Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Օգոստոս 1967)

August 11, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

 Արդարութեան Զինուորեալը

Մեր մեծ վէրքին ու հարցերու հարցին առնչութեամբ, հայ իրականութիւնը, այս օրերուն, ու «Ազդակ»-ի միջոցով, ճանչցաւ նոր ու մեծարժէք բարեկամ մը` մեթր Մուսա Փրենս:

Ամիս մը առաջ Փարիզի մէջ կայացած Ցեղասպանութիւնը կանխարգիլող համագումարին ներկայացաւ տաղանդաւոր այս լիբանանցին եւ հայասպաններուն դէմ հայութեան դատը պաշտպանեց այնպիսի՛ ձեռնհասութեամբ, որ յարգանք կը պարտադրէ ամէն ազնիւ մարդու:

Անգամ մը եւս պատկերացուցէք իր կենսագրականը եւ ըստ ամենայնի հասկնալի կ՛ըլլայ իր արտայայտած մտքերուն որակը:

Մտքի բացառիկ ընդունակութիւններով օժտուած բացառիկ երիտասարդ մըն է մեթր Մուսա Փրենս, մեծահամբաւ իրաւաբան, անդամ` հարիւրէ աւելի ակադեմիաներու, բազմաթիւ համալսարաններէ ճանչցուած ու անոնցմէ պատուոյ փրոֆեսէօրի տիտղոսին արժանացած անձ, ի յայտ բերած ուրիշ արժանիքներու եւ մատուցած ծառայութիւններու համար շքանշանակիր տակաւին, գրական գործերու հեղինակ տակաւին:

Մտքի այս ընդունակութիւնները, ի հարկէ` շատ մեծ նշանակութիւն պիտի չունենային, եթէ ենթական չկենսագործէր զանոնք` յօգուտ մարդկութեան: Մուսա Փրենսին համար վկայականը վկայականին համար չէ, տիտղոսը տիտղոսին համար չէ, շքանշանը շքանշանին համար չէ, նպատակ չեն ատոնք, տրուած են իրեն նպատակին ճամբուն վրայ` ուրիշներուն ծառայելու տենչին, փաստի՛ն համար:

Մտքի ընդունակութիւններուն հետ նոյնքան զօրաւոր սիրտ մը կը կրէ Մուսա Փրենս, սիրտը ծնունդ տուած է իր մէջ մարդկային արժէքներու հանդէպ ուժեղ հաւատքի մը, հաւատքը` արդարութեան ըմբռնումին, որ անշահախնդիր դատեր ստանձնելու մարդկայնական խռովիչ ապրում մը հրահրեց ներսը ու շուրջը ծաւալեց համարեա՛ համաշխարհային համակրանք մը:

Այս բոլորին վրայ պիտի ուզէինք աւելցնել պարզ ճշմարտութիւն մը, այն, որ աշխարհի մէջ շատ դիւրին չէ նուաճել արդարութեան ձայնը լսելի դարձնելու փառք մը: Կեանքին արժէք մը տուող օժտուածներն են, որ կը հասնին այդ բարձունքին անո՛նք, որոնք վսեմ երազներու նուիրած են իրենց ուժերը եւ ունին հաւատքով, կիրքով, եռանդով նուիրագործուած վարակիչ համոզում մը:

Այլասիրութիւնն ու խղճմտանքը, արդարադատութիւնն ու յոյսը ներկայացնող աշխարհի անուանի դէմքերէն մէկն է այսօր Մուսա Փրենս եւ Մուսա Փրենս հայութեան բարեկամն է…

XX

 

Թող Ծածանի Հայ Դատի Դրօշը

Հայուն մարդկային եւ ազգային ամէնէն ուժեղ եւ տոկուն երակը իր հաւատքն է: Հայոց երեքհազարամեայ պատմութիւնը եւ գոյատեւումը ատոր պերճախօս փաստն է:

Նոր սերունդին մէկ մասը տոգորուեր է իմացականութեան դիւրամատչելի ազատութեան, ժողովրդապետութեան եւ ազգային անկախութեան գաղափարներով: Մինչեւ այսօր ան ոգեւորուած է այդ ըմբռնումով, իբրեւ տեսական իրողութիւններ, համոզկեր եւ համամարդկային առաջադրանքներ: Սակայն Հայ դատը տեսական հարց չէ, այլ` գործնական խնդիր մը: Հետեւաբար Հայ դատի մասին իր հաւատքը պէտք է հաստատուած ըլլայ իմացական, տրամաբանական եւ փորձառական տուեալներու վրայ: Այսինքն հաւատքը պէտք է ըլլայ բանաւոր, ներգործուն եւ յարաճուն, այլապէս կ՛ըլլայ կրաւորական կամ կոյր, որ շուտով դժուարութիւններու առջեւ կը կքի ու կը փխրի:

Հաւատաւոր է Հայաստանի հայ չարքաշ ժողովուրդը, որ աննպաստ պայմաններու տակ իսկ հայութեան լուսաշող գալիքը կը կերտէ: Աշխարհային ո՞ր ուժը կրնայ սարսրել անոր անյողդողդ հաւատքը: Ո՛չ ամենահզօր բռնատիրութիւնը, ո՛չ միջազգային քաղաքական բարդութիւնները եւ ո՛չ ալ կորիզային ուժը: Չեն կրնար, որովհետեւ անոր հաւատքը կառուցուած է անձնական անկախ դատողութեան եւ պատմութեան բարձրագոռ պատուիրաններու վրայ:

Հայ դատի յաղթանակի հանդէպ մենք անդրդուելի հաւատք ունինք, եւ հաւատք ունինք մարդկութեան վրայ: Անհատի հաւատքը անձնական ապրում ըլլալով հանդերձ, հաւատք է նաեւ ուրիշներու հանդէպ, մարդ մարդու հանդէպ: Կենսականը այն է, որ մենք համոզուած ըլլանք մեր Դատի արդարութեան: Իսկ արդարութիւնը եւ օրինաւոր իրաւունքը ի վերջոյ իրենց իրագործումը պիտի գտնեն: Մարդկութեան հոլովոյթը այդ շիտակ ճամբով է, որ կը հոսի: Եւ չի կրնար անիրաւութիւնը յաւերժանալ, որովհետեւ այդ կ՛ըլլայ գերեզմանը մարդկութեան: Անիրաւութիւնը իրեն հետ անիրաւութիւններու բազմութիւն մը կը ծնի, որ ահեղ դատաստանի կը տանի աշխարհը:

Կ՛ըսենք եւ կը կրնենք, որ միջազգային քաղաքական իրադրութիւնը յաջողութեան յոյս չի ներշնչեր: Ինչո՞ւ մեր դատողութեան ծիրը սահմանափակել ներկայով: Ներկան յարափոփոխ է. ապագան խմոր մըն է, որ պատմութեան թելադրանքով ձեւ կը ստանայ: Պատմութիւնը կը պատգամէ, որ քսաներորդ դարը ազգերու ազատագրութեան ժամանակաշրջանն է: Ինչո՞ւ չբաղդատել ներկան մօտաւոր անցեալին հետ: Ի՞նչ վիթխարի անակնկալներ տեղի ունեցան: Միայն Չինաստանի ջրածնային ռումբը բաւական է, որ միջազգային քաղաքական իրավիճակը նոր եւ անսպասելի հեռանկարներ պարզէ:

Երբեւէ պատմութիւնը այսքան սրընթաց եւ հիմնական շրջափոխութեան ենթարկուած չէ: Դեռ ի՜նչ հեռանկարներ վերապահուած են մարդկութեան: Աշխատանքի լծուելու համար պէտք չէ բարենպաստ պայմաններուն սպասել: Լարենք մեր ճիգերը անդադար, իբր թէ վաղն իսկ բարեբաստիկ արշալոյս է:

Մեր միտքը երբեք պէտք չէ չարչարենք, թէ ե՛րբ կը հասնի ճակատագրական օրը: «Երբ»-ը պիտի դադրի մտահոգութիւն դառնալէ, մեր տքնանքին միջամտելէ, Հայ դատը միայն ներկայ սերունդին չի պատկանիր, այլ` գալիք ամբողջական հայութեան:

Հայ դատի ճակատագիրը մեզմէ կախուած է: Պատրաստ ըլլանք, որ երբ կանչուինք, կարենանք վստահութեամբ բացագանչել` ներկա՛յ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայկական Նորարարութեան Երախայրիք Մը` «Վոլթըրմեն Սմարթ Ուոլէթ». «Վոլթըրմեն»-ի Թիրախը. «Տիեզերքը` Ափի Մէջ»

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.