Արուեստի Ապագան
Գլխիվայր յեղաշրջումներու դարը կ՛ապրինք: Կ՛եռայ երկրագունդը տիեզերացայտ կրակի մը վրայ: Սահմաններ կը քանդուին, նորեր կը պատնէշուին` վաղանցուկ կեանքով: Սեւը կը խառնուի ճերմակին: Դեղինը, լաւայի պէս, կ՛ուզէ դուրս գալ, յորդիլ կաթսայէն: Կատարեալ հարիսայ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ համը, եւ ո՞վ պիտի ճաշակէ զայն ի վերջոյ, երկաթէ շերեփով:
Չկարենալով ճարել այս հարցումին պատասխանը, եուկոսլաւ գրող մը` Մոմիրսքի երկու «գիրք» հրատարակած է վերջերս` հետեւեալ խորագիրներով. «Արդարութիւն գոյութիւն ունի՞ աշխարհիս վրայ» եւ «Ի՞նչ պիտի մնայ Բ. Աշխարհամարտէն ետք»:
Առաջին «Հատոր»-ի խորագրին յաջորդող էջերուն վրայ տպուած է միայն… հարցական նշան մը: Իսկ երկրորդ «երկ»-ին էջերը… սպիտակ են, բոլորովին մերկ:
Վերջին հրատարակութիւնները առաջին ճարպիկութիւնները չեն այս անճարակ «հեղինակ»-ին Մօտ տասը տարի առաջ,
1958-ին, Մոմիրսքի շահած է աշխարհի ամենակարճ գրքին մրցանակը եւ տիրացած` համբաւի, իր «Ո՞վ կը կառավարէ աշխարհը» խորագրեալ «գիրք»-ով, որուն էջերուն վրայ կար միայն մէ՛կ բառ` Դրա՛մը (եթէ վստահ ըլլար, որ մրցանակը իրեն տալու չափ յիմար պիտի ըլլային մարդիկ` Մոմիրսքի քաջութիւնը կ՛ունենար գրելու, փոխան մէկի` երկու բառ` Դրամը եւ Յիմարը):
Սկիզբը «գրականութիւն» ըրած էր գոնէ բառով մը, յետոյ` հարցանշանով մը, իսկ հիմա աւելի բարակցած, բիւրեղացած է իր «արուեստ»-ը եւ հասած` անբիծ սպիտակութեան, այսինքն` պարապին ու պարապաբանութեան:
Նափոլէոնէն առաջ եւ ետք, ամէնէն միամիտն անգամ գիտէ, որ դրա՛մն է աշխարհի գերահզօր տիրակալը (դժբախտաբա՛ր):
Աշխարհի ամէնէն յետին անկիւնը ապրողին համար հարցումը հարցում կը մնայ այն, որ հրեային եւ թուրքին ծնած օրերէն ասդին արդարութիւն մնա՞ց երկրին երեսին:
Իսկ ոչ ոքի համար գաղտնի է որ ջրածնային ռումբերով, մահուան ճառագայթներով եւ մասամբ սոցին զէնքերով, Աստուած մի՛ արասցէ, եթէ երկրագունդի աջ եւ ձախ կէսերը իրարու զարնուին այս անգամ` բան չի մնար աշխարհէն (ոչ իսկ Մոմիրսքիի գիրքին սպիտակ թերթերը…):
Բայց գրականութեան անունով եւ գրողի պատմուճանով Մոմիրսքին միայն «խիզախուեցաւ» վերոյիշեալ ճշմարտութիւնները հաստատող արուեստի «նոր գիւտը», «սպիտակ լարախաղացութիւնը» ընել` Տիրոջ Այգիին մէջ:
Լսած էինք նկարիչներու մասին, որոնք յանդգնութիւնը ունեցած էին, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ամենամեծ ոստաններուն մէջ, նկարչական ցուցահանդէսի իբրեւ գլուխ-գործոց` ճերմակ, բայց բոլորովին անաղարտ ու սպիտակ պաստառ մը ցուցադրել հանրութեան:
Իմացած էինք նաեւ նուագախումբերու մասին, արուեստի մայրաքաղաքներու մէջ, որ ժպրհած էին, բեմի վրայ եւ խմբավարի չափատուութեան հետեւելով, ամբողջ մէկուկէս ժամ միայն… լռութիւն արտաբերել իրենց նուագարաններէն:
Բայց կոյս էջերով գիրքի, անբառ գրականութեան մասին նոր է, որ կը լսենք արդարեւ:
Քանի որ ճերմակ թուղթն ու պաստառը եւ լռութիւնը գերագոյն արտայայտութիւններն են արուեստին ալ ի՞նչ պէտք կայ գիրք կարդալու, ցուցահանդէսի կամ երաժշտական ունկնդրութեան երթալու` նեղ սրահներու մէջ:
Երբ արուեստ ըմբոշխնելու փափաքը ունենանք այսուհետեւ, երթանք շիտա՛կ… գերեզմանատուն: Հոն ալ շիրմաքարերը ճերմակ են, եւ լռութիւնը` բացարձակ ու խոր կամ` մագլցինք ձիւնագագաթ լեռները` Ալպեան, Հիմալայեան… (Լեռնագնացներուն երանի՜, հազա՛ր երանի: Մե՛ղք, որ Արարատի կատարը անմերձենալի է մեզի…):
Ինչպէ՞ս չյիշել խենթի սա պատմութիւնը.
Հոգեբուժը յիմարանոցին մէջ կը մօտենայ պաստառին առջեւ կեցող մտագարին, որ ճերմակի վրայ ճերմակ կը ներկէ:
– Ի՞նչ է գծածդ, ձիւնապատ դա՞շտ մը:
– Ո՛չ, շուն մը, որ ոսկոր կ՛ուտէ:
– Բայց,- կ՛ըսէ բժիշկը` ակնոցները շտկելով,- ես ո՛չ ոսկոր կը տեսնեմ, ո՛չ ալ շուն:
– Ոսկորը կերաւ:
– Իսկ շո՞ւնը ուր է:
– Ոսկորը ուտելէն ետք փախա՛ւ:
Բայց` կատակը մէկդի: Հոգւով ու մտքով բոպիկ եւ մերկ այս մահկանացուները մինչեւ ո՞ւր պիտի տանին Գրականութիւնն ու Արուեստը:
Առօրեայ կեանքի մէջ մերկակեցութիւնը արտօնուած է միայն մատի վրայ համրուող քանի մը քաղաքներու մէջ, ան ալ` սահմանագծուած պարիսպներու ետեւ:
Կարելի չէ՞ ստեղծել միջազգային ուժ մը, որ հաւաքէ արուեստագէտի անունով հրապարակներու վրայ իրենց «մերկութիւնը» ցուցադրող եւ մարդկութեան քիթին խնդացող այս մոլորեալները, եւ զետեղէ` մասնայատուկ «այգի»-ի մը մէջ: Հոն ուզածնուն չափ թող դիտեն եւ ըմբոշխնեն մէկզմէկու սպիտակութիւն եւ մերկութիւն եւ արբենան իրարմով:
Ո՞ւր մնաց Յիսուսի մտրակը:
Որքան ալ Կեանքը ենթակայ մնայ տակաւին քաոսայի խմորումներու, որոշ իրողութիւններ ակնյայտ են բոլորին:
Բարոյական ըմբռնումներու կենցաղային կիրարկումները, տարբեր երկրէ-երկիր, որքանո՞վ կը համապատասխանեն այսօր մարդկային բնութեան եւ բուն իսկ բարոյական էութեան` դժուար է հաստատումներ կատարել: Խարխափում եղած է առաջին մէկ օրէն այս գետնի վրայ, եւ այդ խարխափումը կրնայ շարունակուիլ դեռ ընդերկար:
Բայց գիտութեան թեքնիք նուաճումները, եւ անոնցմէ ծնած չարիքի կողքին անուրանալի բարիքները` շօշափելի, լոյսի պէս պայծառ են սեւին, դեղինին ու ճերմակին համար:
Գալով արուեստին ու գրականութեան սրբապիղծներու ներկայութիւնը զանցառելի արհաւիրք մը չէ անոնց գոյութեան դէմ: Մեծ է թիւը դժուարութեանց առջեւ դասալիքներուն, որոնք ուշադրութիւն կ՛ուզեն գրաւել մէկ օրէն միւսը, դիւրին ճարպիկութիւններով, ի չգոյէ խոր հաւատքի, աննահանջ աշխատանքի եւ տաղանդի:
Նորափետուրներ, նոյնիսկ` գրական արբունքի հասած եւ աքաղաղի ձայներ հանող գրողներ, մեր մէ՛ջ ալ սկսած են նորաձեւութեան եւ նորարարութեան փորձերու անձնատուր ըլլալ: Քանի մը քերթուածով «լուսածուփ» հատորներ լեցնողներ եւ հրապարակողներ բանաստեղծի գլուխ կը ցցեն հոս ու հոն: Բառախաղերով ու բառակոյտերով գրագէտի փափախ դնող կառապաններ կ՛ուզեն ձեռք անցընել մեր նորագոյն գրականութեան սանձերը:
Այսքանը դեռ յուսալքիչ չէ, այն պարագաներուն գոնէ, որ ջարդուփշուր չ՛ըլլար մեծասքանչը: Նորութեան ալիքները կու գան ու կ՛անցնին: Ամրախարիսխ ապառաժները կը մնան հաստատ ու յաւիտեան:
Տա՛ր Աստուած, որ պահ մը քնացած ըլլային նորաձեւութեան մեր սիրահարները, եւ Մոմիրսքին հետեւորդներ չունենար մեր «փոքր ածու»-ին մէջ:
Այլապէս վաղուան մեր գրականութիւնը կրնայ դառնալ սպիտակ թուղթերու ովկիանոս մը, սպիտակ շիրմաքար մը, որուն վրայ նոյնիսկ պիտի չկարենանք կարդալ` «Հայ գրականութիւն»:
Յ. ԳԵՂԱՐԴ
Եղիշէ Չարենցի Յիշատակը
Յաւերժացնելու Համար
Ականաւոր բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, ծննդեան եօթանասունամեակին առիթով, Հայաստանի նախարարաց խորհուրդը որոշած է Երեւանի մէջ կանգնեցնել Չարենցի արձանը:
Յանձնարարուած է մշակոյթի նախարարութեան` յայտարարել Չարենցի արձանի նախագիծի մրցոյթ:
Մեծ բանաստեղծին անունով պիտի կոչուի Հայաստանի մշակութային նախարարութեան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը:
Յանձնարարուած է Չարենցի անունով կոչել Գիւմրիի հրապարակներէն մէկը:
Չարենցի անունով թոշակ մը պիտի սահմանուի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական հաստատութեան մէջ:
Պիտի արագացուի նաեւ Չարենցի` Երեւանի նախկին բնակարանին ազատումը տուն-թանգարան դարձնելու համար: