Համազգային Յարգանք
Եղեռնի Նահատակներուն

Լիբանանահայութիւնը համազգային յարգանքով ոգեկոչեց Մեծ եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը:
Կիրակի, 23 Ապրիլ
Կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը` զուտ աշակերտական յայտագրով, կազմակերպութեամբ լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու:
Ժամը 11:00-ին Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչում` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութեանց վարիչ մարմինի: Բանախօսեց Յակոբ Ժամկոչեան:
Նախապէս, բոլոր շրջաններու պատանիները, ամէնուրեք, յատկապէս` դպրոցները եւ տուները, բաժնեցին Հայ դատի յանձնախումբի տպագրել տուած թռուցիկները, որոնց վերնագիրն էր` «Յիսուն տարի ետք հայկական հարց գոյութիւն պիտի չունենայ» Թալէաթի խօսքը:
«Յիսնամեակի Յուշարձան»-ին Հիմնարկէքը
Կէսօրէ ետք, ժամը 4:00-ին, համազգային շուքով տեղի ունեցաւ հիմնարկէքը կաթողիկոսարանի Պիքֆայայի մատուռի եւ դպրեվանքի շէնքի կողքին գտնուող ժայռի մը վերասլաց գագաթին վրայ կանգնեցուելիք «Յիսնամեակի յուշարձան»-ին` իբրեւ խորհրդանշան հայ ժողովուրդի վերածնութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն` հանդէպ լիբանանեան հայրենիքին:
Ներկայ էին` Խորէն Ա. կաթողիկոս, Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. պատրիարք եւ վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեան հոգեւոր պետերը, առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, կաթողիկէ պատրիարքարանի ընդհ. փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեան, աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. Ա. Հատիտեան, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան, մեթր Ժոզեֆ Չատեր, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ եւ համազգային հոծ բազմութիւն մը:
Յանձնախումբի կողմէ բացման խօսքը ըրաւ Պօղոս Տուզճեան: Ուղերձ կարդաց Գարեգին եպիսկոպոս:
Այնուհետեւ, երեք հոգեւոր պետերը կատարեցին հիմնարկէքի արարողութիւնը, որ վերջ գտաւ «Հայր Մեր»-ի եւ ապա «Երբ որ բացուին»-ի ժողովրդային խմբերգումով:
Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ
Լիբանանահայութիւնը, առանց բացառութեան, արձակուրդի մէջ էր: Բոլոր տեսակի գործերը դադրած էին: Իւրաքանչիւր խանութի դրան վրայ փակցուած էր տպարան: «Կ. Տօնիկեան»-ի հայերէնով, արաբերէնով եւ անգլերէնով հրատարակած յայտարարութիւնը, թէ փակ է ապրիլ 24-ի առիթով` յարգելու համար մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը:
Բոլոր եկեղեցիներու մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ, քարոզ եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ կատարուեցան:
Ամէնուրեք ժողովուրդը ներկայ գտնուեցաւ խուռներամ բազմութեամբ:
Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, հանդիսաւորապէս պատարագեց եւ քարոզեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս:
Հակառակ աննպաստ օդին` ծովածաւալ բազմութիւն մը հետեւեցաւ արարողութիւններուն, որ լսելի կը դառնար բարձրախօսներու միջոցով:
Յաւարտ Ս. պատարագի, մայր տաճարին մէջ յուզիչ արարողութեամբ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հոգեհանգիստ:
Ապա Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, աղօթքէ մը ետք, վեհափառ հայրապետը յանուն նահատակներուն, իր պատգամին մէջ սրտագին կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին, որպէսզի միասնական ճիգերով հետապնդէ իր արդար դատը:
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ – ՀԵԸ-ի Անդրանիկ-Սեւան սկաուտներն ու արենուշները, նաեւ` Լիբ. օգն. խաչի արծուիկները, առաջնորդութեամբ Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի նուագախումբին, յարգանքի յուզիչ արարողութիւն մը կատարեցին յուշարձանին առջեւ: ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի սկաուտները, ՀԵԿԴՕՄ եւ ՀՅԴ Պատ. միութիւն ծաղկեպսակներ դրին յուշարձանին մէջ: Նուագախումբը հնչեցուց Շոփենի մահերգը եւ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ը:
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:
Էշրեֆիէի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի միացեալ պաշտամունք: Պատգամ ուղղեցին վերապատուելիներ` Տ. Խրլոբեան եւ Ա. Հատիտեան:
Կէսօրէ ետք, ժամը 5:00-ին, Էշրեֆիէի Գ. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ սգատօն` նախաձեռնութեամբ կաթողիկէ երեք ժողովրդապետութիւններու:
Նախագահութեամբ հոգեւոր տիրոջ, պատարագեց եւ քարոզեց Մեսրոպ եպս. Թերզեան:
Արարողութենէն ետք Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ նուագախումբի առաջնորդութեամբ կազմուած աւանդական մեծ թափօրը ուղղուեցաւ պատրիարքարան, ուր բազմաթիւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Նահատակաց յուշարձանին վրայ: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ:
Երեկոյեան, ժամը 8:30-ին տեղի ունեցան ոգեկոչումի սգահանդէսներ: Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ բացման խօսքը ըրաւ Վարդգէս Տէր Կարապետեան: Բանախօսեցին Գարեգին եպիսկոպոս եւ Հրայր Մարուխեան: Խաչիկ Արարատեան ապրումով կարդաց Համաստեղի «Զրոյց շունի մը հետ»-էն հատուած մը եւ արտասանեց Սարմենի «Հայրենի տուն»-ը:
«Սոֆիան Յակոբեան» սրահին մէջ բանախօսեցին տոքթ. Բաբգէն Փափազեան եւ տոքթ. Յ. Գազանճեան (Յ. Գեղարդ): Արտասանեց Միսաք Ապաճեան: