Գրականութիւնը
Թեք Մակարդակի Վրայ
Մեր գրական առօրեային հետեւող մը ցաւով պիտի հաստատէ, որ ստեղծագործական քիչ բան կ՛արտադրուի ընդհանրապէս:
Անգամ Միջին Արեւելքի մէջ գրականութեան անունով զանգուածին հրամցուածը մասամբ ժխտումներով ու ուրացումներով լեցուն գրութիւններ են:
Նորութեան անունով «տեսութիւն»-ներու պարզաբանումին լծուած, կամ գրական նոր ուղիներու միտող շնչատ պոռթկումներ են մէկ մասը փորձուածներուն, որոնց կը պակսի անհատական խառնուածքէն ճառագայթող հզօր լոյսը:
Շատեր լռելեայն լծուած են գրական նոր հանգանակներու, որոնց պահանջը չկայ: Երբ մարդ ունի ըսելիք մը, պէտք է զգայ ներաշխարհին մէջ խլրտումներ:
Լրագրական սիւնակներէն շաբաթաթերթերու եւ պարբերականներու էջերուն փոխադրուած գրութիւններ կան, որոնք կը յուսալքեն ձեզ:
Զամբիւղը նետուելու սահմանուած ոտանաւորներ եւ վրիպած երգիծանքի թխածոներ, մեծախորագիր, կը թառին էջերու գլուխը ու կը ներկայացուին ընթերցողներու` իբրեւ գրականութիւն:
Ժամանակը կը սահի, տարիներ կը յաջորդեն տարիներու ու մատի վրայ համրուող արժէք ներկայացնող հազիւ թէ քանի մը գործերու կը հանդիպիք:
Ու ասիկա` հակառակ անոր որ մեր արձակը շատերու կողմէ կը գործածուի որոշ բծախնդրութեամբ:
Երիտասարդ գրողներու փաղանգ մը ունինք, որ դեռ գտած չէ իր ուղին:
Մինչ կարեւոր է, որ առաջին օրէն իսկ գրող մը կեդրոնանայ իր նախասիրած գրական սեռին վրայ:
Պատմուածքը, օրինակ, որով համբաւի տիրացան Զոհրապ, Արփիարեան, Բաշալեան եւ այլն, քիչերու պեղած կալուածը դարձեր է: Առօրեան եւ իր անխուսափելի ժխտումները յանկարծ կը շեղեն անգամ շնորհ ունեցողները, որոնք ձգած իրենց նախասիրած սեռը` կը յածին նոր մարզերու վրայ:
Քանի մը յաջող քերթուածներու հեղինակը դառնալէ ետք, ենթական նորավէպի, քննադատութեան կամ թատրերգական նոր կալուածներու մէջ կը դեգերի:
Կեդրոնացած դէմք դառնալու պարագայ մը կայ, որ կարեւոր է, եթէ ենթական հարկադրուած չէ ակամայ պահանջներու իր տուրքը տալու:
Չենք ուրանար որոշ տաղանդներու գրական մէկէ աւելի սեռերու մէջ համբաւի տիրացած ըլլալու պարագան:
Կայ տարիք մը սակայն, ուր կեդրոնացումը ստիպողական է:
Կեդրոնացում, պարզապէս խորանալու, ուսումնասիրելու եւ պեղելու նպատակով գրական սեռ մը:
Մեր գրական առօրեան, երեք չորրորդով հրապարակախօսութիւն է, թէպէտ արուեստի բծախնդրութեամբ ասպարէզ իջած նորեր կը փորձեն արհամարհանքով ու մատերու արանքէն նայիլ գրականութեան այս սեռին, ուր կան ամէն ազգի հեղինակութիւններ` ստուերի մէջ ձգող արուեստէն ճառող շատ մը գրական միջակութիւններ:
Արուեստի անունով երբ անոնք իրենց ժամանակը ամուլ կը վատնեն, հրապարակախօսը գոնէ կ՛աշխատի առօրեայ իր սպառումով արթնութեան մղել ընթերցողը, սիրցնել անոր հայ լեզուն, հայրենիքը, հայ դատը եւ կոչում ընելով անոր խղճմտանքին` կապել զայն հայութեան:
Մեր գրական առօրեան, այն, որ սփիւռքի մէջ կը մատուցուի հայ ընթերցողին մաքրարիւն գրականութեան անունով, միշտ եւ անայլայլօրէն չի կրեր արուեստի բծախնդրութիւնը:
Հոն եւս նշմարելի է կիրքը:
Ուրացումը եւ մաղձը հոն ալ կը կատարեն իրենց աւերները:
Աւելի՛ն. նկատումներ եւ հաշիւներ կը գործեն ի վնաս ընդհանրական շահերու եւ տիրական արժէքներու:
Իբրեւ գրականութիւն` կը տրուին թխածոներ, որոնք ոչինչ ունին գեղեցիկ եւ արժէքաւոր:
Կը յիշուին արդէն մոռցուած եւ միջակ անուններ, որոնք աշակերտները չեն կրնար ըլլալ ուրացուած տաղանդներու:
Գրական առօրեային մէջ կը հայելիանան այդ բոլորը` վստահութիւն պատճառելու աստիճան ցաւագինօրէն:
Պիտի ուզէինք, որ գրականութիւն սիրող նորեր հեռու մնային արուեստագէտը մանրացնող այս բոլորէն:
Նուիրուէին իրենց կոչումին:
Մշակէին գրականութեան որոշ սեռ մը` իրենց նախասիրածը, ու գէթ շրջանէ մը ետք փորձէին, օրինակ, արձակի զուգահեռ, չափածոն, կամ չափածոյին զուգահեռ` արձակը:
Վարժապետականը, մանաւանդ` առաջ քշուած ներկայիս, ոմանց կողմէ իբրեւ գրադատութիւն, հազիւ թէ բարձունք մը կարենայ առաջնորդել սահմանափակ պատրաստութեամբ կարգ մը նորեր:
Ապերախտ է գրական այս սեռը, երբ զայն փորձողը կ՛առաջնորդուի աւելի իր բողկուկներով, քան` դարերու ստեղծագործութիւններէ համբարուած ծանօթութիւններով:
Մեր գրական առօրեան պէտք ունի բիւրեղացումի:
Ան կը յորդի, իր սահանքին խառնուած` բերելով տիղմեր ու խիճեր եւս, մինչ հունին խորութեամբ եւ հանդարտութեամբ, պայծառացման պէտք ունի ան:
Նորեր, որոնց մէջ տաղանդով օժտուածներ պակաս չեն անկասկած, պէտք է խնայեն իրենց ուժերը:
Պէտք է կեդրոնանան ու ապրող գործեր տան մեզի:
Ժամանակի պահանջն է ասիկա. չմոռնա՛նք:
«ԱՐՄԵՆԻԱ»
Եղիշէ Չարենցի Ծննդեան
70-ամեակը Հայաստանի Մէջ
Մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 70-ամեակը արժանավայել կերպով նշելու համար, Հայաստանի մէջ, ամէնուրեք կը տարուին նախապատրաստական աշխատանքներ:
Ակումբներու, մշակոյթի տուներու, գրադարաններու մէջ ստեղծուած են ցուցահանդէսներ, որոնց միջոցով մարդիկ հանգամանօրէն կը ծանօթանան մեծ երգիչի կեանքին ու գրական, հասարակական գործունէութեան անոր գործերուն:
Յոբելենական օրերուն գրադարաններու, ակումբներու, ուսումնական հաստատութիւներու մէջ պիտի կազմակերպուին դասախօսութիւններ, զեկուցումներ, չարենցեան ընթերցումներ, գրական-գեղարուեստական ցերեկոյթներ եւ երեկոներ:
Երեւանի պետական համալսարանի, Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական, Լենինականի Միքայէլ Նալբանդեանի անուան մանկավարժական եւ այլ հաստատութիւններու մէջ տեղի կ՛ունենան գիտական դասախօսութիւններ:
Ուիլիըմ Սարոյեանի
Թատրերգութիւնները`
Պատկերասփիւռէն
Ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեանի մէկ արարնոց երկու թատրերգութիւնները` «Սիրտս բարձունքներու վրայ» եւ «Անգամ մը զանգուածի շուրջ», վերջերս ներկայացուած են Պոսթընի պատկերասփիւռէն:
Ուսումնասիրութիւններ`
Միջնադարեան Հայկական
Բառագիրքերու Մասին
Երեւանի Գիտական կաճառի լեզուագէտ Հայկ Համալեան խիստ շահեկան ուսումնասիրութիւն մը կը պատրաստէ միջնադարեան 5-15 դարերու հայկական հին բառագիրքերու մասին:
Իր ուսումնասիրութեան մէջ Հայկ Համալեան կը խօսի ժամանակակից ամէն տեսակ բառագիրքերէ նախատիպարներ պարունակող 650 ձեռագիրներու մասին: Եւ այդ նախատիպարներու ու հելլէն, պարսիկ, արաբ, հրեայ, լատին եւ մոնկոլ լեզուներու միջեւ կապակցութիւններ կը հաստատէ: