Հայասպանութիւնը
Մեթր Մուսա Փրենսի Մամլոյ Ասուլիսը
Զարմանալի պիտի չթուի երբեք, եթէ ըսենք, որ ներկայիս հայ ժողովուրդի եւ անոր արդար Դատի ամէնէն անկեղծ բարեկամը լիբանանցի մըն է, զաւակը` այն երկրին, ուր հայութիւնը, իր ընդունակութիւններուն հարազատ արտայայտութեամբ, կը ներկայանայ թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հանրային կեանքին մէջ:
Այդ բարեկամը` երիտասարդ, կենսունակ լիբանանցի մը, որուն համար Քոռնէյ պիտի կրկնէր իր նշանաւոր խօսքը.
Բարեծնունդ հոգիներուն համար,
Արժէքը չի սպասեր տարիներու թիւին:
Մեթր Մուսա Փրենս, որուն մասին առիթը ունեցած էինք խօսելու ամիս մը առաջ, երբ կը մեկնէր Փարիզ` Ցեղասպանութիւնը կանխարգիլող համագումարին ներկայացնելու համար արդի ժամանակներու առաջին ցեղասպանութիւնը, որ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին գործուեցաւ հայութեան դէմ, քանի մը օր առաջ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց հայ մամուլի ներկայացուցիչները եւ զեկուցում տուաւ համագումարին ու մանաւանդ իր աշխատանքներուն մասին:
Խանդավառ, լաւատես, բայց նոյն ատեն իրապաշտ` մեթր Փրենս աւելի քան երկու ժամ մխրճուեցաւ իր նիւթին մէջ` գերազանցապէս մարդկային հարցով մը նուաճուած մարդու զեղումով մը, ուր թէեւ իրաւաբանի պերճախօսութիւնը առիւծի բաժինը ունեցաւ, բայց անկեղծութիւնը տիրապետող գիծն էր անկասկած:
Զեկուցաբերը նախ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս իր ԴԱՏԸ դարձուցած է հայասպանութիւնը, այդ բառին ֆրանսերէն թարգմանութեան` L՛Arménocide, հայրը ըլլալու արդար հպարտութեամբ: Յիսուն տարի առաջ հայ ժողովուրդին հաւաքական գոյութեան դէմ գործուած այդ ոճիրը, որուն դերակատարը հանդիսացաւ Երիտասարդ թուրքերու Թուրքիան, խաչակիրներու սերունդին պատկանող այս երիտասարդ լիբանանցիին կը ներկայանայ իբրեւ մեծագոյն ցեղասպանութիւնը, որ այսօր կը ծանրանայ, պէ՛տք է ծանրանայ, մարդկութեան խղճին` արդար հատուցումի մը ակնկալութեամբ:
«Հայասպանութեան մէջ,- ըսաւ մեթր Փրենս, կը տեսնենք իսկական ցեղասպանութեան մը բոլոր յատկանիշները` ցեղ մը իր արմատէն չորցնելու, ամբողջութեամբ անոր հետքը ջնջելու ծրագրուած դաւ մը, որ իր նախընթացը չունի մարդկութեան մէջ: Ու եթէ ատոր վրայ ալ աւելցնենք այն իրողութիւնը, որ հայութեան դէմ գործուած այդ անպատմելի ոճիրը մնաց ու կը մնայ անպատիժ, կը տեսնենք, որ ցեղասպանութեան հարցով զբաղող միջազգային մարմիններն ու անձնաւորութիւնները առաջին հերթին պէտք է իրենց օրակարգին վրայ ունենան հայասպանութիւնը, sui generis-ը հետագայ բոլոր ցեղասպանութիւններուն»:
Անշուշտ մեթր Փրենսի այս նախաձեռնութիւնը հաճելի չէ թուած միջազգային կարգ մը շրջանակներու, որոնցմէ ոմանք շատ հասկնալի պատճառներով կ՛ուզեն, որ երբեք չխօսուի հայասպանութեան մասին, որպէսզի աշխարհ միայն Աստուծոյ «ընտրեալ ցեղը» նկատէ առաջին եւ միակ զոհը ցեղասպանութեան` առանց անդրադառնալու, որ նոյն ինքն Հիթլերի խոստովանութեամբ, Բ. Աշխարհամարտի ցեղասպանութիւնները կարելի պիտի չըլլային` առանց հայկական 2 միլիոնի նախընթացին:
Արդարեւ, 800 էջերէ բաղկացած ստուար հատորը, որ պատրաստուած է մեթր Փրենսի կողմէ, առաջին էջին վրայ կու տայ կապը քսաներորդ դարու երկու ցեղասպանութիւններուն, Թալէաթի եւ Հիթլերի հետեւեալ հրահանգներուն մէջէն.
Այո՛, եղերականօրէն ճիշդ էր Հիթլերի ինքնավստահութիւնը, որ կու գար մարդկային անարդար մոռացումէ մը: Ու ճիշդ է նաեւ այն, որ եթէ այսօր մարդիկ կ՛ուզեն ցեղասպաններուն պատուհասումը եւ զոհերուն հատուցումը, ատիկա կ՛ըլլայ այն հիմնական մտահոգութեամբ, որ այսուհետեւ ոչ մէկ ցեղասպանութիւն անպատիժ մնայ եւ այդ իսկ պատճառով քաջալերէ գալիք ոճիրները, ինչպէս Հիթլեր քաջալերուեցաւ հայասպանութեան հանդէպ աշխարհի քար անտարբերութենէն:
Լիբանանցի իրաւաբանը վճռական է այս կէտին շուրջ: Անզիջող` միջազգային կարգ մը շրջանակներու զայրոյթը իր անձին ու գործին դէմ գրգռելու պատրաստակամութեամբ, եւ այս` ոչ թէ իբրեւ հայասէր, ինչ որ բաւարար չի նկատեր այնքան սրտով կապուելու համար հարցի մը, եւ` շատ անկեղծօրէն, այլ իբրեւ արդարութեան ծարաւի մարդ, որուն համար որեւէ ազգի դէմ գործուած ոճիրը ամբողջ մարդկութեան, մարդուն էութեան դէմ գործուած արարք մըն է եւ դատապարտելի` որպէս այդպիսին:
«Անցեալ տարի, երբ հրաւէր ստացայ Ոճրային կանխարգիլումի միջազգային Բ. համագումարին մասնակցելու, անմիջապէս մտածեցի հայասպանութեան մասին, երբ տակաւին մէջս թարմ էր յիշատակը յիսնամեակի այն արարողութեան, որ 1965-ի ապրիլ 25-ին տեղի ունեցաւ Պէյրութի մարզաւանին մէջ, բազմահազար լիբանանահայերու մասնակցութեամբ: Իսկոյն գացի Փարիզ եւ պահանջեցի ըլլալ համագումարին զեկուցաբերներէն մէկը` ներկայացնելով նիւթս. ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Առարկուեցաւ, թէ հայկական ջարդերը ցեղասպանութիւն չեն, ուստի չեն կրնար նիւթ ծառայել համագումարին: Պայքարեցայ եւ տեսակէտս պարտադրեցի: Առաջին յաղթանակը շահուած էր:
«Երկրորդը շահուեցաւ անցեալ ամիս, համագումարին մէջ, ուր ներկայացուցի գիրքիս ներածականը` վաւերաթուղթերու պատկառելի շարքով մը: Լսեցին բոլորը` տպաւորիչ լռութեան մը մէջ, մինչ ես, հոգիներէն ներս, կը տեսնէի, յստակօրէն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, որ թէեւ` յաճախ անխոստովանելի, կ՛արմատանար իրենց մէջ` իբրեւ ներկայացուցիչները մարդկային խղճին:
«Բայց այդ յաղթանակը դիւրութեամբ չշահուեցաւ: Հարկ եղաւ մանաւանդ պայքարիլ բանաձեւին մէջ մտցուելիք իւրաքանչիւր բառին համար: Ի վերջոյ 67-ի դէմ 72 ձայնով, կը տեսնէ՞ք` որքա՛ն դժուարութեամբ, կարելի եղաւ քուէարկել հետեւեալ բանաձեւը.
«Համագումարը կը դատապարտէ ցեղասպանութիւնը եւ կը պահանջէ, որ պատուհասուի եւ հատուցում ըլլայ ԱՆՊԱՏԻԺ ՄՆԱՑԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ համար:
«Այդ «ԱՆՊԱՏԻԺ ՄՆԱՑԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ», ոչ մէկ կասկած, որ հայասպանութիւնն է, ինչպէս խորագրած եմ գիրքս. «UN GÉNOCIDE INPUNI – L՛ARMÉNOCIDE».
«Համագումարը որոշեց նաեւ ստեղծել մնայուն դատարան մը, բաղկացած` միջազգային օրէնսգէտներէ եւ դատաւորներէ, ջնջելու համար ցեղասպանութիւնը կամ դատելու համար ցեղասպանութեան որեւէ պարագայ, օգտուելով Նիւրենպերկի դատարանին նախընթացէն, բայց այս անգամ մնայուն հանգամանքով եւ ոչ թէ` պարագայական:
«Որոշուեցաւ նաեւ գոյացնել մատենադարան մը, ուր պիտի ամփոփուին ցարդ կատարուած ցեղասպանութեանց վերաբերեալ բոլոր փաստաթուղթերը:
«Վերջապէս, որոշուեցաւ այս բանաձեւը յանձնել Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ու Թանին` առ ի գործադրութիւն»:
Չենք մտներ համագումարին յարակից մանրամասնութիւններուն մէջ, զանց կ՛ընենք նաեւ երախտագիտական այն արտայայտութիւնը, որ մեթր Փրենս ունեցաւ փարիզահայ կարգ մը երիտասարդներու հասցէին, որոնք պահապան հրեշտակի մը նման հսկած են` պաշտպանելու համար մեր խիզախ բարեկամը: Կրնանք ըսել միայն, որ մեթր Փրենս ընտրած է դժուարին ճամբայ մը, որուն մէջ իր յոգնութեան միակ սփոփանքը, գիտէ, պիտի ըլլայ ազնիւ ժողովուրդի մը արդար Դատին նուիրուած ըլլալու հոգեկան անսպառ բաւարարութիւնը:
Ու հիմա կ՛անցնինք գործնականին:
Ասուլիսի ընթացքին մեր ուշադրութիւնը գրաւեցին հաստափոր թղթածրարներ, որոնք խնամքով դասաւորուած էին վարպետին գրասեղանին վրայ: Շուտով յայտնի եղաւ, որ անոնք ձեռագիրներն են այն 800 էջնոց հատորին, որուն ներածականը միայն հրատարակուած է ներկայիս ու յանձնուած` միջազգային բոլոր մեծ դէմքերուն եւ մատենադարաններուն:
Մեթր Փրենս կ՛ուզէ, եւ` շատ հասկնալի պատճառներով, օտար հրատարակչականի մը յանձնել այս գործին հրատարակութիւնը, որպէսզի անոր միջազգային տարածումը ըլլայ կարելի եղածին չափ համասփիւռ, համաշխարհային: Հրատարակչական բազմաթիւ տուներ կրնան հետաքրքրուիլ այս երկասիրութեամբ, պայմանաւ որ հեղինակը որոշ հաւաստիք տայ անոր տարածման մասին: Տասը հազար հատորի նուազագոյն մը անհրաժեշտ է այդ հետաքրքրութիւնը ստեղծելու եւ մեթր Փրենսի գիրքին 60-70 հազար տպաքանակով հրատարակութիւնը ապահովելու համար:
Առ այդ, բացուած է արդէն բաժանորդագրութեան արշաւը եւ պատրաստուած են թղթիկներ, որոնք պիտի բաժնուին հանրութեան եւ լեցուելով` պէտք է ղրկուին նշանակուած հասցէին` պահանջուած թիւը գոյացնելու համար:
Օտար սրտակից բարեկամ մը կատարած է իր պարտականութիւնը մարդկային դատի մը հանդէպ: Կը հաւատանք, վստահ ենք, որ հայութիւնը իր պարտականութեան մէջ պիտի չթերանայ ոչ միայն այդ Դատին, այլ մանաւանդ այն նուիրումին հանդէպ, որուն գեղեցիկ վկայութիւնը կու տայ յարգելի վարպետը:
Այդ վստահութիւնը փոխանցելով` բաժնուեցանք մեթր Փրենսէն, որուն հետ մեր կապը այսուհետեւ պիտի ըլլայ տեւական ու կենդանի:
Տ. ՈՍԿՈՒՆԻ