Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Օգոստոս 1967)

Օգոստոս 3, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբազան Քահանայապետը Պոլսոյ Մէջ

Ասոնց Մոմը Առտուն Ալ
Չի Մարիր

Պապ մը Պոլիս գնաց եւ առիթ տուաւ, որ ինչե՜ր, ինչե՛ր լսենք Թուրքիոյ մասին:

Այնքան միամիտ չենք, ոչ ալ տգէտ` կարծելու համար, թէ իր կէսը թաղած ժողովուրդի մը դեռ խոնաւ աչքերը կրնան յուզել աշխարհի կամ եկեղեցւոյ մեծերը:

Քաղաքագէտ ըլլալու հարկ չկայ գիտակցելու համար, թէ դիւանագիտութիւնը, որ մտած է նաեւ եկեղեցւոյ պատերէն ներս ու պետերու սրտին մէջ, պէտք է զոհուի անիրաւուած ազգի մը սիրտը չկոտրելու համար:

Այս ամբողջը լաւ կը հասկնանք, բայց ինչ որ չի կրնար չվրդովեցնել ոեւէ քրիստոնեայ, ոեւէ քաղաքակիրթ մարդ, այն խօսքերն են, որ կը գործածուին նման առիթներով:

Ու կը ստիպուինք կրկին անդրադառնալ Պօղոս Զ.ի վկայութիւններուն, երբ Եըլտըզի պալատին մէջ կ՛ըսէ Սունայի. «Մշակութային մեծ աւանդութիւնը, որուն նշանները այնքան շատ են ձեր երկրին մէջ, ունի կեդրոններ, որոնք հսկայ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ բոլոր քրիստոնեաներուն համար…»:

Ճիշդ է` այդ նշանները շա՜տ, շա՛տ են: Միայն Եփեսոսի աւերակներուն մէջ չեն, եւ սրբազան քահանայապետը ամբողջ պատմութիւն մը կրնար տեսնել, թէ երթար մինչեւ Անի, մինչեւ Աղթամար ու, ինչո՞ւ չէ, մինչեւ Եփրատ, որուն ջուրերը կրնային պատմել իրեն, թէ որքա՜ն ազնիւ է զինքը հիւրընկալող ժողովուրդը:

Բայց պատասխանելով պապին` տեսնենք, թէ ի՞նչ կ՛ըսէ նախագահ Սունայ. «Ձերդ սրբութիւնը Թուրքիոյ մէջ պիտի գտնէ երկիր մը` նուիրուած խաղաղութեան եւ ազատութեան իտէալին: Խորապէս կապուած ենք Միացեալ ազգերու ուխտին եւ անընդհատ կը ջանանք օժանդակել, մեր կարելիութեանց սահմանին մէջ, նախապատրաստելու համար աշխարհի գործակցութիւնը եւ համերաշխութիւնը: Միւս կողմէ, հաւատք ունինք ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն: Թուրք ժողովուրդը իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին փաստը տուած է իր խոր մարդասիրութեան, հանդուրժողութեան ոգիին եւ իր մեծ յարգանքին հանդէպ` հաւատքի ազատութեան եւ իր խորշումը կրօնական կամ ցեղային որեւէ խտրականութեան նկատմամբ»:

Նման խօսքեր որեւէ մեկնաբանութեան չեն կրնար կարօտիլ: Այս թուրքը իր պատմութիւնը չի գիտեր: Բայց հանրապետութեան նախագահ է, չի կրնար չգիտնալ: Ուրե՞մն:

Ուրեմն յիշողութիւնը տկար է, չըսելու համար, ի յարգանս իր հանգամանքին, թէ ըրածը լրբութիւն է:

Բայց սրբազան քահանայապետը պատմութիւն գիտէ, մանաւանդ` քրիստոնեաներու պատմութիւնը, ու կը փորձէ սիրտը առնել այն ժողովուրդին, որ վասն կրօնի եւ հայրենեաց դեռ լոյսի կը սպասէ` հոգեշահ խօսքեր ընելով հայոց պատրիարքին:

Բայց ոչ ոք, մեծերէն ոչ ոք, կը համարձակի զգաստութեան հրաւէր կարդալ բոլոր սունայներուն, զղջումի կոչ ընել Թալէաթի զաւակներուն, հողերն ու եկեղեցիները պահանջել ա՛յն ժողովուրդին, որ դեռ Արարատի կարօտը կ՛երգէ, ա՛յն ժողովուրդին, որուն մոմը առաւօտուն ալ չի մարիր:

«ՅԱՌԱՋ»

 

Պապը Այա Սոֆիան
Եւ Թուրքին Զգացումները

Պօղոս  Զ. պապը, քրիստոնավայել արժանաւորութեամբ, պատրիարք Աթենակորասին, ի Թուրքիա, եղբայրական այցելութիւն տուաւ: Երբ պապը կը շարժի տեղէն, աշխարհի բոլոր պատկերասփիւռներն ու թերթերը, քաղաքական բոլոր ղեկավարները անոր քայլերուն կը սեւեռին:

Պապին իւրաքանչիւր մտածումը, իւրաքանչիւր շարժումը կը դառնայ վերլուծումի նիւթ հետեւութեանց աղբիւր: Բարոյական հեղինակութիւն է պապը աշխարհին համար: Քրիստոնեայ  աշխարհին քաղաքական խիղճն է, ու, աւելի՛ն, պապը անզօր չէ:

Թրքական նեղմտութեան դէմ, ի պաշտպանութիւն ալեհեր Աթենակորասին, Պապին այցելութիւնը Թուրքիա, մեծ նշանակութիւն ունէր: Երբ Պոլիս, երկրաշարժի այնքան մօտակայքը, ողջունեց պապը, քահանայապետին համար արդար մակդիրը նշանակուեցաւ.- քաջ:

Քաջութենէն աւելի բան մը եւս պատահեցաւ այցելութեան ընթացքին: Երբ պապը մտաւ Այա Սոֆիա «թանգարան»-ը, Աստուծոյ մարդը Աստուծոյ տուաւ զայն: Դարերու ժապաւէնը երկվայրկեանի մը մէջ անցաւ իր աչքերուն առջեւէն ու, քահանայապետը, ծունկի ինկաւ ու աղօթեց…

Թուրքերը գոհ չմնացին այս աղօթքէն:

Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը, «կաֆ» մը ընդհանուր խորագիրին տակ, կը գրէ. «Մենք կը յուսայինք, որ Պապը հաշուի կ՛առնէր թուրքերու զգացումները եւ հեռու կը մնար որեւէ շարժումէ, որ կրնար զանոնք վիրաւորել: Այա Սոֆիայի իր աղօթքը դպաւ մեր ազգի ամէնէն զգայուն կէտին:

«Իր աղօթելը կը փաստէ, որ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տրուած չէին իրեն եւ կամ` աղօթքը Այա Սոֆիայի մէջ սրտաբուխ էր: Ցաւալի է, որ պապը կը հեռանայ մեր երկրէն, հոն ձգելով գէշ յիշատակ մը»:

Այսպէս. թուրքերը վիրաւորուած են: Վիրաւորուած են, որովհետեւ պապը աղօթած է Այա Սոֆիայի մէջ:

Այա Սոֆիան, նախակրթարանի աշակերտները անգամ գիտեն, եկեղեցի եղած է: Այդ հոյակապ եկեղեցին վերանորոգուած է Տրդատ հայ ճարտարապետին կողմէ, հայկական ոճով: Հռոմէական-քրիստոնեայ գլուխ գործոց եկեղեցի մը` մինչեւ թուրքերու մուտքը Կոստանդնուպոլիս:

Թուրքերը, առանց յոգնութեան, մզկիթ մը շինել կարծեցին` Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելով: Եկեղեցին մզկիթի վերածելու այդ ամօթալի «կաֆ»-ը, Աթաթուրք կարծեց սրբագրած ըլլալ, մզկիթի վերածուած այդ Աստուծոյ տունը վերածելով… թանգարանի:

Սրբավայրերու նկատմամբ իրենց անարգանքը մոռցած` թուրքերը կը մեղադրեն պապը: Այա Սոֆիան եկեղեցի էր, աշխարհ գիտէ: Եկեղեցի մը մզկիթ չի կրնար ըլլալ, ինչպէս մզկիթ մը եկեղեցի չի կրնար ըլլալ, ինչպէս եկեղեցի ու մզկիթ չեն կրնար սինոդի վերածուիլ. կրկին աշխարհ գիտէ: Թանգարանի վերածելով զայն, քաղաքակրթուածութեան լրիւ փաստ մը տուած չէ եղած Թուրքիան:

Պապը ծնրադրեր ու աղօթեր է Այա Սոֆիայի մէջ: Թուրքերը բարկացեր են: Պօղոս Զ.ի ծունկը պատմութեան անցաւ: Աւելի՛ն, այդ ծունկը փաստ մը տուաւ աշխարհին.- այն` որ սիրտը իր խօսքը ունի, որ աւելի զօրաւոր է, քան մտքի ու քաղաքականութեան բանաձեւերը: Այդ ծունկը (սրտի՛ ծունկը) ծունկի պիտի բերէ բոլոր այլ տրամաբանութիւնները, որոնք զուրկ են սրտի մտածումէն:

ԱՍՏՂ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ֆրանսիս Քիւրքճեանին Վերջին Անուշահոտը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In