Կարսի Եւ Արտահանի Մասին
Ինչպիսի՞ Սակարկութիւններ
Տեղի Ունեցած Էին
Փոցտամի Ժողովին Մէջ
Յուլիս 17-ի «Ճումհուրիյէթ»-ի մէջ Մեհմեթ Պարլաս կը շարունակէ «Քաղաքական սակարկութիւններ» խորագրուած իր յօդուածաշարքը, եւ Կարսի ու Արտահանի մասին կը գրէ. «Բ. Աշխարհամարտին Թուրքիա պատերազմի չմտաւ` հակառակ զանազան պետութեանց բոլոր ջանքերուն: Չշլացաւ որեւէ խոստումէ, երբ իրեն ըսեր էին, որ` «Եթէ պատերազմի մասնակցիք, յաղթանակի պտուղը միասին կը քաղէք»: Եալթայի ժողովին մէջ երեք մեծերը` Ռուզվելթ, Չըրչիլ եւ Ստալին, աչքէ անցուցին Թուրքիոյ կացութիւնը եւ նեղուցներու խնդիրը յետաձգեցին Փոցտամի ժողովին: Խորհրդային կառավարութիւնը չսպասեց, սակայն, Փոցտամի ժողովին, եւ 1945 մարտ
19-ին ծանուցագիր տուաւ Թուրքիոյ` թուրքեւխորհրդային դաշնագրին բարեփոխումը պահանջելով: Յունիս 7-ին Մոլոթով հրաւիրեց Մոսկուայի թուրք դեսպանը եւ բացատրութիւններ տուաւ այդ «բարեփոխման» մասին` նեղուցներու վրայ խարիսխ, Կարսը եւ Արտահանը պահանջելով:
«Թուրքիա այս առթիւ օժանդակութիւն ուզեց իր դաշնակցէն` Անգլիայէն, որ Ամերիկայի խորհուրդ հարցուց: Ամերիկայի պատասխանը սա եղաւ. խորհրդայինները գէշ բան մը չըրին` այդպիսի ծանուցագիր մը տալով: Երբ նեղուցներու նոր վարչակարգ մը կը պատրաստուի, պէտք է «տրամադրութիւն շօշափել» այդպիսի ծանուցագրերով: Անգլիա Ամերիկայէն աւելի լաւ շարժեցաւ եւ Մոսկուայի հաղորդեց, որ` «Կը զարմանայ խորհրդային պահանջներէն», իսկ նեղուցներու հարցը լոկ Թուրքիան եւ Ռուսիան շահագրգռող խնդիր մը չէ: Ուրիշ խօսքով, Անգլիա ըսել կ՛ուզէր, որ` «Եթէ Թուրքիոյ մէջ փոփոխութիւն մը պիտի կատարէք, պարտաւոր էք մեզ ալ նկատի ունենալ»:
«Փոցտամի ժողովին մէջ, երբ Թուրքիոյ մասին վիճաբանութիւններ տեղի կ՛ունենային, Ստալին դարձեալ յարոյց Կարսի եւ Արտահանի խնդիրը եւ ըսաւ, որ թուրքեւխորհրդային սահմանագլուխը սրբագրութեան կը կարօտի, թէ` պէտք չէ վախնալ թրքական քսան զօրաբաժիններէն, եւ եթէ Թուրքիա խորհրդայիններու հետ դաշնագիր մը կնքելու խնդիր չհանէր, Ռուսիա եւս Կարսի եւ Արտահանի խնդիրը պիտի չյարուցէր: Կարսի եւ Արտահանի մասին հետեւեալ պահանջները կը դնէին. Ա.) Վերադառնալ 1921-էն առաջուան գոյավիճակին: Բ.) Ռուսիոյ հետ նոր համաձայնութիւն կնքել եւ աւելի անխոցելի սահմաններ տալ Ռուսիոյ:
«Այս պահանջներուն զուգահեռ, 10 հոկտեմբեր 1945-ին «Նիւ Եորք Հերըլտ Թրիպիւն»-ի թղթակիցը կը գրէր. Ստալին կը պահանջէ, որ Կարսը եւ Արտահանը Հայաստանի տրուին: Այս անիմաստ պահանջը իւրացուեցաւ խորհրդային կառավարութեան կողմէ` հայ համայնքը գրգռելու համար: 1945 յունիսին, երբ հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենար, խորհրդային կառավարութիւնը իր սովորութեան հակառակ` աշխարհի չորս կողմերէն հոգեւորականներ հրաւիրեց: Նոր պատրիարքն ալ Կարսի եւ Արտահանի ակնարկելով` յայտարարեց, թէ` «Մեր հին հողերը նորէն մեզի պէտք է վերադարձուին»: Այնուհետեւ խորհրդային նախարարաց խորհուրդը 1945 դեկտեմբեր 2-ին որոշմնագիր մը հրատարակեց` «Սփիւռքի հայերը Խորհրդային Հայաստան հրաւիրելով»:
«Այս բոլորը իրենց արժանի պատասխանը ստացան Ինէօնիւի կառավարութենէն»:
Ակնարկ
Գեղեցիկ Նախանշաններ
Եղեռնի յիսնամեակէն ասդին զգալի փոփոխութիւն մը սկսած է նշմարուիլ հայրենի ժողովուրդին մէջ: Փոխուած է մանաւանդ Մեծ եղեռնէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումը տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հանդէպ իր հին կեցուածքը:
Իր ճակատագրին, արարքներուն ու երազներուն դէմ կեղծիքը, նենգափոխութիւնները, սուտը քառասուն տարի գլխահակ նուաստացումով մը հանդուրժելէ ետք, այսօր հայ մարդը սկսած է բառի ու աղաղակի վերածել ճշմարտութեան այրող ծարաւը:
Ազգային արժանապատուութեան զարթօնք մը սկսած է հիմա հայրենի սահմաններուն մէջ:
Շրջաբերութեան մէջ դրուած գրութիւններ կը հասնին, յօդուածներ լոյս կը տեսնեն, քերթուածներ, գիրքեր, որոնք բուռն թափով ու քաջութեամբ կը ճգնին նախախորհրդային շրջանի իրողութիւնները դնել արդար նժարի մը մէջ:
Ընդհանուր ընդվզում մը կայ եւ պայքարը ուղղուած է ընդհանրապէս պատմաբան կոչուած պաշտօնական խարդախներուն դէմ, «որոնք պատրաստ են սուտը բարձրացնել մինչեւ կատարն իմաստաբանութեան»: Իրաւամբ, առարկայական ճշմարտութիւններու ծառայելու կոչուած այս դասը տեւաբար դաւաճանեց իր կոչումին ու համայնավարութիւն կառուցելու իր մոլութեան եւ մոլեռանդութեան մէջ ուրացաւ ոչ համայնավարական նկարագիր ունեցող բոլոր իրական դէպքերը, փաստերը, հոգեբանութիւնները` վիրաւորական եզրակացութիւններ հաղորդելով ընթերցողին: Պատմաբանի խղճմտանքին բոլորովին անյարիր այս ելոյթներուն դէմ ծառացող վրդովեալ հոգի մը դեռ քանի մը տարի առաջ պիտի ըսէր.
«Անցել է 42 տարի: Մինչեւ օրս ոչ մի պոլշեւիկ պատմաբան Սարդարապատի հերոսամարտի մասին դրական մի խօսք չի ասել հրապարակօրէն` բացի «աւանտուրա» յորջորջումից»:
Այսօր այսպէս չէ: Ժամանակները զգալիօրէն փոխուած են, եւ Հայաստանի մարդը «աւանտուրա»-ն կը համարէ իր գոյութեան հիմնաքարը: Այսպէս կը մտածեն պատմաբաններէն ոչ նուազ ուրացման փաստեր կուտակած անձերն անգամ: Այս սիւնակին մէջ անգամ մը ներկայացուցինք մոլեռանդ ուրացող Նայիրի Զարեանի յայտնութիւնը: Մեր շաբաթ օրուան թիւով պիտի տանք իր «Ասք էութեան» անուն քերթուածէն հատուած մը` ի վկայութիւն վերը մատնանշուած ընդհանուր հոգեփոխութեան:
Իրապէս, որքա՜ն անողոք է ճշմարտութիւնը: Ճշմարտութիւնը ինչպէ՜ս կը պատժէ ուրացողը:
XX