Խմբագրական
Յիսնամեակի Հանգրուանէն Ետք
Ապրիլ 24-ը շատոնց դադրած էր մեզի համար սուգի եւ տխուր վերյիշումներու օր մը ըլլալէ:
Յիսնամեակը եկաւ պաշտօնականացնելու այս կեցուածքը, որ այսօր հանուր հայութեանն է այլեւս:
Յիշատակի հանդիսութիւններ` այո՛: Մեռելներու հանդէպ յարգանք` աւելի քան երբեք: Բայց այդ բոլորին հետ, այդ բոլորէն վեր, ժողովուրդի մը արդար պահանջը` նետուած աշխարհի երեսին, անտեղիտալի, անզուսպ:
Յիսնամեակը այդ հանգրուանին առջեւ դրաւ մեզ:
Ազգային այդ գիտակցութեան բերաւ զանգուածները: Մանաւանդ երբ նկատի ունենանք այն առողջ դրամագլուխը, որ ունինք մեր տրամադրութեան տակ` իբրեւ մեր պահանջին ուժ տուող անփոխարինելի ազդակ:
Կասկած չկայ, որ այսօր, մեր վերապրումի փաստին առջեւ, պարտուած է թշնամին: Պարտուած է աշխարհի երեսին հայ մը իսկ չձգելու իր դիւային ծրագրին մէջ: Պարտուած են նաեւ բոլոր անոնք, որոնք Հայաստան կ՛ուզէին առանց հայու: Մեծ Յաղթականը երէկուան մեծ Խաչեալն է, իր աճիւններէն յարութիւն առած հայութիւնը, որ դարձեալ կը դիմէ քաղաքակիրթ մարդկութեան` անժամանցելի մուրհակով մը, որուն համար այնքան սուղ վճարած է, այնքան արիւն թափած:
Պատրանքներ չունինք: Գիտենք, թէ կու տան այն, ինչ որ կրնանք առնել մեր սեփական ուժով, մեր անընկճելի կամքով, մեր հետեւողականութեամբ, մեր յամառ աշխատանքով:
Այսօր, վաղը կոթողներ պիտի բարձրանան սփիւռքի զանազան կողմերը: Կոթողներ կեանքի, հաւատքի, խորհրդանիշ` ոչ միայն մեռնիլ չուզող ժողովուրդի մը, այլ նաեւ` անոր ապագայ յոյսերուն եւ երազներուն, որոնց իրականացման համար հոգեկան ամէն պատրաստութիւն ունի:
Հայ ժողովուրդը ամէնօրեայ պայքար կը մղէ իր Դատին համար:
Ապրիլ 24-ը պարզապէս առիթ կու տայ պայքարին առաւել դրսեւորման եւ մեր արդար պահանջներուն աւելի հանդիսաւոր ձեւակերպման: Երկու տարի է այսպէս կ՛ըլլայ ու այսպէս ալ պիտի շարունակուի մինչեւ այն օրը, երբ հայութեան ձայնը վերջապէս լսուի: Լսեն անոնք, որ այս կամ այն ձեւով շահագրգռուած են մեր Դատով` իբրեւ ամբողջ շրջան մը ընդգրկող միջազգային խնդիր:
Առաջին առթիւ, մեր գործը Թուրքիոյ հետ է, որ արդի ժամանակներու իբրեւ առաջին ցեղասպանը` պէտք է միջազգային ատեանի առջեւ քաւէ այն բոլոր մեղքերուն համար, որ գործեց մեր ժողովուրդին դէմ:
Դարձեալ Թուրքիան` կեցած մեր առջեւ, նստած մեր հայրենի հողերուն վրայ, մեր դարաւոր ժառանգութեանց վրայ, անոնց տէր կանգնելու անբնական ճիգով մը, որ մինչեւ ջարդարարի վայրագութեան տարաւ զինք:
Մեր պահանջը Թուրքիայէն է, անոր կեղծ կամ անկեղծ բարեկամներէն, կեղծ կամ անկեղծ թշնամիներէն: Կը պահանջէ իրեն համար, միայն իրեն` դառնալու համար միացեալ ու անկախ այն միաւորը, որուն գոյութիւնը, իբրեւ հաւասարակշռող եւ խաղաղաւէտ ազդակ, չի կրնար նպաստաւոր չըլլալ այն երկիրներուն համար, որոնք շահագրգռուած են Մերձաւոր Արեւելքի հիւսիսային շրջաններուն ապահովութեամբ:
Իբրեւ պահանջատէր` մէկ է հայ ժողովուրդը, հակառակ իր այլազան հոսանքներուն:
Գիտէ հասցէն իր հողերուն, ինչպէս գիտէ նաեւ հասցէն հողին հետ կապուած այլ նախադրեալներու, որոնք ժողովուրդ մը կը դարձնեն անկախ եւ գերիշխան ազգ:
Այս գիտակցութեամբ կ՛ոգեկոչէ իր նահատակները:
Այս գիտակցութեամբ կը նայի մանաւանդ ապագային, լուսաւոր գալիքին:
Աղօթք Ու Կամք
Ապրիլը ահաւոր ամիս մը եղաւ մեզի համար, համատարած մահ, համատարած սուգ, համատարած յուսահատութիւն` լուսաւոր հռչակուած քսաներորդ այս դարուն սեմին, քաղաքակիրթ կոչուած ազգերու անտարբեր աչքերուն առջեւ:
Տափաստաններէն եկած խոպան հոգիով ցեղախումբերու միութեան մը վարիչները յղացան այդ ոճիրը եւ արդար ժողովուրդի մը վրայ անոնց խուժաններուն գործադրած խժդժութիւնները չվրդովեց աշխարհի խղճմտանքը:
Աշխարհը մինակ ձգեց մեզ իր երախը լայն բացած արիւնախում թուրքին առջեւ:
Զարկաւ, վիրաւորուեցանք:
Մեռցուց, ինկանք:
Տարագրեց, տարտղնուեցանք:
Այսուհանդերձ, չընկճուեցանք, չմահացանք, չբնաջնջուեցանք:
Զարկաւ, մեռցուց, տարագրեց, համատարած մահ, համատարած սուգ, համատարած յուսահատութիւն, բայց պահերու վրայ միայն, պզտիկ ժամանակի մը մէջ, մինչեւ որ մենք մեզ գտանք, գտանք ազգին կեցուցիչ ուժերը եւ անոնց ունկնդի՛րը եղանք, մինչեւ որ, սուգի փոխարէն, մեր հոգիներուն եկան ու տեղաւորուեցան հայրենական ուժերը, հնաւա՛նդ ուժերը նորէն, յուսահատութեան տեղ հին յամառութիւնը գլուխ ցցեց, կառչեցանք վերստին մեր Դատին, որմէ կը սարսափէր ոսոխը, մեր ձիրքերուն, որոնց դէմ ուղղուած էր հարուածը, հաւատքին, կորովին, կամքին, որոնք շաղախեցին մեր հաւաքական գիտակցութիւնը եւ նետեցին դարձեալ պայքարի յուսատու կրկէսը:
Հոս է, որ դերերը շրջուած ձեւով կը ներկայանան:
Մեր ցեղային առաքինութիւններուն ու ինքնութեան վերջ դնելու համար բնաջնջումի իր վերջին միջոցներուն դիմած բնաջնջող խուժանը խուճապի մէջ է այսօր: Թուրքը այնպէս չի մտածեր հիմա, ինչպէս կը մտածէր Մեծ ոճիրը գործադրած օրերուն: Բիրտ ուժին կռթնած ինքնաբաւ պետութիւնը չէ հիմա: Վերականգնած ազգին վերարծարծած Դատը պետական շրջանակներուն մէջ մտահոգութիւն առթող խնդիր է այսօր, հրապարակագիրներու նիւթ է, դիւանագէտները հոս-հոն փութացնող մղձաւանջ:
Նահատակներու կտակներուն անտեսումը պիտի շարունակէր թուրքին սկսած սեւ ծրագիրը. պապենական իրաւունքներէն մեր հրաժարումը պիտի դիւրացնէր թուրք երազին իրագործումը: Չանտեսեցինք, արծարծեցինք: Չհրաժարեցանք, պահանջեցինք: Մեր ուժերուն վրայ բա՛ն մը կը գումարուի ամէն օր, թուրքին յոխորտանքէն բա՛ն մը կը պակսի ամէն օր:
Գիտակցական այս զարթօնքին կը պարտինք ստեղծուած պայծառ իրականութիւնը: Նոյն գիտակցութիւնն է, որ ի նպաստ մեր Դատին պիտի հասունցնէ աշխարհի գիտակցութիւնը: Ազգային մեր երազին հասնելու համար տարբեր կարելիութիւններ չկան:
Խունկ ու աղօթք` մեռելներուն:
Կորով ու կամք` ապրողներուն:
XX