50 Տարի Առաջ (12 Սեպտեմբեր 1967)
Դէպի Աղբիւրը Լոյսին Մօտ չորս տասնեակ տարիներ են անցեր այն օրերէն, երբ Շահնուր կը գրէր, թէ կիրակնօրեայ խմբագրականները միշտ նուիրուած են սերունդի փրկութեան: Երկար տարիներու բոլոր կիրակիները անցան գացին, նահանջը աւելի խորացաւ, երգը լռեց ու սերունդը դեռ չէ փրկուած, հակառակ բոլոր խմբագրականներուն` կիրակիներու եւ միւս օրերու: Սերունդը` ապրիլեան, որ եկաւ ու ցրուեցաւ ի սփիւռս աշխարհի, ուզեց փոխանցել հուրը հայրենեաց սա միւս սերունդին, մե՛ր սերունդին, որ Արարատը չէ տեսած, եւ զայն փրկել ուրիշ ջարդէ մը, այս անգամ` սպիտակ որակուած: Ու բոլոր Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպա, մինչեւ Պարսկաստան, խմբագրականներու նիւթ դարձուց «օտար, այլ հիւրընկալ» ափերու վրայ ծաղկած երիտասարդութիւն մը` առանց որեւէ ձեւով փորձելու...
Կարդալ ԱւելինDetails

