Շարլ Ազնաւուր Հինգ Տարի Տեւող
Դատավարութենէ Մը Ետք
Շահած Է Գինիի Դատը
Հինգ տարի տեւող դատավարութենէ մը ետք Շարլ Ազնաւուր գինիի ընկերութեան մը դէմ բացած դատը շահած է, վճարած դրամը` ետ գանձած եւ իր շտեմարանին մէջ զուր տեղը սպասող 860 շիշ գինին ետ առնել տուած է:
1962-ին գինիի ընկերութեան մը ներկայացուցիչը Ազնաւուրին դիմելով` գոված է ընկերութեան գինիները: Հակառակ անոր որ Ազնաւուր ոգելից ըմպելիներ չի խմեր, մանաւանդ` գինի, սակայն, վաճառողին պնդումին վրայ, պարզապէս հիւրերուն հրամցնելու համար գնած է 860 շիշ գինի եւ, համաձայնութեամբ, ստորագրած է 300 ֆրանքի չէք մը:
Այնուհետեւ, Ազնաւուր մեկնած է Պրազիլ շրջապտոյտի: Վերադարձին իր քարտուղարը յայտնած է, որ գնած 860 շիշ գինիին համար պէտք է 6 հազար ֆրանք եւս վճարէ:
Ազնաւուր, անակնկալի եկած, իսկոյն դատ բացած է ընկերութեան դէմ` սխալ վաճառք ընելուն համար: Դատը տեւած է հինգ տարի:
Ազնաւուր Ճաշարանատէր
Քանի «Մոնթանա» ծովեզերեայ ճաշարանը փոխած է տէրը: Այժմ ճաշարանատէրն է Շարլ Ազնաւուր:
Համբաւաւոր երգիչը ոչ մէկ դիտաւորութիւն ունի նորութիւններ մտցնելու ճաշացուցակին մէջ:
Ճաշարանը գնած է հոն բնակելու համար: Գիշեր-ցերեկ գործաւորներ աշխատցնելով` այժմ հսկայ ճաշարանը վերածուած է ծովու վրայ նայող լայն պատշգամով սթիւտիոյի մը` օժտուած արդիական լոգարաններով:
Շարլ եւ Ուլլա արդէն կը բնակին իրենց ամառնային նոր տան մէջ:
Սակայն անպարտելի մեծ անպատեհութեան մը առջեւ կը գտնուի Ազնաւուր ամոլը: Հեռաձայնը չափէն աւելի կը հնչէ: Հեռաձայնողները իրենց սեղանները նախապէս ապահովելու սովորութիւն ունեցող, ճաշարանի նախկին յաճախորդներն են:
Նժարէ Նժար
Պապը,
Աղօթքը Եւ Թուրքը
Տագնապները այնքա՛ն բազմացան, մարդկութեան ու աշխարհին առջեւ ցցուած հարցականները այնքա՛ն բարդացան, որ ժողովուրդներու ճակատագիրը իրենց ձեռքին ունեցող պատասխանատուները` նախագահներ ու կրօնապետներ, փրկելու համար մարդուն ու աշխարհին ապագան, սկսան յաճախակի այցելութիւններու ձեռնարկել, այցելուներ ընդունիլ, բանակցիլ, ելք մը գտնել:
Երբեմն այցելուին խոհական ընթացքը եւ հիւրընկալին արժանաւոր կեցուածքը կը պսակեն նպատակը ու կ՛աճեցնեն մարդոց յոյսը: Իսկ ատեն-ատեն աղմուկ մը կը բարձրանայ եւ գայթակղութիւն մը կը հետեւի աղմուկին: Հիւրը անփափկանկատ ելոյթով մը կը խորտակէ կապերը, կամ ընդհակառա՛կն, անմեղ ժեսթի մը առիթով հիւրընկալ երկիրը կը կորսնցնէ իր պաղարիւնութիւնը եւ կենցաղավարական օրէնքները խորտակելով` կը ցուցադրէ երկրային իր յոռի բարքերը, ինչպէս պատահեցաւ ատիկա Թուրքիոյ մէջ, պապին այցելութեան ընթացքին:
Թուրքերը մեծ ոգեւորութեամբ չդիմաւորեցին Հռոմի քահանայապետը եւ Այա Սոֆիայի մէջ անոր կատարած աղօթքէն գայթակղած` սկսան աւելորդ անգամ մը եւս թրքանալ, զգալ, մտածել, արտայայտուիլ թրքօրէն: Իրենց թերթերէն մէկուն կարծիքը.
«Կը յուսայինք, որ պապը նկատի պիտի ունենայ թուրք ժողովուրդին արժանապատուութեան զգացումը եւ զայն վիրաւորելու որեւէ քայլ պիտի չառնէր: Այա Սոֆիա մզկիթին մէջ անոր արտասանած աղօթքը մեր ազգին ամէնէն զգայուն կէտին դպաւ:
Ցաւալի է, որ պապը մեր երկրէն կը հեռանայ` գէշ յիշատակ մը ձգելով»:
Երկրէն կը հեռանայ` գէշ յիշատակ մը ձգելո՞վ, թէ՞ տանելով արդեօք: Ի՞նչ է Այա Սոֆիան, Ճենկիզ խանի վրաններէն մէ՞կն է, որուն այսքան դիւրութեամբ ազգային արժանապատուութիւն կը կապէ այս «քասքեթաւոր թշուառութիւնը»:
Մարդիկ ազգային արժանապատուութիւն կը կապեն իրենց սեփական մտքին ու բազկին արգասիքը եղող երեւոյթներուն, ազնիւ զգացումներ կը սնուցանեն ցեղային կնիք կրող ստեղծագործութիւններուն նկատմամբ միայն, բռնագրաւուածին առջեւ նոյնը չեն զգար, նոյնպէս չեն մտածեր, բռնագրաւուածը կ՛աշխատին չյիշել, չյիշեցնել, մինչդեռ թուրքը ուրիշէն կողոպտած տաճարը մզկիթի վերածելով` կը յոխորտայ եւ կողոպտուածին վրայ կը խարսխէ իր «ազգային արժանապատուութիւնը»:
Բարեբախտաբար անցած է թուրքին թրքութեան շրջանը եւ այլեւս դժուար թէ կարենայ իր «ազգային զգացումներուն» զարգացման համար նոր հնարաւորութիւններ ստեղծել…
XX