Տարօն, Հայութիւն Եւ
ՀՅ Դաշնակցութիւն
«Արծիւներու բոյն» կոչուած է Տարօնը անցեալին, մեր պատմութեան փոթորկոտ շրջաններուն, երբ օտարի սուրը ամէն անգամ ջախջախուած է երկնամերձ Տարօնի ժայռերուն վրայ:
Օտար, վայրագ ցեղերու արշաւը մրրկահոծ ովկիանի պէս զարնուած է Տարօնի ժայռերուն եւ փշրուած:
Հերոսներու հոյլ մը, մեր պատմութեան լուսընթացի վրայ, փայլած է շողշողուն աստղերու պէս, եւ սերունդներ ներշնչուած են անոնց խոյանքով ու հմայքով:
Մանուէլ, Վասակ, Մուշեղ, Վարդան, Հմայեակ, Վահան Մամիկոնեաններ շողուն աստղերն են հայոց պատմութեան յառաջընթացի:
Պատմութիւն չունի այն ազգը, որ հերոսներ չէ ծնած: Հայոց պատմութիւնը ճշմարիտ հերոսապատում մըն է, հերոսական խոյանքներու շքեղութեամբ եւ հոգեպարար հմայքով:
Մեսրոպեան լոյսը` իբրեւ ուղեցոյց-առաջնորդ, իբրեւ զրահ` յարատեւումի, իբրեւ մղիչ ուժ` հոգեմտաւոր թռիչքներու, յաւերժացուցած է հայ ազգը, դարբնած` անոր գոյատեւումը, նահանջի մատնած` ներքին թէ արտաքին խաւարը:
Մեսրոպեան լոյսն է, գիրն ու դպրութիւնը, որ այսօր, մանաւանդ, արծուի թռիչք կ՛ընծայէ հայ գիտական մտքին:
Եւ մտքի լոյսի այս թռիչքը այսօր կ՛ընդգրկէ ո՛չ միայն Տարօնը, ո՛չ միայն հայ աշխարհը, այլեւ համաշխարհային խոյանքով կը թեւածէ գիտութեան կարկառներու վրայ, հայ անունը հնչեցնելով գիտական համաժողովներու եւ կաճառներու մէջ:
Հերոսներու սուրը պաշտպան ու զօրավիգ եղաւ Մեսրոպեան լոյսին. «Աշխարհի լոյսն ի Հայս», կա՛յ ու պիտի մնայ, ըսին եւ սուսերներ շողացուցին խաւարամիտ թշնամիներու դէմ:
Զուր չէ, որ նոյնիսկ այսօր աւերակ Տարօնի Մուշեղի բերդին մէջ հայ երկիւղած այցելուն արծուի փետուրներ կը տեսնէ…
Այդ փետուրները խորհրդանիշներն են հերոսական անցեալի խոյանքներուն, Տարօնական ոգիին, ՀԱ՛Յ ՈԳԻԻՆ:
Ի՞նչ էր Վարդավառը, ի՞նչ էր Նաւասարդեան տօնը, ծառ ու ծաղկի, օրհնուած ջուրի, մարմնական ու հոգեմտաւոր մշակոյթի պանծացում, որուն մէջ բաժին ունէին հայոց արքայէն սկսած մինչեւ ռամիկն ու հասարակը: Ա՛զգն էր ամբողջ` իր տոհմիկ մշակոյթի պաշտամունքով:
Ահա՛ թէ մեր պապերը, մեր օրհնեա՛լ պապերը ինչե՜ր աւանդեցին մեզ. անմահութեան դեղատոմս:
Եկան Միջին Ասիոյ անապատներէն վայրենաբարոյ ցեղեր, որոնց արտեւանունքներու վրայ անապատի, աւերումի դեղին փոշին էր նստած: Աւեր, աւար, ջարդ ու կոտորած Հայոց աշխարհի մէջ, անլոյս մոլորակներու պէս զարկուեցան հայոց լոյսին եւ փշրուեցան ու հալեցան: Մնա՛ց հայոց լոյսը անապակ, որովհետեւ Մեսրոպներու հանճարէն էր ծնած եւ հայ հերոսներու սուրերով կոփուած:
Նոր շրջանի պատմութիւն: Այն պահուն, երբ կը թուէր, թէ խաւարած է լոյսը Հայոց աշխարհի, հայ գեղջուկի հիւղերու մէջ Նարեկացին լոյս կը ջամբէր, եւ հայ վանքերու մռայլ ու կիսախաւար պատերէն ներս հայ պատմութիւնը կը մատենագրուէր, «Կտոր մը չոր հացով եւ գաւաթ մը ջուրով»…
Արթնցաւ Սասնայ Դաւթի ոգին հայ յեղափոխական – ազատագրական շարժումներու մէջ: Մամիկոնեաններու ոգին արթնցաւ յեղափոխական երգերով` «Հիմի՞ էլ լռենք», եւ սուրերը փայլատակեցին ու գնդակները շառաչեցին: «Ո՛վ որ հայ է, ի՞նչ կը սպասէ, ազատութիւն ու զէնք սիրողը թող գայ»:
Զուր չէ, որ հինգերորդ դարու մատենագիրը հերոսակազմ Վահան Մամիկոնեանը կ՛անուանէ «դաշնակ» Վահան Մամիկոնեան (դաշոյն – դաշնակ – փոքր դաշոյն), որ դէմ դրաւ բազմահազար թշնամիին, դաշոյնի պէս, իր խիստ փոքրաթիւ ուժերով, յաճախ հարուածելով զայն, ի վերջոյ Նուարսակի (484) յաղթանակը շահելով:
1890 թուին արթնցած էր Վահան Մամիկոնեանի ովին. ՀՅ Դաշնակցութեան փոքրաթիւ խումբերը դաշոյնի պէս կը հարուածէին աւարառու եւ ջարդարար թուրքը:
Նոր հերոսապատում, նոր խոյանքներ, Սասնոյ ապստամբութիւն (1894, 1904), մամիկոնազարմ նոր հերոսներ` Սերոբ, Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ, Հրայր, Ռուբէն, Կոմս եւ բազմաթիւ ուրիշներ, զինակից «խոնարհ հերոսներ»:
Զուր չէ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր զինանշանին վրայ զետեղեց գրիչ, բահ եւ դաշոյն: Գրիչը` հայոց լոյսի խորհրդանիշն է, բահը` աշխատանքի եւ դաշոյնը` իրաւունքի եւ կեանքի պաշտպանութեան: «Զէնքո՛վ կը տիրանաս քու իրաւունքիդ», կ՛աղաղակեն նոր ժամանակներու ազատամարտիկները: «Դաշնակ» Վահան Մամիկոնեանին կը շառաւիղէ Դաշնակցութիւնը իբրեւ արթուն պահակը Հայ դատին:
Եւ զուր չէ, որ Տարօնը եղաւ յեղափոխական պոռթկումներու բնավայրը: Հայ յեղափոխականները, Կովկասէն, Բասենի, Ալաշկերտի եւ Իրանի ու Վանի վրայով դէպի տարօնական լոյսը խոյացան, վեհապանծ լեռներու վրայ յեղափոխական մարտերու փոթորիկները պայթեցնելու համար:
Այսօր Տարօնը չկայ, անոր զաւակները տարտղնուած են ի սփիւռս աշխարհի, եւ սակայն անոնցմէ աւելի քան 250.000 հոգիներ արմատ ձգած են Հայաստան երկրի Արագած լերան լանջերուն:
Այժմ Տարօնի նոր սերունդը զէնքի տեղ գրիչը բռնած ունի իր ձեռին, հայ մշակոյթի ու գիտութեան փարած է, ինչպէս որ իր նախնիքները զէնքին փարած էին` լոյսը իրենց հոգիներուն մէջ: Այժմ տարօնցին գիտութիւնն ու զէնքը միացուցած, հայոց ազգայնութիւնը կը դարբնէ, ազատութեան ու անկախութեան տիրանալու վարդագոյն երազներով:
Սփիւռքի տարօնցի երիտասարդները եւս նոյն ոգիով ու տենչով տոգորուն, իրենց հայրենակարօտ հայեացքը ուղղած են Մայր Երկրին:
Հայրենի կոչ մը` եւ այդ հոգիները թունդ պիտի ելլեն, հայ հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութեամբ:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ իր հերոսական մղումները ժառանգեց Սասունցի Դաւիթէն եւ Մամիկոնեաններէն, արթուն պահակն է Հայ արդար դատին, ուստի կոչ կ՛ընէ ե՛ւ տարօնցիներուն, ե՛ւ վասպուրականցիներուն, ե՛ւ Բարձր Հայքին ու նաեւ Հայաստանի բոլոր բնագաւառներու հայրենակցականներուն եւ հայ ազատատենչ մարդոց, զօրավիգ կանգնելու Դաշնակցութեան, որ կոչուած է կերտելու ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ռազմագերիներու Փոխանակում
Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ
Երէկ, չորեքշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նաքուրայի սահմանակայանին մէջ տեղի ունեցաւ ռազմագերիներու փոխանակում մը` Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ: Իսրայէլի յանձնուեցան երկու սպայ եւ երկու քաղաքային: Լիբանանի յանձնուեցան 33 հոգի, որոնցմէ 4-ը` կին եւ 7 երեխայ:
Փոխանակումը տեղի ունեցաւ Միջազգային կարմիր խաչին միջոցով: