Հայ Վերածնութեան Խորհուրդը
Կիրակի, 23 ապրիլ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, երեք հոգեւոր պետերը` Խորէն Ա. կաթողիկոս, Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք եւ վեր. Յովհաննէս Ահարոնեան կատարեցին հիմնարկէքի արարողութիւնը կաթողիկոսարանի Պիքֆայայի մատուռի եւ դպրեվանքի շէնքի կողքին, ժայռի մը վերասլաց գագաթին վրայ կանգեցուելիք «Յիսնամեակի յուշարձան»-ին: Այս առիթով դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան յուշարձանի յանձնախումբին կողմէ կարդաց հետեւեալ տպաւորիչ ուղերձը.
Վեհափա՛ռ հայր, հոգեւոր տէր, վերապատուելի, սրբազան հայրեր եւ ուխտաւո՛ր ժողովուրդ,
Վստահ եմ, որ ձեր բոլորի հոգեկան ապրումներուն հարազատ արձագանգն է, որ պիտի լսէք տկար բառերուն մէջ այս խօսքին, զոր կ՛արտասանեմ յանուն ապրիլեան Եղեռնի «Յիսնամեակի յուշարձան»-ի յանձնախումբին:
Հայ մաքուր սիրտին եւ պայծառ միտքին դիմաց, անպայման սրտառուչ է այս` պահը` համախումբ հայութեամբ եւ միութեամբ գեղեցիկ: Մեր պատմութեան մէջ առանձնապէս նշելի է ապրիլ 23-ի երեկոյեան այս պահը, որ դարձակէտի մը գաղափարն ու իրականութիւնը միանգամայն կը խտացնէ իր մէջ խորհրդանշական արարքով մը:
Ահաւասիկ մեր աչքերուն առջեւ մեր արցունքը, քրտինքն ու արիւնը իր մէջ խառնած կենդանի ջուրին` հայութեան ապրումին շաղախով կը նետենք հիմերը մեր վերածնութեան վերասլաց արձանին: «Յիսնամեակի յուշարձան»-ին հիմնարկէքի այս տեսարանին մէջ, առաջին հերթին, ապրիլեան Եղեռնի երիտասարդութենէն ծնած գաղափարի մը երիտասարդական իրացումին առինքնող պատկերը կը բացուի մեր հոգեկան հայեացքին դիմաց. յաւիտենակա՜ն երիտասարդութիւնը հայ ժողովուրդին` մշտնջենական ու գարնանային երիտասարդացո՜ւմը, դարերը իր ուսերուն վրայ մասիսօրէն շալկած հայկազնեան ցեղին:
Վերակենդանութեա՛ն, յարութեա՛ն արձան է այս, ուխտաւո՛ր եղբայրներ եւ քոյրեր: Անոր էջ կայ ոչ միայն յիշատակը իմացեալ մահուան, ոչ միայն կամքը հայութեան ապրելու անպարտելի բնազդին, այլեւ ու մանաւանդ` իրողութիւնը, թանձրական ուժեղ արտայայտութիւնը յարուցեալ կեանքին:
Անցեալի բերրի հողին վրայ արմատները խոր նետած, փոթորիկներու, խորշակներու, կայծակներու եւ սուր տապարներու ուժը կոտրած կաղնիի մը բունէն ընձիւղած սերունդի մը յարգանքի տուրքն է ան այն մեռելներուն, որոնք նահատակի իրենց արիւնով ալ միացած են հայ ժողովուրդին գոյութեան արմատներուն: Նահատակները ազգերու կեանքին մէջ կը նմանին ծառի արմատներուն: Հայ հոգիի հողին մէջ արմատացած մեր նահատակներուն ի յիշատակ ահա վերածնութեան այս արձանին որպէս արմատ-պատուանդան` մենք կը զետեղենք հայուն այնքա՜ն հարազատ եւ այնքա՜ն առանձնայատուկ գեղաքանդակ խաչքար մը, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ մեռելները մոռնալ` ազգի մը համար կը նշանակէ մահուան ճամբուն մէջ առաջին քայլը առնել` կտրուիլ արմատներէն:
Նահատակ-մեռելներէն կեանք առած եւ ուժ ստացող հայ վերածնութեան սերունդը, վերջին յիսնամեակին հայ մարդը կը նայի դէպի առաջ, դէպի բարձունք, դէպի երկինք` յաւիտենականութեան անսպառ եւ անմար տենչով բռնկած: Ահ այդ դէպի ապագայ ու դէպի յաղթանակ բացուած հայեացքին առջեւ յիսնամեակի այս յուշարձանը աչքերուն լոյս ու բոց տուող կայծ մըն է, մշտաբարբառ պատգամախօս մը, անդիմադրելի հրաւէր մը: Ձեր մարմնոյ աչքերը միայն խարիսխը կը տեսնեն, ամրակուռ ժայռ-պատուանդանը: Բայց կ՛ուզեմ, որ ձեր հոգւոյ աչքերը նոյնքան իրաւութեամբ եւ առաւել եւս հրճուանքով տեսնեն աւելի քան տասներկու մեթր բարձրութեամբ դէպի երկինք կոթողացող պրոնզեայ այն թռիչք-արձանը, որ մարդկային մարմնի մը վերականգնումի պատկերին մէջէն կը խորհրդանշէ ամբողջ ժողովուրդի մը յաղթ վերականգնումը աւազներու եւ աւերակներու, ցնցոտիներու եւ վէրքերու, տանջանքներու եւ խոշտանգումներու մահասարսուռ աշխարհէն դէպի առողջ վերակենդանութեան, տենդոտ ստեղծագործութեան, անյագ շինարարութեան աշխարհը:
Եւ ի՜նչ սրտապնդիչ երեւոյթ է դիտել այս երիտասարդ սերունդը եղբայրօրէն միացած, կրօնական դաւանանք, քաղաքական համոզում, ընկերային դիրք ու հանգամանք գեղեցկօրէն ներդաշնակած` իրենց հոգեւոր հայրերու ոգեւորիչ բարոյական հովանիին ներքեւ, իրենց ժողովուրդի յարութիւնը կը փառաբանեն արդի արուեստի զուսպ, առողջ ու յառաջապահ ոճով կառուցելով այս յուշարձանը: Քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը արժանի սերունդն է ան, որ ահա պատասխանատուութեան նոր գիտակցութեամբ մը, ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակէն ետք մանաւանդ, կը խառնէ իր տաք ու բորբ արեան տրոփը հայ կեանքի զարկին ու երթին: Յուշարձանը վկայութիւն մըն է նոր սերունդի այս սրտապնդիչ նուիրումին:
Եւ այժմ դիտեցէք ձեր շուրջը, լիբանանեան այս պայծառ երկինքին տակ, մշտադալար այս կանանչին մէջ, երկինքէն հով առնող այս լեռնային բարձրութեանց վրայ կարելի՞ էր կեանք չառնել եւ ստեղծագործութեան ճամբայէն չքալել: Իր երկնքին պէս պայծառ ժողովուրդ մը, իր լեռներուն պէս ազատատենչ ազգ մը, իր ծովի խաղաղ կապոյտին պէս խաղաղասէր ու շինարար ցեղ մը` լիբանանեան ազնուական ժողովուրդը, կրնա՞ր հայուն մէջ չտեսնել եղբայր մը, պատմութեան մէջ յաճախ բախտակից իրեն եւ նոյն շինարար ոգիով տոգորուած ազգ մը:
Ահա թէ ինչո՛ւ հայ վերածնութեան ամէնէն վառ օճախը արտասահմանի մէջ եղաւ Լիբանանը` իր լայնախոհ ժողովուրդով, ժողովրդասէր պատմութեամբ ու ազատութեան եւ ստեղծագործութեան օրրան եղող հայրենական պատմութեամբ: Մեր ժողովուրդը երբեք չէ մոռցած եւ յաւէտ չի մոռնար այն կաթիլ մը ջուրին զովութիւնը, որ բարի ձեռք մը կը ցօղէ իր հոգիին մէջ կիզող տառապանքի սուր պահուն: Եւ ինչպէ՜ս չյայտնել լիբանանեան օրհնեալ երկրին եւ օրհնածին ժողովուրդին իր անհուն սէրն ու երախտագիտութիւնը…
Լիբանանի ծովափին տարագիր մարդու մեր ոտքը դնելէն ասդին երբեք մեր ձեռքը չհեռացուցինք այն մաճէն, որ անցնող յիսուն տարիներու ընթացքին հերկեց այն երկրին, որուն հանդէպ մարդիկ սէր ունին եւ հիացում: Ազատութեա՜ն, ներդաշնակութեա՜ն եւ ստեղծագործութեա՜ն երկիր: Հայ ձեռքը այս երկրին մէջ չխնայեց իր ուժը: Հայ մարդը ամբողջական նուիրումով փարեցաւ այս հողին եւ իր քրտինքը խառնեց անոր: Չկայ աւելի ուժեղ արտայայտութիւն, քան` դրական այդ աշխատանքը: Իսկ Պիքֆայայի այս բարձունքին վրայ կոթողացող արձանը պիտի ըլլայ այդ ստեղծագործ աշխատանքին արժանավայել վկայութիւն մը եւ արուեստի ամենազօր լեզուով պերճախօս եւ տպաւորիչ:
Աշխարհի պատմութիւնը վկայ, որ հայը հազարամեակներու վրայ երկարող իր կեանքի ճամբուն վրայ երբեք աւերակ չէ թողած` որպէս հետքը իր գնացքին: Հայուն ձեռքը քար քանդակող ձեռք է եւ ոչ քանդող: Հայուն ձեռքը շէնք կառուցող ձեռք է եւ ոչ կործանող: Հայուն ձեռքը գիր գրող ձեռք է եւ ոչ գիրք այրող: Հայուն ձեռքը Աստուծոյ արարչագործ ձեռքին մէկ մատն է, որ իր ուժն ու շնորհը կ՛ընծայէ Աստուծոյ ստեղծագործութեան լիացումին` ի վայելումն մարդկան:
Այդ ձեռքը գործեց Հայաստանի մէջ, գործեց Հայաստանէն դուրս, ուր որ արեւ տեսաւ այս երկնքի տակ, եւ ուր որ մարդիկ արիւնը իր մէջ չցամքեցուցին: Ուրկէ որ անցաւ Հայ Մարդը ակօս բացաւ իր ճամբուն վրայ եւ ակօսներէ ծլան կեանքի՛ հատիկներ: Այստեղ բարձրանալիք արձանը խորհրդանշական իր թելադրականութեամբը հայուն կեանքի այս ոճին պերճիմաստ վկայութիւն մըն է: Անոր պիտի նային մեր որդիները գալիք տարիներու ընթացքին եւ ստեղծագործութեան տենչին կրակովը վառ պիտի մնան իրենց աչքերը անկէ թելադրուող հոգեկան կայծէն: Ամէն անգամ երբ հայ մարդուն աչքերը անոր հանդիպին, պիտի կարդան անոր մէջ հայուն ապրելու անշիջանելի ոգին, վերածնելու հրաշազան գաղտնիքը, յաղթանակի հերոսական կամքը: Այս խորհուրդն է գաղտնիքը, յաղթանակի հերոսական կամքը: Այս խորհուրդն է գաղտնիքը մեր տեւականութեան եւ քաղաքակրթական զարգացումին: Այդ խորհուրդին որպէս նշան կը կանգնի ահա յիսնամեակի այս յուշարձանը:
Ո՞վ պիտի ուզէր անմասն մնալ անոր կառուցման աշխատանքէն: Ո՞ր հայը որդի մը չէ վերածնութեան հրաշքին: Մենք ուզեցինք, որ ժողովրդակա՛ն ըլլայ անոր կառուցման աշխատանքը: Ամէն մէկ հայ Լիբանանի մէջ ունենաեյ ի՛ր բաժինը անոր մէջ: Եւ առաջին հերթին մենք դիմեցինք հայ վերածնութեան ամէնէն մատղաշ սերունդին` հայ դպրոցականին: Գրասեղաններուն առջեւ դեռ ապրող եւ գործող ուսանողներու վերաբերումը խորապէս յուզիչ էր եւ մեծապէս խրախուսիչ… Շուրջ տասը հազար լիբանանեան ոսկիի կը հասնի գրիչէն, մատիտէն, գիրքէն, տետրակէն զեղչուած լումաներու գումարը:
Եւ հիմա կարգն է հայ մարդուն, որ պէտք է գիտնայ զեղչել գէթ օր մը իր հացէն ու շահէն, որպէսզի տայ ազգային հացին ու շահին, որուն նոյնքան պէտք ունի, որքան` իր առօրեայ հացին ու շահին: Հաց ու շահ է այս յուշարձանը մեր ազգին եւ լիբանանեան հայրենիքին համար: Ոչինչ կը կորսուի մեզմէ, իւրաքանչիւրէս, գումար մը նուիրելով: Բայց գեղեցիկ եւ ապագային համար մանաւանդ հսկայօրէն արժէքաւոր շահ մը ձեռք կը բերուի այս յուշարձանի երկարաձիգ խոյացումով, որ հայ ժողովուրդի հոգեկան խոյանքին սրտառուչ խորհրդանիշն է:
Եւ կը հաւատամ, որ ոչ մէկ ժողովուրդ աշխարհի մէջ միայն հացով կ՛ապրի: Խորհուրդով կ՛ապրին այն ազգերը, որոնք խոտէն ու ժամանակէն անդին նայիլ գիտեն ստեղծագործական իրենց թռիչքով: Մեր ժողովուրդը այս ազգերու դասին կը պատկանի:
Ահա այս գիտակցութեամբ եւ հաւատքով կը հրաւիրեմ ձեզ, ուխտի՛, խորհուրդի՛ եւ հաւատքի՛ ծնունդ հայ եղբայրներ եւ քոյրեր, բերելու ձեր բաժինը ձեր սիրտին չափով եւ լեցուն ափով կառուցման աշխատանքին: Համաժողովրդական նուիրահաւաքութիւնը բացուած է արդէն: Այդ նուիրահաւաքութեան ամէնէն գեղեցիկ պահն է այս օրը, ապրիլեան նահատակներու յիշատակի նախատօնը` ինչպէս նաեւ վաղը` յիշատակի ոգեկոչման օրը:
Գործի ժամն է: Տալու պահը: Եւ հայը գիտէ, որ տալը զրկանք չէ: Տալը հրճուանք է, երբ տուրքը ազգին է, հայ ապագային եւ լիբանանեան հայրենիքին:
Եղեռնէն ետք հայ բանաստեղծը երգեց.
«Մեռելներուս իբրեւ խաչ ես այս ծառը տնկեցի»
Մեռելներուն համար տնկուած խաչը ապրողներուն համար ծառ է, կեանքի աւիշով եւ կանաչով հարուստ:
Պէտք է ջուր տանք այդ ծառին, որպէսզի կոթողանայ, սլանայ ան այս բարձունքին, եւ մենք ու մեր զաւակները ապրինք խորհուրդին մէջ այս անմահական ծառին` ապրիլեան Եղեռնի «Յիսնամեակի յուշարձան»-ին:
ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
23 ապրիլ 1967, Անթիլիաս