Երեւանի Անմահական Ջուրը
Շատ գրուած է Հայաստանի հիանալի ճարտարապետութեան մասին: Հազիւ թէ կարենամ էական որեւէ նոր բան աւելցնել այդ թեմայով ստեղծուած գրականութեան:
Վերջերս գտնուեցայ այդ հիանալի երկրին մէջ եւ կը ցանկայի միայն որոշ մտքեր յայտնել այդ ճարտարապետութեան ճիւղերէն մէկուն մասին, որ մասնագէտները կ՛անուանեն փոքր: Եւ, նոյնիսկ, դիտումներուս ոչ այնքան ճարտարապետական, որքան կենցաղային կողմի մասին:
Երեւանի հրապարակներուն, զբօսայգիներուն, խաչմերուկներուն մէջ դուք կը տեսնէք ցայտաղբիւրներ: Ասոնք երբեք նման չեն այն կոպիտ պեթոնէ աղբիւրակալներուն, որոնք այժմ կառուցուած են Խորհրդային Միութեան հարաւային քաղաքներուն մէջ: Քանի՜-քանի անգամ, կէսօրուան տաքին մօտեցած եմ այդ աղբիւրակալներուն` յոյս ունենալով յագեցնել ծարաւս, բայց, աւա՜ղ, անոնք ցամքած են Սահարայի անապատին պէս եւ վերածուած են ծխախոտի մնացորդի եւ այլ աղբի ամաններու:
Երեւանի ցայտաղբիւրներէն միշտ կը ժայթքի կենարար ջուրի ուժեղ շիթը: Այդ ջուրը կու գայ Արզնիի, Շորշորի եւ լեռնային բազմաթիւ այլ աղբիւրներէ, որոնք կը յագեցնեն Երեւանի ծարաւը: Ջուրը համեղ է, սառն, թարմացնող… Անցորդը զայն յատկապէս կը գնահատէ ամառը, երբ Արարատեան հովտի կիզիչ արեւը կ՛այրէ այն ամէնը, ինչ որ զուրկ է ջուրէն:
Երեւանցիները պահ մը կը թեքուին ցայտաղբիւրի վրայ եւ կը շարունակեն իրենց ճամբան: Հայկական իմաստուն առածը կ՛ըսէ. «Քանի ջուրը թարմ է, կաթիլն ալ հերիք է, իսկ երբ հինցաւ, կուժն ալ չի բաւարարեր»:
Երեւանի փողոցներուն մէջ կազով ջուրի մեքենաներ չտեսայ: Սակայն չեմ կրնար ըսել, թէ լաքապատ ու քրոմապատ մետաղէ այդ բարդ կառուցուածքի կարիքը կը զգայի: Ինծի թուեցաւ, թէ անոնց բացակայութիւնը երեւանցիները չեն զգար: Անոնք սիրով կը խմեն ցայտաղբիւրներուն ջուրը:
Իմ մէջ այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծուեցաւ, որ Երեւանի իւրաքանչիւր ցայտաղբիւր արուեստի առանձին ստեղծագործութիւն մըն է: Ահա մէկը պատրաստուած է բազալթէ, լոտոս ծաղիկի ձեւով, մէկ ուրիշին ջուրը կը ժայթքէ քարէ ժանեակէն, ճիշդ այնպէս, ինչպէս տեսած եմ գնացքի լուսամուտէն, Հայաստանի հիւսիսի կիրճերէն մէկուն մէջ: Պուրակի ստուերախիտ ծառերուն տակ տուֆէ կերտուած են խոյերու գլուխներ, որոնք կը նային անընդհատ ցայտող ջուրին:
Լենինի պողոտայի զբօսայգիի ծառերուն մէջ կանգնած է իւրատեսակ, բայց խոր իմաստ արտայայտող պերճագեղ կառոյց մը: 18-րդ դարու հայ մեծ գուսան Սայաթ Նովայի մարմարէ յուշարձանը: Սպիտակ սալերու առուակներէն մէկով կը հոսի զուլալ աղբիւրը: Գուսանը կը նայի աղբիւրին, որուն անընդհատ կը մօտենան երեւանցիները իրենց ծարաւը յագեցնելու համար:
Սայաթ Նովայի բանաստեղծութիւնները ջերմօրէն կը սիրէ հայ ժողովուրդը, գեղագիտական ու փիլիսոփայական բաւականութիւն կը ստանայ անոնցմէ: Այդ բանը հիանալի կերպով արտացոլուած է հանճարեղ աշուղի յուշարձանին մէջ:
Արուեստագէտները շատոնց գրաւած են հոսող ջուրի եւ ճարտարապետութեան զուգակցումը: Այդ գաղափարը ոգեւորած է Վերսայի եւ Փեթրոկվորեցի շինարարները: Երեւանի ճարտարապետները մեծ հաճոյքով լայնօրէն, բազմակողմանիօրէն օգտագործած են ջուրի եւ քարի զուգակցումը:
Վերջին տասնամեակներուն անոնք ստեղծած են բազմաթիւ հիանալի ջրաւազաններ, շատրուաններ, արհեստական լիճեր, որոնք կը մեղմացնեն արեւաշատ Երեւանի կլիման: Բայց անոնց յատկապէս պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել այն բանին համար, որ կրցած են իրենց առատ տաղանդը կիրարկել այնքան հասարակ, սովորական թուացող, բայց կարեւոր գործի մը մէջ, ինչպիսին է ծարաւի յագեցումը:
ԵԱ. ԳՈՒՇՉԻՆ
Հայկական Ժողովրդական
390 Երգ Ու Պարեղանակ
Վրաստանի Պոկտանովքա եւ Ախալքալաք հայաբնակ շրջանները մեկնած է Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի արուեստի հիմնարկի եւ Երեւանի երաժշտանոցի միացեալ արշաւախումբը:
Արշաւախումբին մասնակցողները ձայնագրած են հայկական ժողովրդական 390 երգ ու պարեղանակ: