Լուսաթաթախ Թուղթ Մը…
Նոր լոյս տեսաւ Ս. Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով» շարքին վեցերորդ հատորը, որ կ՛ընդգրկէ 1921 փետրուարէն մինչեւ օգոստոս երկարող ժամանակը, այդ ամիսներուն մեր հայրենիքին ապրած վերիվայրումները:
Վեցերորդ այս հատորով կ՛աւարտի «Կեանքի ուղիներով» շարքը:
Վեց հատոր:
Շուրջ ութսուն տարեկան է Ս. Վրացեան եւ իր վեց հատորներուն մէջ կազմեց վաթսուն տարիներու ուրուանկարը, ուրուանկարը` անսովոր կեանքի մը, որ եղաւ ճիշդ հայ կեանքին պէս` բազմաբովանդակ, փոթորկայոյզ, փորձութիւններով ու յաղթանակներով հարուստ լինելութիւն մը:
Կեանքի այդ վերիվայրումներուն պարզ ականատեսը չեղաւ Ս. Վրացեան, եղաւ դերակատարներէն մէկը, միւս դերակատարներուն բարեկամը, մտերիմը եւ իւրաքանչիւրին գործունէութեան եւ մտայնութեան քաջատեղեակ անձը: Շնորհիւ ծանօթութիւններու այս ճոխ մթերքին, կեանքը սեփական ջիղերով ապրած ըլլալու իրողութեան ու նաեւ շնորհիւ դէմքերը ներկայացնելու եւ դէպքերը նկարագրելու իր անառարկելի կարողութիւններուն` Ս. Վրացեան այն բացառիկ մտաւորականներէն եղաւ, որոնք, վերջին տասնամեակին մանաւանդ, դիւրութեամբ իրենց «ուղիներով» տարին ընթերցող լայն զանգուածները: Ճիշդ է նաեւ ասոր հակառակը: Վրացեան ինքը մտաւ ընթերցողներուն բացած ուղիներուն մէջ: Առաջին հատորը լոյս ընծայած ատեն շարքին ծրագիրը կազմած չէր, հաւանաբար մտքէն իսկ չէր անցներ շարունակութիւնը, համատարած համակրանքը ստեղծեց պարտաւորութիւնը: Պահանջը թելադրեց պարտքն ու մարմին առաւ շարքը:
«Կեանքի ուղիներով» գործին հատորները կեանք ունին, բայց բոլոր հատորներուն կեանքը նոյն նկարագիրը չունի, ոմանց մէջ ուշագրաւ է ուշ յայտնուած գրական շնորհ մը, ոմանց մօտ գերակշիռ է յուշագրութիւնը, մէկուն մէջ դէպքերուն արձանագրութեան տրուած է առաջին տեղը, միւսին մէջ` վերլուծումին ու դատումին, բայց էջերը, քիչ բացառութեամբ, ողողուած են կեանքով, ապրումով, անձի մը համոզումներով:
Շարունակել վերի տողերը` պիտի նշանակէր մտնել Ս. Վրացեանի գործին ամբողջութեան մէջ, բայց մենք այդ նպատակով ճամբայ չելանք, կ՛ուզէինք պարզապէս մատնանշել առանձին երեւոյթ մը, հետեւեալը.
«Կեանքի ուղիներով» շարքին այս վեցերորդ հատորը ունի յաւելուած մը ու յաւելուած բաժինը կը գոցուի քսանհինգ էջ բռնող «թուղթ»-ով մը, Հայաստանից բերուած մի թուղթ», որ առանձին արժէք մը ունի եւ արժանի է լուրջ ուշադրութեան:
Խնդրոյ առարկայ գրութեան առաջին էջերը չկան ու հեղինակը անյայտ դէմք մըն է, ընթերցումէն հետեւցնելով` հայաստանցի, համոզումով` համայնավար, կոչումով` պատմաբան:
Կը պարզուի, որ Բադալեան անունով «պատմաբան» մը Պաթումի դաշնագրին մասին գրութիւն մը ստորագրած է:
Կը պարզուի, որ այս թուղթին հեղինակը Բադալեանի «ստի ու զրպարտութեան զէնքերին» դէմ ծառացած է` փաստական տուեալներ առաջ քշելով:
Ու երրորդ անձ մը, ըստ բոլոր հաւանականութիւններուն` Աշոտ Յովհաննիսեան, պաշտպան կանգնած է Բադալեանի «ստին ու զրպարտութեան», պատճառ դառնալով այս «թուղթ»-ին` խմբագրման, որ իր բնոյթով վէճ մըն է ու խորքով` վկայութիւն մը:
Թուղթը կ՛ընդգրկէ 1917-1921 տարիներուն Հայաստանի եւ հոն գործող ուժերու հետ կապուած իրադարձութիւնները եւ թուրքին եւ անոր գործակալներուն, ռուսին եւ ասոր կամատարներուն եւ կովկասեան միւս ժողովուրդներուն բոլոր դաւերը մերկացնելով` ուժեղ պաշտպանութիւնը կ՛ընէ ազգային առողջ ըմբռնումներուն, ազգային երազին ներշնչումով կատարուած շարժումներուն, զոհողութիւններուն, յաղթանակներուն:
Թուղթը արդար ընդվզում մըն է Հայաստանի համայնավար «պատմաբաններուն» դէմ, որոնք շարունակ կարծեցին, թէ «սուտը աւելի ճիշդ է արտայայտում լենինիզմի բովանդակութիւնը» եւ ազգային իղձերը, իրաւունքները, ճիգերը, յաղթանակները ուրանալու իրենց «միտումնաւոր կեղծաւորութեամբ» փաստօրէն ծառայեցին, կը ծառայեն փանթուրանիզմի գաղափարը դեռեւս փայփայող Թալէաթի ժառանգորդներուն:
Դժուար է յիշել այս ծաւալով ուրիշ գրութիւն մը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ անկման առնչուող այդ չորս տարիներու կեանքը այս խտութեամբ յանձնէր իր ծալքերուն եւ դէպքերէն բխած տրամաբանութիւնը խարսխէր այսքան ամուր գետինի մը վրայ:
Կարծես մէկ հոգիի մը գրութիւնը չէ անիկա, ժամանակաշրջանի հարցերը առանձին-առանձին բիւրեղացուցած խումբ մը մարդոց գործն է. հաւաքաբա՛ր կարծես ու հաւաքական իմաստութեամբ մը քով-քովի դրուած են բառերը ու յանձնուած սերունդներուն` իբրեւ շրջանի մը մէկ անսուտ ձայնը:
Թիւեր, թուականներ, անուններ, վայրեր:
Ու թիւերուն հետ խղճմտանքով վարուած է անծանօթ հեղինակը:
Թուականներու հետ` լրջութեամբ:
Անուններու հետ` պարկեշտութեամբ:
Վայրերուն հետ` բծախնդրութեամբ:
Այդպէ՛ս: Պատմաբանի մը մօտ պարտաւորիչ բոլոր տուեալները կիրարկուած են հոն ու կազմած` միաձոյլ ամբողջութիւն մը, որուն պատիւը սոսկական անձի մը չի պատկանիր միայն, այլ բացառիկ փայլ մը կ՛աւելցնէ հայ մտածող մտքին վրայ:
Նմուշ մը` փաստերու խղճամիտ օգտագործման:
Նմուշ մը` ցայտուն տրամաբանութեան:
Նմուշ մը` արդար դատումի եւ պայծառ եզրակացութիւններու:
Իր ջախջախիչ փաստարկութիւններուն եւ առաջ քշած առողջ տեսակէտներուն համար, կասկած չկայ, որ ամէն հայ պիտի ուզէր ստորագրել անոր տակ, չհաշուելով անշուշտ հարկադրեալ դժբախտները կամ սողալէն օրը իրիկուն ընող ծնունդով դժբախտները:
Այսօրուընէ կը սկսինք հրատարակել այդ գրութիւնը, պարագայական վերնագրի մը տակ` «ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ»:
Պ. Ս.
Ակնարկ
«Ծերունազարդ»-ի Մը
Ակնկալութիւնը
«Խորհրդային Միութիւն» թերթին մէջ, Չեկայի նախկին անդամ մը, որ այսօր «ծերունազարդ» համայնավար մը դարձած է, կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս գնդակահարել տուած է… իր հայրը:
Գիտենք, որ նման դէպքեր շատ պատահեցան խորհուրդներու երկրին մէջ, պոլշեւիկեան յեղափոխութեան «հերոսական» օրերուն: Եղբայրը դաւեց եղբօր դէմ, մայրը` զաւկին, զաւակը` հօր, ընկերը` ընկերոջ:
Եղան, պատուհասեցին, անցան` «ամրապնդելու համար խորհրդային իշխանութիւնը»:
Հասկնալի էին այդ օրերուն` «խելագար ամբոխներուն» համար:
Բայց հիմա, երբ «ծերունազարդ» համայնավար մը իր «հայրասպան» ոճիրը ԿԸ ՁՕՆԷ «երիտասարդ սերունդներուն», ի՞նչ կը սպասէ արդեօք անոնցմէ:
Հետեւիլ իր օրինակի՞ն, թէ՞ հայրասպանները պաշտամունքի առարկայ դարձնել` իբրեւ ներկայացուցիչները գաղափարապաշտ սերունդի մը:
Եթէ Ստալինի մահէն ետք խորհրդային վարչակարգը փոփոխութիւն կրեց, ատիկա տեղի ունեցաւ ուղղութեամբ մը, որուն տիրապետող գիծը մարդկայնութիւնն էր: Այսինքն` լռելեայն դատապարտումը ոչ մարդկային այն արարքներուն, որոնք յանուն գաղափարը, թիւրիմաց ըմբռնումով մը, նսեմացուցին մարդը, զայն պարպեցին իր հոգեկան պարունակէն` վերածելու համար անդէմ ու անանձնական էակի մը:
Ուրեմն ոչի՞նչ փոխուած է զտարիւն պոլշեւիկներու հոգիին մէջ, որպէսզի գաղափարական տարակարծութիւններու համար հայր մը մահուան դատապարտելը երախտագիտութեան ակնկալութիւն մը ստեղծէ «ծերունազարդ» համայնավարի մը մէջ, որուն «տաքարիւնութեան» օրերը շատոնց պէտք էր անցած ըլլային:
Չենք գիտեր, թէ պոլշեւիկեան տիալեկտիկան ի՛նչ բացատրութիւն պիտի տայ այս մեղապարտ ակնկալութեան:
Բայց գիտենք, որ արտաքին աշխարհին անգամ մը եւս առիթ պիտի տրուի հաստատելու, թէ վերագտնուած բարոյականի մը երաշխիքը չի տար այս վկայաթուղթը:
X