Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Ապրիլ 1967)

Ապրիլ 5, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կամենալ Եւ Կարենալ

Ըստ երեւոյթին նոյնը, բայց ըստ էութեան տարբեր բաներ են կամենալը եւ կարենալը:

Կամենալը առաջադրութիւն մը իրականացած տեսնելու փափաք մըն է, ուստի` ենթակայական ցանկութիւն, որ իրականութիւն դառնալու համար պէտք է անհատը ունենայ որոշ պատրաստութիւն, կամք եւ յարատեւութեան ոգի:

Եթէ կը պակսին այս յատկութիւնները մէկուն, կամեցողութիւնը իրաւունք մը չէ իրականացած տեսնելու համար իր բաղձանքները:

Կեանքի մէջ յաւակնոտներ պակաս չեն: Անոնք մեծ մասամբ ցանկութիւններ ունեցող անձեր են: Անոնք ցանկութիւնը իրաւունք մը կը համարեն ու կը ստանձնեն յաճախ իրենց կարողութենէն վեր պարտականութիւններ:

Եթէ կամենալը կարենալ չէ միշտ, կարենալը շնորհ մըն է` պայմանաւորուած քանի մը յատկութիւններով:

Օրինակ, ամէն մարդ չի կրնար Շէյքսփիր կամ Պեթհովեն ըլլալ: Ոչ ալ ամէն արարածի տրուած է Կեսար մը կամ Նափոլէոն մը ըլլալը:

Մեր փափաքները չեն, որ ատակ կը դարձնեն զմեզ այս կամ այն գործը ձեռնհասօրէն կատարելու, այլ` մեր տաղանդը, աշխատանքով ձեռք բերած հմտութիւնն ու փորձառութիւնները: Ահա թէ ինչո՛ւ շատեր կը փափաքին մեծութիւն դառնալ, բայց քիչեր միայն կը յաջողին: Ձախողածներու մեծամասնութեան պակսածը ընդունակութիւն է եւ կամքը:

Կ՛ըսենք աւելին. հանճարներն անգամ եղած են մարմնացում յամառ եւ երկարատեւ աշխատանքի:

Ամէն մարդ կրնայ տեղ մը հասնիլ, երբ ըմբռնէ կամենալուն եւ կարենալուն տարբերութիւնը: Կարենալու համար, աշխատանքն ու կամքը, փորձառութիւնն ու յոգնութիւնը պայման են, ոչ ոք կրնայ ուրանալ:

Պերիկլեսի դարէն այս կողմ, Յունաստան չունեցաւ Վենեզելոսի չափ փայլուն քաղաքական դէմք մը, բնածին տաղանդ, բայց եւ` մարմնացում յամառ աշխատանքի եւ որոնումներու:

Այս է, որ կը մոռնան ծափերու եւ արագ յաղթանակներու հետամուտ շատ մը միջակութիւններ:

Կամենալը կարենալ չէ, ուրեմն, ընդունինք:

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

 

Հայերէն Աշխարհագրական
Անձնանուններ

Մեր անձնանունները կը սերին բազմազան աղբիւրներէ: Պատմական` Տիգրան, Արշակ, Վարդան, Հայկ: Գրական` գլխաւորապէս Աստուածաշունչէն` Մովսէս, Ադամ, Դաւիթ, Մարիամ: Բուսական` Վարդիթեր, Մանուշակ, Նարգիզ, Մեխակ: Կենդանական` Սիրամարգ, Սոխակ, Աղաւնի, Բազէ, Արծիւ: Զգալի մաս մը կը կազմեն ակնեղէնի եւ թանկարժէք կտորեղէնի հետ առնչուող անունները: Ակնեղէնէն յիշենք` Ալմաստը, Գոհարը, Փերուզը, Մարգարիտը, Ադամանդը:

Խիստ ուշագրաւ են նաեւ այն անունները, որ մարդիկ կը ստեղծեն իրենց մարդկային խոր, ազնիւ զգացումներու բերումով: Մանչ զաւակ ունենալ ցանկացողներ, երբ ունեցած են իրենց զաւկին անունը դրած են Պաշտիկ, Փափաք:

Մասնաւորապէս վերջին կէս դարուն յառաջ եկան, տարածուեցան ու հաստատուեցան այնպիսի բուն հայերէն անձնանուններ, որ նախապէս կա՛մ չկային, կա՛մ հատուկենտ էին:

1915-ին ապրիլեան եղեռնէն ետք, մեր նուիրական վայրերու` գիւղերու, քաղաքներու, հովիտներու, լեռներու եւ գետերու կորուստը արձագանգ գտան մեր ժողովուրդի սրտին մէջ: Ուրիշ կշիռ ու ջերմութիւն ստացան նաեւ մեր հայրենիքի յաւերժէն եկող սարն ու քարը, հողն ու ջուրը:

Թէ՛ կորսուածը եւ թէ՛ եղածը դարձան ոչ միայն փայփայանքի առարկայ, այլ եւ անոնց մէկ զգալի մասը` անձնանուն:

Այժմ տարածուած են այս կարգի բազմաթիւ անուններ. Արաքս, Արազիկ, Բիւրական, Եփրատ, Հրազդան, Սեւան եւ Սեւանեան մականունը: Ուշադրութեան արժանի է նոյնպէս Ծովակ արական անձնանունը: Այլ եւ` Արարատ, Մասիս, Արագած, Տաւրոս, Մարութ, Հայաստան, Նայիրի:

Ամէնէն գործածական անուններն են Կարին արական եւ Կարինէ իգական անունները: Առանձին երազանքով կը լեցնէ մարդու սիրտը Անի իգական անձնանունը: Նաեւ` Շիրակը:

Առանձնապէս գրաւիչ են Արեւմտահայաստանի նուիրական վայրերու հետ առնչուող անունները: Ասոնցմէ են հայու էութիւնը կատարելապէս մարմնաւորող, յաւիտեան անմահ եւ պաշտելի Սասունը, Սասունիկը, Սասնիկը, որոնք կը կապուին մեր ազգային հերոսավէպի եւ արծուաբոյն Սասունի հետ:

Խօսուն անուններ են` Զէյթուն, Տարօն, Տարօնիկ, Վասպուր, Վասպուրական, Վանիկ, Վանուհի եւ Նարեկ անունները:

Գործածական անուններ են նաեւ` Անձրեւիկ, Անդրանիկ, Մոմիկ, Մագաղաթ, Սարիկ, Նայիրուհի, Մաշտոց, Լուսեղէն, Մեսրոպ, Վարուժան, Մեղրիկ, Աշխարհիկ, Մարզպետ, Րաֆֆի, Սայաթ Նովա, Կոմիտաս, Հայրիկ, Արեւիկ եւ այսպիսի բազմաթիւ անուններ:

ՄՈՒՇԵՂ ՆԱՐԵԱՆ

 

Կին Եւ Սէր

Կիները չեն ստեղծուած վազելու համար: Երբ կը վազեն, կը նշանակէ, որ շուտով պիտի բռնուին:

ՓՈՆՍՕ

Աստուծմէ ետք, կինը ամէնէն անբիծ եւ ամէնէն խորհրդաւոր էակն է:

ՎԷՅ

Կինը հանդուրժելի է առանց սիրոյ, բայց անհանդուրժելի է առանց պատիւի:

ԷՔ. ԿՐԻՆ

Կիները շուքի կը նմանին: Երբ իրենց կը հետեւիք, կը փախչին, երբ կը փախչիք` կը հետեւին ձեզի:

ԱՐԼԷՆՔՈՒՐ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ֆանի, Մանի» Կատակերգութիւն Բեմադրութեամբ Յարութ Գնդունիի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?