Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Ապրիլ 1967)

Ապրիլ 4, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նշմար

Խօսք` Ընդդէմ Տարագրութեան

Այսօր ամէն մարդ գիտէ, որ Ստալինի աղջիկը կը գտնուի խորհրդային սահմաններէն դուրս: Ամէն մարդ գիտէ նոյնպէս, որ այս պարագային դուրսը ներսին չափ խորհրդային դարձաւ ու առեղծուածային: Միջազգային մամուլի սիւնակներուն մէջ խնդիրը մութ է տակաւին ու հետաքրքիրներուն հարցումները կը մնան անփոփոխ:

– Քաղաքական տարագիրի պիտակով ազատ աշխարհի մը ազատութի՞ւնը պիտի ընտրէ Ստալինի աղջիկը, թէ՞ ի վերջոյ պիտի վերադառնայ հայրենիք ու ամէնուն պէս հոն պիտի շարունակէ տարագիրի իր հին կեանքը:

Պատասխանը շատ յստակ չէ: Յստակը այն է, որ ժամանակակից մարդը երկու տեսակ տարագիր կը ճանչնայ այսօր: Քաղաքական տարագիրն է մէկը, քաղաքացի տարագիրն է միւսը: Առաջինը հին է ու պատահական երեւոյթ մըն է, մեծ ցնցումներու պատճառով մատի վրայ համրուող մարդոց ժամանակաւոր վիճակը: Ահաւորը միւսն է, երկրո՛րդը, քաղաքացի տարագիրին ներկայացուցած հոգեվիճակը: Քաղաքացի տարագիրները մատի վրայ չեն համրուիր, մեր օրերու մարդուն զանգուածօրէն ներկայացան անոնք, հայրենիք առ հայրենիք, երբեմն ամբողջ հողամասով մը: Ու այդ դաժան  կարգը համայնավարութեան հետ ծնունդ առաւ եւ մթնոլորտ դարձաւ անբնականոն ծնունդի մը բոլոր նշանները ցոյց տուած Ստալինի սանձարձակ սատիզմով:

Մարդերը իրենց սեփական հայրենիքներուն մէջ տարագիրի վերածող բռնակալին աղջիկը` հիմա, իր հերթին, յոգնած իր երկրին մէջ քաղաքացի տարագիր ըլլալու սպաննող ստիպումներէն, կը նախընտրէ քաղաքական տարագիր ըլլալ ու ապրիլ կեանքի մնացեալ օրերը ազատ աշխարհի ազատ մէկ երկնքին տակ:

Ստալինի աղջիկը քաղաքական տարագի՜ր: Կը նշանակէ, թէ համայնավար դրախտին մէջ հօրը ստեղծած ոչ դրախտային աւանդութիւնները կը շարունակուին: Կը նշանակէ, որ մարդիկ իրենց հայրենիքներուն մէջ տակաւին կը շարունակեն իբրեւ տարագիր ապրիլ: Լաւատեսները լաւ չե՛ն տեսներ` կը նշանակէ, յոռետեսները ճիշդ են դժբախտաբար:

Մեր հայրենիքը համայնավար շրջագծէն ներս կը գտնուի: Մեր արիւնակիցները նոյն դրութեան մէջ կը գտնուին: Այդ սիստեմին դէմ է մեր կռիւը: Եթէ այդ սիստեմին դէմ չկռուինք` քաղաքացի տարագիրին կեանքը աւելի անտանելի կ՛ըլլայ, քաղաքական տարագիր ըլլալու բաղձանքը աւելի կը զօրանայ, հարուածը աւելի մեծ կ՛ըլլայ: Մենք կուշտ ենք այդ բառէն: Մենք դէմ ենք բոլոր ձեւի տարագրութիւններուն: Հայրենիքին մէջ կ՛ուզենք ապրիլ եւ հայրենիքին մէջ իբրեւ մա՛րդ կ՛ուզենք ապրիլ: Ա՛յս է:

XX

 

Թատերական Կեանք

«Պէպօ»

Հովանաւորութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայց. եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու օժանդակ միութեան (Հ.Ե.Կ.Դ.Օ.Մ.) թատերախումբը կիրակի 26,  երկուշաբթի 27 եւ երեքշաբթի 28 մարտին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ ներկայացուց Գաբրիէլ Սունդուկեանի անմահ գործը` «Պէպօ»-ն (երեք արար):

Թիֆլիսահայ կեանքէն առնուած «Պէպօ»-ն նորութիւն չէր: Լիբանանահայութիւնը տեսած էր շարժանկարի առնուած «Պէպօ»-ն եւ սիրած: Սիրած ու երգած էր մանաւանդ «Պէպօ»-ի երգը: Այս իսկ պատճառով, թատերասէր հասարակութիւնը ծայրէ ծայր լեցուցած էր սրահը, անգամ մը եւս վայելելու համար ժողովրդական «Պէպօ»-ն:

Արդարեւ, ներկաները դժգոհ չմնացին. ծափահարեցին դերակատարներուն եւ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն:

Որեւէ բեմադրութիւն, անկասկած, իր գլխաւոր ու երկրորդական դերերու ներդաշնակ ու խմբական խաղարկութեամբ կը գնահատուի: Այս տեսանկիւնէն դիտած, արուեստի անթերի բեմադրութիւն մը չէր մեր տեսածը: Չէր կրնար ըլլալ: «Պէպօ»-ի դերակատարները հաւասարարժէք ուժեր չէին: Պուլկարիոյ թատրոնի եւ օփերէթի վաստակաւոր դերասաններ Շաւարշ եւ Սեդա Մանուկեան արուեստագէտ ամոլին եւ ծանօթ սիրող Թաթուլ Այնէճեանի կողքին, բոլորովին անծանօթ եւ սկսնակ սիրողներ չէին կրնար նիւթին ըմբռնողութեամբ արուեստի բեմադրութիւն մը ներկայացնել: Կատակերգութիւնը աւելի շեշտուեցաւ, քան ողբերգութիւնը: Մինչդեռ պէտք էր հակառակը տեղի ունենար:

Թատերախումբի երիտասարդ սիրողներ Պերճուհի Շիրանեան (Շուշան), Քնարիկ Ճինպաշեան (Կէկէլ), Պետրոս Պասմաճեան (Գիգօ), Յովհաննէս Գաթարոյեան (Կակուլի) եւ Ռոստոմ Չայլեան (Սամսոն) տուին իրենց առաւելագոյնը: Բեմադրիչ եւ դերուսոյց Շաւարշ Մանուկեան անվերապահ գնահատանքի արժանի է վերոյիշեալ սիրողներով «Պէպօ»-ի գոհացուցիչ բեմագրութեան համար:

Ուշագրաւ խաղարկութիւն ունեցաւ արուեստագէտ ամոլին զաւակը, Պետօ Մանուկեան, Կիկօլի դերով:

Թաթուլ Այնէճեան Պէպոյի դերով յաջողեցաւ ստեղծել թատերախաղի պահանջած ողբերգական մթնոլորտը: Իբրեւ սիրող առաւել նուաճում մը արձանագրած պիտի ըլլար, եթէ ապրում եւ աւելի բնական խաղարկութիւն մը ցուցադրէր մուրհակին գտնուիլը լսած պահուն:

Արուեստագիտուհի Սեդա Մանուկեան, շնորհալի դերասանուհի, լաւապէս ըմբռնած իր դերը, յաջող խաղարկութիւն մը ունեցաւ Եփիմայի հարուստ ու շփացած կնոջ դերով:

Շաւարշ Մանուկեան, փորձառու դերասանի ըմբռնումով, լաւապէս մարմնաւորեց վաշխառու ու կեղեքիչ Արութին Զիմզիմովի տիպարը:

Յատուկ գնահատանքի արժանի է լիբանանեան պատկերասփիւռի ծանօթ ձեւաւորող Յակոբ Ասլանեան, որուն ճաշակաւոր ու գեղեցիկ յարդարուներուն յաճախ հանդիպած է հայ հանդիսատեսը, մշակութային զանազան ձեռնարկներու ատեն: «Պէպօ»-ի բեմադրութեան մէջ եւս Յակոբ Ասլանեան բերած էր իր փայլուն օժանդակութիւնը:

Գնահատանքի արժանի է նաեւ Հ.Ե.Կ.Դ.Օ.Մ.ի թատերախումբը «Պէպօ»-ի բեմադրութեան համար: Այս առիթով յայտնենք, որ Հ.Ե.Կ.Դ.Օ.Մ.ը,  հիմնուած 1950-ին, լրացուցիչ մէկ մասն է հայց. եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու կազմակերպութեան: Միութեան անդամները, եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուած երկսեռ երիտասարդներ, առանց բացառութեան, գնահատելի աշխատանք կը տանին, իրենց միակ հանգիստի օրը, կիրակին տրամադրելով միութեան նպատակին:

Արդարեւ, շնորհիւ այս երկսեռ երիտասարդներու անձնուիրութեան, կանգուն կը պահուին Կիրակնօրեայ դպրոցները, ուր չափահաս պատանիներուն կը ներշնչուի քրիստոնէական կեանքի գաղափարականը եւ վառ կը պահուի գիտակցութիւնը մեր տոհմային, կրօնական եւ կրթական ժառանգութեան:

Ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջելով, շաբաթ 8 եւ կիրակի 9 ապրիլին` երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Պուրճ Համուտի «Թէքէեան» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ պիտի կրկնուի «Պէպօ»-ն:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ուսուցչաց Տօնը Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?