Հայ Լեզուի Հիասքանչ
Առանձնայատկութիւնները
Մեսրոպ Մաշտոցի հրաշալի ստեղծագործութեան` հայկական այբուբենի կատարելութիւնը աշխարհի մեծագոյն լեզուաբաններու իրաւացի զարմանքը յառաջացուցած է: Զգացում մը, որ փայլուն կերպով արտայայտած էր փրոֆ. Մարկուարտ:
Ես, որ կ՛ուսումնասիրեմ հայատառ աւանդուած օտար լեզուներ, կը ցանկայի աւելցնել այն մասին, թէ որքան պիտանի է հայկական գիրը նաեւ այլ լեզուներու արտասանական առանձնայատկութիւնները արտացոլելու համար:
Միայն այս պատճառով հնարաւոր դարձած է, որ հայերը, երբ բարբարոսներու դարեր շարունակուող աւերածութիւններու պատճառով ստիպուած լքած են իրենց հայրենիքը, օտար հողի վրայ կարողացած են իրենց այբուբենը օգտագործել նաեւ օտար լեզուներով գրելու համար:
Այսպէս, մենք կը հանդիպինք հայերէն տառերով գրուած արաբերէն, ասորերէն, պարսկերէն եւ նոյնիսկ լատիներէն ու լեհերէն բազմաթիւ երկերու: Կոստանդնուպոլսոյ հայերը հայատառ թուրքերէնով հարուստ գրականութիւն ստեղծած են եւ տասնամեակներ շարունակ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ շարք մը այդպիսի հայատառ պարբերականներ հրատարակուած են:
Ա՛լ աւելի հիացումի արժանի է այն գրականութիւնը, որ հայերը ստեղծած էին 16-17 դարերուն Լվովի եւ Կամենեց Պոդոլսկիի հայկական գաղութներուն մէջ: Խրիմի մէջ անոնք իւրացուցած էին ղպչաղերէնը (պոլոցիերէն) եւ ստեղծած` այդ լեզուով գրականութիւն. ատով իսկ հայերը գիտութեան համար կորուստէ փրկած են այժմ մահացած ղպչաղերէնի մէկ ճիւղը:
Սակայն հնչիւնաբանական-ուղղագրական կողմը միայն մէկ մասնիկը կը կազմէ այն ամէնուն, ինչով հայերէնը կարող է հիացումի առարկայ դառնալ:
Հայոց լեզուի միւս կողմը, որ արժանի է հիացումի, անոր բառային եւ ոճային հարստութիւնն է: Այս առանձնայատկութիւնը հայ բանաստեղծներուն հնարաւորութիւն կու տայ համաշխարհային գրականութեան գանձերը բոլոր նրբերանգներով թարգմանել հայերէն: Եւ բառապաշարի ճիշդ այդ հարստութիւնն է, որ դժուարութիւն կը յարուցանէ օտարազգի թարգմանիչներուն` հայ գրականութիւնը իրենց լեզուներով թարգմանելու ատեն:
Այդ զարմանքի պատճառը բնական կ՛ըլլայ, եթէ նկատի ունենանք, որ հայութիւնը արդէն 5-րդ դարուն ստեղծած է անզուգական գրականութիւն, եթէ մենք նոյնիսկ նկատի ունենանք այդ գրականութեան մէկ մասը` պատմագրութիւնը, յանձինս այնպիսի հոյակապ դէմքերու, ինչպիսիք են` Փաւստոս Բիւզանդը, Ագաթանգեղոսը, Եղիշէն, Ղազար Փարպեցին եւ անգերազանց Մովսէս Խորենացին: Ասոր վրայ կ՛աւելնան նաեւ հայերէն մեծ քանակութեամբ թարգմանութիւնները այնպիսի լեզուներէն, որոնք անցած են քաղաքակրթութեան հազարամեայ ուղի. նկատի ունիմ առաջին հերթին յունարէնը: Ստեղծուած են բնագրին լիովին համարժէք այնպիսի թարգմանութիւններ, որոնք կրնան փոխարինել անհետացած բնագրերը. նկատի ունիմ յոյն մաթեմատիկական եւ փիլիսոփայական երկերը:
Հայերէնի սկիզբէն իսկ ունեցած կատարելութիւնը այնպիսի հրաշք կը թուի, ինչպէս` սպառազինուած Աթենաս Պալասի ծնունդը եւ կամ, աւելի ճիշդ, հայկական այն առասպելը, որուն համաձայն, Անահիտը Արամազդի գլուխէն դուրս թռած է իր կատարեալ գեղեցկութեամբ: Այսպիսի հրաշքներ հազիւ թէ եղած ըլլան: Հայերէնի արտայայտչական հնարաւորութիւններու հարստութիւնը պէտք է որ հազարամեակի մը գաղտնի զարգացում ապրած ըլլայ:
Բառային հարստութեան նախանձելի առանձնայատկութիւն մըն է այն, որ հայերէնը իւրաքանչիւր նոր հասկացողութեան համար միշտ կարողացած է ստեղծել նոր եւ յարմար բառ, երբեմն նոյնիսկ ոչ միայն մէկ, այլ` շարք մը բառեր: Ասիկա ամենաակնառու կերպով կ՛երեւի այն բանէն, որ միայն հայերէն բառարմատներու քանակը որոնք գրանցուած են «Արմատական բառարան»-ին մէջ, շուրջ 10.000 է:
Ուրիշ գրական լեզուներու ամբողջ բառապաշարը ածանցուած եւ բարդ բառերով հանդերձ (վերջինները փաստօրէն կը կազմեն իւրաքանչիւր լեզուի բառապաշարին մեծ մասը), կը բաւարարուի բառերու նման քանակով մը:
Լեզուաբանութեան մէջ կային այնպիսի կարծիքներ, որոնց համաձայն, լեզուի արտայայտչական այդպիսի ինքնուրոյն ունակութիւնը կը համարուէր հարկադրական մարքամոլութիւն: Ո՛չ բնաւ, արտայայտչական այս առանձնայատուկ, ինքնուրոյն կարողութիւնը, լեզուի այդ իւրատեսակ ստեղծագործական գործունէութիւնը, որ նման է հայկական հողէն բխող հազարաւոր աղբիւրներու, հայոց ստեղծագործական ոգիի արժէքներէն է:
Եւ գեղարուեստական գրականութեան լեզուի ոճական եւ բառային այս արտակարգ հարստութեան կողքին, կայ նաեւ մասնագիտական գրականութիւն, որ արտայայտչական միջոցներու այդ հարստութեան հետ միաժամանակ չափազանց պարզ է եւ զերծ երկիմաստութիւններէն: Բայց այս պարզութիւնը արհեստական չէ, ինչպէս արհեստականօրէն ստեղծուած «basic» լեզուներու մէջ, այլ ատիկա հայոց լեզուի բազմաթիւ յատկանիշներէն մէկն է:
Եթէ թոյլ տրուի ինծի այս ամէնը համեմատութեամբ մը արտայայտել, ապա ես կ՛ըսէի, որ հայոց լեզուն իր լեզուաստեղծական ուժով ընդունակ է խոյանալ մինչեւ Մասիսի բարձունքները եւ միաժամանակ ան բիւրեղեայ է, ինչպէս Սեւանի լճի ջուրերը:
ՏՈՔԹ. ԷԴՄՈՆԴ ՇՈՒՑ
… Երբ կազմաւորուած է հայ գրականութիւնը, ժամանակակից Եւրոպայի մեծ ազգերէն ոչ մէկը դեռ չկար. ո՛չ Ֆրանսայի մասին խօսք կար, ո՛չ ալ Անգլիոյ: Հայ ազգային գրական հեղինակութիւնները այնպիսի հնութիւն ունին, որ շատ դարերով կը գերազանցեն եւրոպական ազգերու մեծամասնութեան հեղինակութիւններուն:
… Այն ժամանակ, երբ Ֆրանսա անունը նոյնիսկ գոյութիւն չունէր, Հայաստանը մեծ դեր խաղացած է պատմութեան մէջ, այն ժամանակներուն, երբ ֆրանսերէն լեզուն դեռ չէր տարբերուեր լատիներէնէն, գոյութիւն ունէր հայերէն կարեւոր գրականութիւն:
ԱՆԹՈՒԱՆ ՄԷՅԷ
Ձեր հնամենի լեզուն ես չեմ գիտեր, բայց կը սիրեմ զայն: Անոր մէջ Արեւելքը կը զգամ, դարերը կը նշմարեմ այնտեղ, կը տեսնեմ անցեալի խորհրդաւոր նշոյլի շողարձակումը:
Ինծի համար պարծանք է հայերէնի թարգմանուիլը:
ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ
Միջնադարեան ո՞ր ժողովուրդը կրնայ պարծենալ, թէ երբեւիցէ իր սեփական լեզուով, կամ թէկուզ մէկ այլ` բախտաւոր լատիներէնով հրապարակ հանած է Վարդանի եւ իր ընկերներու դիւցազնամարտի այնպիսի նկարագրութիւն մը, ինչպիսին Եղիշէի նկարագրածն է:
ՄԱՐԿՈՒԱՐՏ