Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Ապրիլ 1967)

Ապրիլ 20, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լուսնի Վրայ Էջք Կատարելէ Ետք

«Սըրվէյըր 3» Նկարներ Կ՛ուղարկէ

«Սըրվէյըր 3» անջրպետանաւը մեղմօրէն իջաւ լուսնի վրայ, հինգշաբթի, Կրինիչի ժամանակով ժամը գիշերուան 12:00-ը 4 անց:

Էջքէն անմիջապէս ետք «Սըրվէյըր 3» սկսաւ նկարներ ուղարկել Երկիր: Առաջին վեց նկարները կը ներկայացնեն նոյնինքն «Սըրվէյըր»-ի մէկ մասը, ինչպէս նաեւ` եռոտանիի միջեւ գտնուող լուսնային հողը: Մասնագէտները նկատեցին, որ լուսնային տեսանելի հողը յարաբերաբար տափարակ է, մանրանկար «խառնարաններով»:

Միւս նկարները կը ներկայացնեն շրջան մը, որ ապագայ աստղանաւորդներու էջքի գետին կրնայ ըլլալ, սակայն արեւի ցոլացումը չի թոյլատրեր յստակ տեսնել:

Լուսին վրայ էջքէն մէկուկէս ժամ ետք նկարչական մեքենան հեռավար դրութեամբ կանգնեցուցին, որպէսզի Փասատենայի մէջ մասնագէտները փորձեն ուղղել նկարներու անբնականութիւնը:

«Սըրվէյըր»-ի վերջին նկարները առաջիններէն շատ աւելի յստակ են:

Առաջին նկարները ստանալէ քանի մը ժամ ետք ՆԱԶԱ-ն կը յայտնէր, թէ այդ նկարները կը թոյլատրէին մտածել, թէ անջրպետանաւը ոչ շատ խորունկ խառնարանի մը մէջ իջած է:

 

Մայրերու Օրը

Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր
Տիկնանց Միութեան
Քառասնամեակի Յոբելենական Հանդէսը

Բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, կիրակի, 16 ապրիլ 1967, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, ամերիկեան համալսարանի «Չեփըլ»-ին մէջ շքեղ հանդիսութեամբ տօնակատարուեցաւ Մայրերու օրը եւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան 40-ամեայ յոբելենական հանդէսը:

Պետիկ Քարթունեան մեներգեց «Մայրական սէր»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Անահիտ Ստեփանեանի:

Բացման խօսքը ըրաւ Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Էօժենի Հ. Պալեան: Անդրադառնալով Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան հիմնադրութեան եւ 40-ամեայ գործունէութեան` ի միջի այլոց ըսաւ. «Աւելի պատշաճ պիտի ըլլար լիբանանահայ առաջին կանացի այս կազմակերպութիւնը կոչել Եկեղեցաշէն տիկնանց միութիւն, որուն բոլոր վարչութիւններն ալ աշխատեցան եկեղեցւոյ վերաշինութեան համար. նաեւ ջանացին վառ պահել քրիստոնէական հաւատքը հայ ընտանիքներուն մէջ»:

Անդրադառնալով Մայրերու օրուան` Էօ. Պալեան յայտնեց, թէ պահն է այս մեր սէրն ու յարգանքը յայտնելու մայրերուն եւ մայրութեան: Մայրապաշտ ժողովուրդ մը եղած է հայ ժողովուրդը, իսկ հայ մայրը արիութեան կենդանի օրինակը ցուցնող էակ մըն է: Հոգիի եւ սրտի գեղեցկութիւններուն մարմնացումը:

Մայրերու օրը առիթ մըն է մեզի` անդրադառնալու եւ իրատեսօրէն նայելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է պահել աւանդ եղող մեր արժանիքները եւ փոխանցել նորեկ սերունդներուն: Դժուար է մանաւանդ ներկայ դարուս մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք ունինք իրա՛ւ մայրերու, որոնք գիտնան քալել ժամանակի հետ, գիտնան անաղարտ պահել այդ աւանդը եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:

Մայրերու օրը առիթ մըն է, որ հայ մայրերը կարեւորութիւն տան իրենց վերապահուած դերերուն, անդրադառնան իրենց վիճակուած պարտականութեան եւ ըլլան տիկնայք քաջակորով հայոց սփիւռքի: Յարգա՛նք բոլոր արժանաւոր հայ մայրերուն:

Հայրապետ Շահոյեան արտասանեց «Խօսք իմ որդուն»-ը:

Մարօ Փարթամեան (քոռ) եւ Նայիրի Տեմիրճեան (դաշնակ) նուագեցին «Աւէ Մարիա»-ն եւ «Ծիրանի ծառ»-ը:

Վեհանոյշ Թէքեան արտասանեց «Մօր ձեռքերը»:

Շուշան Մոլոյեան արտասանեց «Պանդուխտ որդին»:

Բանախօսեց Տաթեւ եպս. Սարգիսեան:

Սոնա Ղազարեան մեներգեց «Քուն եղիր, բալաս»-ը եւ «Գանձեր ունեմ»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Պօղոս Ճելալեանի:

Դաւիթ Վարժապետեան մեներգեց «Ա՛յ վարդ, լսիր»-ը եւ «Իմ հայրենի սրբազան երկիր»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկին Արզումանեանի:

Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութեան խօսքին մէջ ի միջի այլոց ըսաւ, թէ Մայրերու օրը առիթ մըն է, որ մայրերը անդրադառնան իրենց մայրական պարտականութեան եւ կոչումին:

Ս. Նշանի Եկեղ. տիկնանց միութիւնը 40 տարիներու ընթացքին ազգապահպանման բերած է իր աշխատանքին գեղեցիկ բաժինը: Ձուլման, այլասերման մեծ չարիք մը կը սպառնայ մեզի: Մեր հազարագանձ մշակոյթը եւ եկեղեցական ազգային բոլոր արժէքները պէտք է թումբ կանգնին սպառնալիքներուն դէմ: Երբ տեսնենք վերահաս վտանգը, մեզմէ իւրաքանչիւրը, իր կարողութեան ներած չափով, պէտք է դիմադրէ, ինքզինք նկատէ զինուոր մը հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան համար:

Այնուհետեւ, վեհափառ հայրապետը օրհնեց Եկեղեց. տիկնանց միութեան յաւէտ բաժնուած բոլոր հիմնադիրներուն եւ անդամուհիներուն անթառամ յիշատակը: Օրհնեց նաեւ միութեան վարչականները, անդամներն ու համակիրները:

Ապա Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին եւ ծխականներուն կողմէ շքանշանով պարգեւատրեց Էօժենի Հ. Պալեանը` յայտնելով, որ այս պարգեւատրումով պարգեւատրած կ՛ըլլայ նաեւ միութեան բոլոր վարչականներն ու անդամները:

Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան վարչութիւնը, իր կարգին, գեղեցիկ ծաղկեկողովներ նուիրեց վեհափառ հօր եւ Թաղական խորհուրդին:

Հանդէսը վերջ գտաւ Էօժենի Հ. Պալեանի շնորհակալութեան խօսքով եւ «Հայր Մեր»-ի յոտնկայս խմբերգումով:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կոմիտաս Վարդապետի Կեանքը Պատմող Իրեր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?