Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Օգոստոս 1967)

Օգոստոս 9, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շրջանաւարտի Քննութիւն

Դպրոցական տարեմուտին, երկրորդական վարժարան ընդունուելու թեկնածու նախակրթարանի շրջանաւարտներ իրենց մուտքի քննութիւնները կ՛անցընէին: Եւ անկէ իմ յիշողութեանս պաստառին արձանագրուած կը մնան` գրաւոր ու բերանացի հարցումներուն տրուած պատասխաններէն մէկ քանի զուարճալի պատկերներ:

Մարդակազմութիւն

Հարցում.- Որո՞նք են գործարանաւոր մարմիններու մասերը:

Պատասխան մը.- Մարդու գլխաւոր գործարաններն են` թոքը եւ ստամոքսը:

Անշուշտ, անոնցմէ կարեւոր ի՞նչ կայ մարդու մէջ:

Կայ ուրիշի մը պատասխանը.- Գործարանաւոր մարմինները երկու գլխաւոր մաս ունին. արու եւ էգ:

Հարցում.– Քանի՞ տեսակ ակռայ կայ:

Պատասխան.- Երեք տեսակ. կաթի ակռայ, զօրաւոր ակռայ, եւ… տախմա ակռայ…

Այս ուշիմ տղան դիտած է, որ կան` իր մանկիկ եղբօր կաթի ակռան, իր հօրը անփշրելի ակռան եւ մեծ հօրը «տախմա՜» ակռան…

Հայերէն Լեզու

Բացած է ու կը կարդայ Ռ. Զարդարեանի «Այծեամն ու որսորդը»: Կը կարդայ բարձր ու միօրինակ ձայնով, աճապարանքով, ստորակէտներուն ու բութերուն վրայէն ցատկռտելով, պիտի ըսէինք` որսորդէն հալածուած այծեամին պէս ինքն ալ կը վազէ գրուածքին մէջէն, ոտքերը բառերուն զարնելով ու ձախ-աջ տապալելով: Ու երբ կը տեսնենք, որ չի կրնար տալ նշանակութիւնն ալ սա բառերուն – «խռոված», «մռայլ», «մացառ» – դիւրին փորձ մը եւս տալու համար, կը բանանք Յ. Պարոնեանի «Խաչատուր Միսաքեան» գրուածքը: Կը հարցնենք բառերու նշանակութիւնը հոս ալ: Միայն մէ՛կ բառին իմաստին լաւ թափանցած է:

– Ի՞նչ կը նշանակէ «երեսփոխան»:

– Երեսը-փոխող…

Ցոյց կու տանք իր ձեռքի դասադիրքը.

– Ա՞յս էր ձեր դասագիրքը դպրոցին մէջ:

– Այո՛, այս էր. լրացուցինք զայն:

– Լա՛ւ. ո՞վ պատրաստած է այդ դասագիրքը:

– Ս. Մեսրոպ, կ՛ըսէ անվարան:

– Ո՞վ. Ս. Մեսրո՞պ… Այս բոլոր էջերը Ս. Մեսրոպ ի՞նք գրած է ու դասագիրք շինած…

– Ո՛չ, Ս. Սահակին հետ:

– Ի՞նչ. Ս. Սահակի՞ն հետ… Ա՞յս գիրքը… Ե՞րբ ապրած են Ս. Մեսրոպ եւ Ս. Սահակ…

– Քսաներորդ դարուն, կ՛ըլլայ վճռական պատասխանը:

Է՜հ, հասկցուեցաւ. ճիշդ է, հայերէնի բոլոր ուսուցիչները Ս. Մեսրոպ ու Ս. Սահակ են:

Ս. Գրոց Պատմութիւն

– Ս. Գրոց պատմութենէն ի՞նչ ուսած էք:

– Ամէնքը. շաբաթը մէկ պահ առած ենք:

– Լա՛ւ. Դաւիթ թագաւորի մասին ի՞նչ գիտես:

Լռութիւն…

– Սողոմո՞նը… Նոյ Նահապե՞տը…

– Չե՜մ տեսած…

– Պօղոս Առաքեա՞լը…

– Մենք Յիսուսի՛ կենսագրութիւնը առած ենք, կը ճդշէ ան:

– Յիսուսի «կենսագրութի՞ւնը». լա՛ւ. Յիսուս քանի՞ տարեկան էր երբ մկրտուեցաւ:

Տասներկու տարեկան, կ՛ըսէ համարձակ:

– Ի՞նչ կ՛ըսես. ճի՞շդ է ըսածդ:

– Ո՛չ. Յիսուս ութ օրուան մանուկ էր երբ մկրտուեցաւ, կ՛ըլլայ վերջնական պատասխանը շրջանաւարտ տղուն:

Աշխարհագրութիւն

– Երկրին կլոր ըլլալը ինչէ՞ն գիտէք:

– Նարինջի՛ նման ըլլալէն…

– Արե՞ւը մեծ է թէ լուսինը…

– Լուսի՛նը… մեծ է, բայց կրնայ պզտիկնալ ալ…

– Բայց դուն այս բաները ուրկէ՞ սորվեցար:

– Ես ինձմէ սորվեցայ, կ՛ըսէ հպարտ հեղինակութեամբ:

Թուաբանութիւն

– Քիլոմեթրը ո՞րչափ երկար է:

Կը նայի, կը նայի, ու երկու թեւերը կը բանայ – սա՛-չափ…

– Այսինքն, քու հասակդ քանի՞ քիլոմեթր կու գայ:

Կը հաշուէ, կը հաշուէ, ու կը պատասխանէ.- մէկ ու կէս քիլոմեթր…

– Շո՛ւտ, – կ՛ըսեմ ես, – հիմա դո՛ւրս ել եւ դպրոցի պատին մէկ ծայրէն մինչեւ փողոցին միւս ծայրը մեծ-մեծ քայլերով վազէ ու ետ եկուր, համրելով թէ քանի՛ քայլ վազեցիր…

Ըմբիշի մը պէս կ՛ելլէ իր վազքին, մինչ մենք կը շարունակենք ուրիշ թեկնածուի մը քննութիւնը: Ու երբ կը վերադառնայ` հեւատ ու շնչասպառ, կը հարցնենք.

– Քանի՞ քայլ վազեցիր:

– Հի՛նգ հարիւր, կ՛ըսէ յաղթական:

– Լա՛ւ, կը յարեմ ես. քու վազած ճամբուդ երկարութիւնը հազիւ կէս քիլոմեթր կ՛ընէ ահա. ուրեմն նոյնքան եւս պէտք է վազես` մէկ քիլոմեթր երկարութիւն չափելու համար. հասկցա՞ր…

– Հասկցայ. տուն երթալուս` մեր փողոցին վրայ կը վազեմ, կ՛ըսէ ան:

Երանելի՜ շրջանաւարտութիւն:

Շատ Բան Գիտցողը

Համալսարանական երիտասարդ մը սա խոստովանութիւնը ըսաւ ինծի.

– Երբ ես երկրորդական վարժարան աւարտեցի, հօրս հետ վիճաբանութեանց պահուն` կը զարմանայի, թէ հայրս ինչքան քի՜չ բան գիտէր քան իմ սորվածներս… Բայց երբ քոլեճս աւարտեցի ու տուն վերադարձայ, քանի մը տարի ետք, զարմանքով նկատեցի, թէ հայրս ի՛նչքան աւելի բան կը հասկնար քան իմ դատածներս… Ես գիտնական դարձեր էի, բայց ինք մնացեր էր իմաստուն:

Փլանով Յառաջդիմութիւն

Երեք-չորս տարիէ ի վեր, մեր գիւղաւանին մէջ ալ հեռաձայնային օթոմաթիկ գիծերու հաստատումի «փլանները» վաւերացուած էին, եւ ընկերութիւնը աշխատանքները սկսած, բայց գործը կը դանդաղէր ու կը ձգձգուէր:

Իսկ մենք յոյսով կը սփոփուէինք տակաւին, թէ օրը պիտի գայ շուտով, երբ մե՛նք ալ, ճիշդ քաղաքի դրութեան պէս, պիտի երջանկանայինք` հեռաձայնի թիւերու-սկաւառակը մեր մատներով դարձնելով` ուղղակի ստանալու մեր ուզած թիւը եւ խօսելու մեր ուզած չափով:

Մինչ այդ սակայն, կապուած կը մնայինք հեռաձայնի գիւղական Սանդրալի պաշտօնեային գութին: Կ՛աղաչենք, կը պաղատինք.

– Օրիորդ, խնդրեմ, ինծի սա՛ թիւը տուէք:

– Քիչ մը ե՛տք, կ՛ըլլայ կտրուկ պատասխանը: Եւ չը՛ք` կը գոցուի ընկալուչը:

Կամ`

– Օրիորդ, բարի եղէք, ինծի «քաղաքի գիծը» կապեցէք:

– Սպասէ՛ վայրկեան մը, կը յուսադրէ մեզ իր ձայնը:

– Օրիորդ խնդրեմ, կարեւոր է, բժիշկի համար է…

– Սպասէ՛ ըսի, չէ՞:

Եւ ընկալուչը ձեռքերնիս` կը սպասենք ու կը խեղդենք մեր ջղայնութիւնը, համբերելով որ գայ մեր «կարգը»: Գիծին վրայ կը լսենք գործակատար օրիորդին խնդուքն ու կատակը քովի պաշտօնեային հետ կամ խօսակցութիւնը այցելու պարոնի մը հետ, բայց մեզի պատասխանելու ժամանակ չունի: Քանի մը անգամ կը դնենք կը վերցնենք ընկալուչը, վերջապէս կը հնչէ հարցումը.

– Ի՞նչ կ՛ուզէք:

– Օրիորդ, խնդրեր էի, որ քաղաքի գիծը հաճէիք տալ… Կամ` – ուզեր էի թիւ այսինչը…

– Քաղաքի գիծը զբաղուած է… Կամ` – Քաղաքի գիծը աւրուած է… Կամ` – Ձեր ուզած թիւը չի՜ պատասխաներ…

Ու երբեմն ալ, երբ բախտը շնորհէր, որ «Գիծը» ստանայինք, դեռ հազիւ մեր խօսակցութիւնը սկսած` քը՛թ` կը կտրուի հաղորդակցութիւնը` նախադասութեան բառերը կէս մնացած մեր բերնին մէջ… Կամ` այնքան յոգնութիւններով հաղորդակցութեան կապուելէն ետք` գիծին միւս ծայրին բացուող ընկալուչէն կը լսենք մեզի օտար մայն մը, որ կ՛ըսէ.- Բայց, կը թուի` սխա՜լ թիւ տրուած է ձեզի…

Այսպէս էր մեր բախտը:

Տարիէ մը աւելի կ՛ընէ, մեր տան հեռաձայնի եռամսեայ հաշիւը վճարելու առթիւ, հարցուցի մեր շրջանի տնօրէն բարեկամիս.

– «Սանդրալի» այս հին սիստեմը շատ կը յոգնեցնէ մեզ, ու շարունակ գանգատ ալ կը լսենք քաղաքի մեր ազգականներէն ու բարեկամներէն` թէ երբեմն ժամերով կը փորձեն կամ օրուան մէջ մէկ քանի անգամ, ու չեն յաջողիր ստանալ մեր հեռաձայնի գիծը: Ե՞րբ իրապէս պիտի լրանայ «Օթոմաթիկ դրութեան» հաստատումի մեր այս սքանչելի փլանը:

– Վե՛ց ամիսէն կը լրանայ, պատասխանեց ան` վճռական:

Ու ես վրայ բերի.

– Է՜հ, բաւական յառաջդիմութիւն կատարած էք, որովհետեւ երբ անցեալ տարի այս ատեն հարցուցի` պատասխանեցիք. «Երե՛ք ամիսէն կը լրանայ»:

Ու հիմա պիտի աւելցնեմ` բարեկամիս բարի յիշատակին տխրութեամբ, թէ խեղճը ինքն ալ չապրեցաւ այնքան երկար, որ տեսնէր վերջապէս մե՛ր ալ գիւղաւանի հեռաձայնի սիստեմին օթոմաթիկի վերածումը:

ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Անմար Կանթեղը Լուսոյ» (Հեղինակ` Պայծիկ Արապեան-Գալայճեան)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?