մտածելու իր կրթական հաստատութիւնները անսասան պահելու անհրաժեշտութեան մասին, հիմնական գործերու մասին, որոնք ոչ մէկ կապ ունին տարեկան հանգանակութիւններու այս ձեւին հետ:
Հարկ կա՞յ ըսելու, թէ ինչո՛ւ այնքան մտահոգուած ենք մեր վարժարաններով: Չենք կարծեր: Այսօր բոլորին համար ալ յստակ է, որ եթէ հայ ժողովուրդը օր մը գերագոյն կոչին պատասխանելու եւ իր զանգուածային ներկայութիւնը հաստատելու նուիրական պարտականութեան առջեւ գտնուի, ատիկա պիտի կրնայ ընել շնորհիւ հայ վարժարաններուն, որոնք մեր ազգային դրամագլուխը, հայը հայ պահելու սրբազան առաքելութիւնը ունին:
Եթէ չենք ուզեր, որ այդ դրամագլուխէն մասնիկ մը իսկ պակսի, պէտք է ապահով հիմերու վրայ դնենք այդ դրամագլուխին պահպանման սատարող հաստատութիւնները:
Առաջին առթիւ` մեր վարժարանները, որոնք պէտք ունին մեր օժանդակութեան` առաւելագոյն չափով կատարելու համար իրենց դերը:
Այս գիտակցութեամբ պէտք է մասնակցինք վաղուան հանգանակութեան:
Այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք ազգային բոլոր ձեռնարկներուն:
