Հայկական Դպրոց
Երբ 5-րդ դարու սկիզբին Մեսրոպ Մաշտոց հիմնեց հայկական դպրութիւնը, անոր ամենամեծ մտահոգութեան առարկան եղաւ հայկական դպրոցներու ստեղծումը: Եւ մեծ լուսաւորիչը ինքը Հայաստանի շարք մը վայրերուն մէջ հիմնեց հայկական դպրոցներ:
Մաշտոց լաւ գիտէր, որ հայ գիրն ու գիրքը կրնան կենդանի ըլլալ միայն հայկական դպրոցի շնորհիւ, այդ դպրոցի գոյութեամբ:
Հայ մանուկը հայկական դպրոցի մէջ պէտք էր հայերէն այբուբենը եւ մայրենի լեզուով կարդալ ու գրելը: Եւ ապա, որ ամէնէն կարեւորն է, մայրենի լեզուով գրագիտութիւն սորված երեխան է, որ կը սորվի նաեւ մտածել այդ լեզուով, այսինքն այդ երեխայի մայրենի կամ առաջին լեզուն կ՛ըլլայ հայերէնը:
Տառերու մաշտոցեան գիւտին մէկ մեծ խորհուրդը նաեւ այն էր, որ հայ երեխաներուն փրկեց օտարալեզու դպրոցներ յաճախելէն եւ այդ դպրոցներու մէջ օտարանալէն: Այդ վտանգը կար նախամաշտոցեան Հայաստանի մէջ, ուր բացուած էին յունական եւ ասորական շարք մը դպրոցներ:
Մաշտոցեան գիւտէն ետք Հայաստանի մէջ գործած են բաւական թիւով հայկական դպրոցներ եւ համալսարաններ: Ինչպէս, օրինակ, Էջմիածնի, Հաղբատի, Սանահինի, Գլաձորի, Տաթեւի, Անիի, Կարսի, Նարեկի, Բաղէշի, Դրազարկի, Հռոմկլայի եւ այլ վայրերու մէջ:
Հոգեւոր դպրոցներէն բացի` Հայաստանի մէջ եղած են նաեւ աշխարհիկ դպրոցներ: Հայկական այդ տարբեր կարգի դպրոցներուն մէջ, մայրենի լեզուէն բացի, հայերէն դասաւանդուած են իմաստասիրութիւն, գրչութեան արուեստ, մաթեմաթիկ, աստղաբաշխութիւն, երաժշտութիւն եւ ուրիշ առարկաներ:
Հայկական դպրոցը թէ՛ Միջնադարուն եւ թէ՛ նոր շրջանին մէջ, մեծատաղանդ եւ հանճարեղ շատ մարդիկ տուած է, որոնցմէ շատեր այսօր համաշխարհային հռչակ ունին: Ասիկա ցոյց կու տայ հայկական դպրոցի ուժը մեծ գիտելիքներ տալու, ինչպէս նաեւ` երեխաներու ու պատանիներու մտաւոր կարողութիւնները զարգացնելու, գործի դնելու խնդրին մէջ:
5-րդ դարէն սկսած` Հայաստանի մէջ հայ երեխաները միայն հայկական դպրոց յաճախած են եւ այդ վիճակը պահպանուած է մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբները:
Հայկական շարք մը գաղութներու մէջ նոյնպէս հայոց դպրոցներ եղած են: Թէեւ որոշ գաղութներու մէջ նման դպրոցներ գործած չեն կամ եղածները փակուած են, ինչ որ հետագային ճակատագրական եղած է այդ վայրերու հայութեան համար:
Այսօր հայկական դպրոցը մեծ դեր կը կատարէ ամբողջ աշխարհի հայութեան համար: Հայութիւնը նենգադաւ ձուլումէն պահպանող ամենավստահելի վահանն է ան: Հին ատեն, երբ հայ երեխաները բնաւ դպրոց չէին յաճախեր, անոնք կը մնային անգրագէտ, բայց ամբողջովին հայ եւ մեծ մասամբ ապահով` ձուլումէն:
Այժմ, ո՛ւր ալ ապրելու ըլլայ հայ երեխան, անպայման պէտք է դպրոց յաճախելու կամ չյաճախելու միջեւ չէ, այլ` հայկակա՞ն, թէ ոչ հայկական դպրոց յաճախելու միջեւ:
Աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ ժամանակին ծաղկած, իսկ այժմ իբրեւ յուշ մնացած հայկական բնակավայրերու պատմութիւնը վկան է այն բանին, թէ ինչպէ՛ս հայկական դպրոցի մահացումին հետ մահացած է նաեւ հայութիւնը:
Եթէ հայկական դպրոցը հայութեան պահպանողն է, այդ դպրոցը, սակայն կենդանի է իր սաներով: Որքան շատ ըլլան այդ դպրոցի աշակերտները, այնքան կենսունակ կ՛ըլլայ ան: Որքան նուազի անոր սաներուն քանակը, այնքան կը թուլնայ եւ կը կորսնցնէ իր դերը:
Ուրեմն, ամէն մէկ հայ մանուկին հայկական դպրոց չտալով` անոր ծնողները ոչ միայն այդ մանուկը կը մղեն դէպի օտարութիւն, այլ հարուած կը հասցնեն նաեւ հայկական դպրոցին ու անոր դերին:
20-րդ դարու մէջ, փոքր մանաւանդ ցրուած հայ ազգի ներկայացուցիչին համար մարդկային առաքինութիւն կը դառնայ սեփական երեխան ազգային դպրոց ուղարկելը: Իսկ հայու մը համար այդպէս վարուիլը, յաճախ, ամենագործնական հայրենասիրութեան արտայայտութիւնն է:
ՌԱՖԱՅԷԼ ԻՇԽԱՆԵԱՆ