Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Յուլիս 1967)

July 24, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ի՞Նչ Է Օրէնքը

Քաղաքական իրադարձութիւններու եւ Հայ դատի կապակցութեամբ, հայ մամուլի մէջ յաճախ կը հանդիպինք ակնարկութեան` միջազգային օրէնքի մասին: Մեզմէ շատ քիչերն են, որ ճշգրիտ եւ ջինջ իմացութիւն ունին միջազգային օրէնքի բնոյթին եւ էութեան մասին:

Օրէնքը պետութեան կողմէ հաստատուած կանոններու շարան մըն է, որ ստեղծուած է ճշդելու եւ կանոնաւորելու անհատներու փոխ յարաբերութիւնը, նաեւ` անհատի եւ ընկերութեան, անհատի եւ պետութեան: Օրէնքի առջեւ ամէն ոք իրաւահաւասար է, ամէնէն իմաստուն, երեւելի մարդէն մինչեւ հասարակ քաղաքացին: Օրէնքը կ՛ապահովէ անհատի ազատութիւնը, որպէսզի ան ամէն հնարաւոր պատեհութենէն օգտուի` լայն, բարձր եւ բազմակողմանի զարգացումով, հասնելու ինքիրացումի, այսինքն` իր թաքուն ձիրքերը, տաղանդը ցուցաբերելու:

Եթէ օրէնքը գոյութիւն չունենար, ընկերութիւնը պիտի ներկայացնէր քաոս մը, ուր պիտի իշխէին անիշխանութիւն եւ կամայականութիւն:

Օրէնքը ազդու է եւ արդիւնաւէտ, որովհետեւ ան ստեղծուած է ժողովուրդի յօժարակամ պահանջով եւ անոր հնազանդելու պատրաստակամութեամբ:

Օրէնքը կը տարբերի կանոնէն: Մինչ օրէնքի կիրարկումը պայմանաւորուած է իշխանութեան գերագոյն եւ անվիճելի ուժով, կանոնը (միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու) պայմանաւորուած է անդամներու անսացողութեամբ, արժանապատուութեամբ եւ ինքնայարգանքով: Կանոնները կառավարական իշխանութեան հեղինակութիւնը չունին, այլ` միայն իր բարոյական: Կանոնազանցի պատիժը, մինչեւ անգամ խստագոյնը` վտարումը միութենէն կամ կազմակերպութենէն, բարոյական նշանակութիւն ունի միայն: Կանոնը օրէնքի նման պարտադիր չէ: Օրէնքէն չի կրնար զերծ մնալ ոեւէ քաղաքացի, մինչ միութեան մը անդամը կամաւորապէս կ՛ենթարկուի կանոնի հրահանգներուն եւ ազատ է հրաժարիլ պարտաւորութենէն իր ազատ կամքով:

Օրէնքի ծագումն ու հիմքը եւս բարոյական են: Օրինագիրքերու օրէնքներուն մեծ մասը սովորութիւններէ եւ աւանդութիւններէ ծնունդ առած են: Այսօր կարգ մը երկիրներ ունին, դատական անգիր օրէնքներ, որոնք ձգուած են դատաւորներու ողջմտութեան: Կրօններու աւանդած պատուէրները եւ պատուիրանները անցած են օրինագիրքերու մէջ:

Օրէնքի առաւելութիւններէն մէկը արդարութեան յայտնագործումն է: Անհատներու միջեւ պատահած անիրաւութիւնները իրենք` ենթակաները չեն կրնար դատել, որովհետեւ անոնք կաշկանդուած են նախապաշարումներով, նախասիրութիւններով, հակակրանքով եւ հոգեկան, ջղային զանազան սեղմումներով: Անհրաժեշտ է հեղինակութիւնը իշխանութեան մը, որ զերծ է այդ թերութիւններէն եւ անաչառ է:

Ուղիղ է այն ասոյթը, թէ ոչ ոք կրնայ իր սեփական դատաւորը ըլլալ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

 

Ղեկավարեալ Աշխատանք

Ղեկավարեալ աշխատանքը պատահականութենէ հեռու պահուած աշխատանքն է: Ընդհանուր եւ ներդաշնակուած աշխատանք, որուն նպատակն է համադրօրէն հասնիլ առաջադրութեան մը յաղթական պսակումին:

Ան կը հետամտի ուժերու խնայողութեամբ եւ հարուածային ճիգերով սեւեռուն նպատակի մը իրագործման: Խաչաձեւումներ, ուժերու աննպատակ սպառում եւ շնչատ որոնումներ մաս չեն կազմեր ղեկավարեալ աշխատանքներու: Ընդհակառա՛կն, անով հետապնդուածը խօսուն նուաճումներ եւ յաղթանակներ են:

Ղեկավարեալ աշխատանքը կ՛ենթադրէ կարգապահութեան օրէնքներուն ենթակայ հաւաքական գործունէութիւն: Այդ գործունէութիւնը նպատակ պէտք է ունենայ լուսաւոր եւ առողջ առաջադրութիւններ եւ սեւեռակէտ: Տարտամը, թարթափածը, պատահականն ու դիպուածականը մաս չեն կրնար կազմել ղեկավարեալ աշխատանքին:

Ընդհանրական բաղձանքներու արտայայտութեամբ եւ ծանր որոշումներէ բխած առաջադրութիւններով կենսաւորուած, ղեկավարեալ աշխատանքը նպատակ պիտի ունենայ հաւաքական շահերու եւ իրաւունքներու ներդաշնակ եւ լիաբեղուն գործունէութիւնը:

Զանգուածներ, բազմութիւններ եւ համայնքը կամ ազգը բաղկացնող շարքերը օղակներն են ղեկավարեալ աշխատանք տանող ամբողջականութեան ղեկավարութեան, որ իբրեւ որակ եւ արժէք` պէտք է ունենայ համայնական վստահութիւնը զինք պաշտօնի կոչ ող բաղկացուցիչ մասնիկներուն:

Ղեկավարեալ աշխատանք կը տարուի հոն, ուր չկան խաչաձեւումներ կամաւոր կամ անգիտակից: Երկու պարագային ալ ժխտում միացեալ ճակատի: Եւ ուր  կը պակսի, գէթ վերելքի եւ գոյապահպանման հարցերու մէջ, միացեալ ճակատ, ժամանակավրէպ գործեր են կատարուածները. ժխտական եւ ապարդիւն:

Ուժերու խնայողութեան պահանջ մը կայ հրամայական` առանձնապէս տկար եւ փոքր ազգերու եւ համայնքներու համար:

Ղեկավարեալ աշխատանքը կ՛ենթադրէ համադրական ճիգեր, տակաւին, իրերահասկացողութիւն եւ յարգանք` այն նպատակներուն հանդէպ, որոնք արիւնի ճամբով կտակուած են մեռնողներէն ապրողներուն:

Ղեկավարեալ աշխատանքը համազգայինի պահանջ մը ըլլալով հանդերձ, չի դադրիր ներքին պահանջը ըլլալէ` համազգայինը բաղկացնող հատուածներուն, միութիւններուն եւ յարանուանութիւններուն համար:

Կարգապահական ոգին կ՛ենթադրէ աննպատակ ուժերու խնայում:

Տակաւին, կը հետամտի հարուածային գործունէութեան` արդիւնքի մը հասնելու համար:

Ղեկավարեալ աշխատանքը մաս կը կազմէ քաղաքական փորձառութիւն ունեցող ժողովուրդներու:

Հոն, ուր ղեկավարեալ աշխատանքը համագործակցօրէն առաջ կը տարուի, արդիւնքը կ՛ըլլայ դրական եւ խօսուն: Հոն, ուր կը բացակայի այդ ոգին, ու խաչաձեւումներն ու ժխտումները կը շարունակեն խառնիճաղանճել հրապարակը, տեղատուութիւնը կը մնայ ցաւալի իրողութիւն:

Ղեկավարեալ աշխատանք` բոլորէն յարգուած ու բոլորին վստահութիւնը վայելող ղեկավարութեան մը կողմէ, բարիք մըն է ամէն տեղ: Ազգերու վերելքը պահանջ ունի մէկուն եւ միւսին` հաւասարապէս:

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

 

Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան
Ազգային Քոլեճի

Աշակերտներուն Յաջողութիւնը Լիբ.
Պետական Պըրէօվէի Քննութեանց Մէջ

Ազգ. «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճի Գ. դասարանէն, 10 աշակերտ-աշակերտուհիներ մասնակցած են լիբանանեան պետական պըրէօվէի քննութեան եւ տուած են հետեւեալ արդիւնքը.

Լրիւ յաջողած է 4 հոգի:

Ձախողած է 1 հոգի:

Սեպտեմբերի վերաքննութեանց իրաւունք ստացած է 5 հոգի:

Լրիւ յաջողած են Վրէժուհի Ճինպաշեան, Մարգրիտ Մազըճեան, Սիրվարդ Կոստանեան եւ Նազարէթ Պէրպէրեան:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.