Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Յուլիս 1967)

Յուլիս 26, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսական Կեանք

Գիւղացիութեան Գաղթը
Դէպի Քաղաքներ

Աշխարհիս ամէն կողմէն ահազանգ կը հնչեցնեն դէպի քաղաքներ գիւղացիութեան գաղթի մասին: Մարդկային կեանքի նոր պայմաններու բերումով հողագործը, եւ, մասնաւորապէս, հողագործին զաւակները կը թողուն գիւղը եւ իրենց ապագան կը փնտռեն քաղաքներու մէջ:

Գիւղացիին գաղթը Լիբանանի համար ցաւալի երեւոյթ մըն է, ուր բոլոր տեսակի սննդեղէնները, հացէն սկսեալ, դուրսէն կը ներածուին: Դէպի քաղաք գաղթը տարափոխիկ հիւանդութեան պէս արմատ ձգած է գիւղական շրջաններու մէջ: Գիւղացիին զաւակները հազիւ քիչ մը ուսում առած` կը լքեն հողը եւ կը նետուին քաղաքներու ժխորին մէջ` օրուան չոր ապրուստը ճարելու համար: Անոնց աչքին քաղաքը դրախտ, ապրուստը դիւրամատչելի, կեանքը հաճելի եւ ապագան շողշողուն կ՛երեւին: Երեւոյթ մը, որ դժբախտաբար դժուար է անմիջական միջոցներով առաջքը առնել:

Ճիշդ է, որ ներկայ հողագործութիւնը լիուլի գոհացում չի տար գիւղացիին բոլոր պահանջներուն: Մէկ խօսքով, հողային արդիւնաբերութիւնը չի բաւարարեր գիւղացիի այսօրուան բազմապիսի ծախքերուն: Գիւղացիներ կան, որոնք պարտքերու լուծին տակ խեղդուած են: Պատահի, որ երաշտ տարուան հանդիպի վճարումը, խեղճ գիւղացին առաւել եւս կը մխրճուի բաղադրեալ տոկոսի հաշիւներուն մէջ:

Յաճախ լսած ենք, որ Լիբանանի հողը անբաւարար է հողագործութեան համար: Մինչդեռ պետութեան «Կանաչ փլան»-ի գրասենեակին տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ահագին հողեր կան, որոնք անմշակ ձգուած են գիւղացիութեան կողմէ:

Հողային արդիւնաբերութիւնը Լիբանանի ազգային եկամուտին կու տայ տարեկան 400 միլիոն լ. ոսկիի հասոյթ, որ ընդհանուր եկամուտին 18 առ հարիւր տոկոսը կը կազմէ: Հաշիւ եղած է, որ հողային աշխատանքով մօտ 250 հազար հոգի կը զբաղի: Անցեալ  տարի Լիբանան արտածում ունեցած է` 101.590 թոն խնձոր, 99.000 թոն նարինջ, 41.600 թոն կիտրոն, 9870 թոն պանան, 3295 թոն չամիչ եւ հողային զանազան արտադրութիւններ:

Պաշտօնական վիճակագրութիւններու համաձայն, Լիբանանի մէջ կը մշակուի 326.000 հեկտար հող` 2.400.000 բնակչութեան համար: Սննդեղէնի մասնագէտներու կարծիքով, Լիբանանի պէս երկրի մէջ պէտք է անձ գլուխ 100 ար հող (10 տէօնիմ) մշակուի: Մինչդեռ, անձ գլուխ հազիւ 15 ար կը մշակուի: Եւրոպայի մէջ, ուր հողագործութիւնը արդիական մեքենաներով կը կատարուի, հետեւաբար ստացուած արդիւնքը անհամեմատօրէն բարձր է, անձ գլուխ միջինը 35 արի կը հասնի:

Միւս կողմէ, Լիբանանի բնակչութեան աճումը նկատի առնելիք պարագայ մըն է: Ասկէ 25 տարի ետք, եթէ հողամշակութիւնը այսօրուան պէս ընթանայ, կը կարծեն, որ անձ գլուխ 10 արի (մէկ տէօնիմ) պիտի իջնէ: Ըստ «Կանաչ փլան»-ի տուած տեղեկութեան, մօտ 300.000 հեկտար հող անմշակ ձգուած է, որուն 70.000 հեկտարը կը գտնուի լեռնային շրջաններու մէջ` պատերով պաշտպանուած: Շատ բնական է, որ տարիներու ընթացքին անձրեւները այդ պատերը պիտի քանդեն եւ հողն ալ պիտի դառնայ անգործածելի: Դաշտ մը երբ անմշակ կը մնայ, հողը կը կարծրանայ եւ անձրեւի ջուրերը փոխանակ երկրին մէջ մնալու, կը թափին ծովը:

Հողային արդիւնաբերութիւնը գիւղացիի աշխատանքին կապուած հարց մըն է: Այնպէս որ, երբ գիւղացին կը լքէ հողը, հողային արդիւնաբերութիւնն ալ կը նուազի: Լիբանան տարեկան 325 միլիոն լ. ոսկի արժողութեամբ սննդեղէն կը ներածէ, ինչպէս` մսացու անասուն, կաթնեղէն, ալիւր, ցորեն եւ այլ արտադրութիւններ:

Արդարեւ, վերջին տարիներուն ոռոգումի միջոցով պտուղը 100.000 թոնէն (1955) բարձրացած է 225.000 թոնի (1966): Հաւաբուծութիւնը 1955-ին տուած է 5.800.000 լ. ոսկի, իսկ 1965-ին բարձրացած է 45 միլիոն լ. ոսկիի:

«Կանաչ փլան»-ի մասնագէտներու գնահատումով, ժամանակին Լիբանանի անտառները 270.000 հեկտար հող կը ծածկէին: Այսօր հազիւ 74.000 հեկտարի կը հասնի ծածկուած հողը: Կլիմայական տեսանկիւնէն քննելով` այդ տոկոսը 18 առ հարիւրը պէտք է ըլլայ, մինչդեռ 7 առ հարիւր տոկոս կը ներկայացնէ: Այնպէս որ, այսօրուան անտառները նոյնիսկ չեն կրնար երկրին հասարակ փայտի պահանջին գոհացում տալ: Այս պատճառով ամէնէն հասարակ տախտակն անգամ դուրսէն կը ներածուի` տարեկան 30 միլիոն լ. ոսկի արժողութեամբ:

Գիւղացին հողին կապելու մէկ ձեւն ալ անասնաբուծութիւնն է, որուն համար բաւարար արօտատեղիներ անհրաժեշտ են: Անասնապահութեամբ գիւղացին թէ՛ կը զբաղի եւ թէ՛ ալ, ամառ ձմեռ, կենդանական արտադրութեամբ առատօրէն կը սնանի: Այսօր Լիբանան տարեկան 70 միլիոնի կենդանական սննդեղէն կը ներածէ:

«Կանաչ փլան»-ի գրասենեակը, որ հիմնուած է 1965-ին, սկսած է հողը արժեւորելու մասին ուսումնասիրութիւններ ընել: Այս ուղղութեամբ կը պատրաստուի անձնակազմ մը, որ ի վիճակի ըլլայ Լիբանանի գիւղացիութեան կարիքներուն հասնիլ: Ծառաստաններու եւ պտղատու ծառերու տունկեր պիտի տրուին գիւղացիներուն: Մասնաւոր հսկողութեան տակ պիտի առնուին այծերու պահպանման եւ անոնց վերջնականօրէն փճացման պարագան, տրուած ըլլալով, որ այծերը մեծ վնասներ կը հասցնեն կանաչութեան: Վերջապէս, դրամական օժանդակութիւն պիտի ըլլայ գիւղացիին` հողը լաւապէս հերկելու եւ արդիւնաւորելու համար:

1965-ին «Կանաչ փլան»-ի գրասենեակը գիւղացիներուն 54 թրաքթէօր տրամադրած է: Անցեալ տարի 67-ի բարձրացած է: Այս տարի աւելի մեծ թիւով թրաքթէօրներ պիտի յատկացուին: 1965-ին 11.000 տէօնիմ հող հերկուած է, իսկ 1966-ին` 15.000 տէօնիմ: 1965-ին 91 գիւղեր օգտուած են, իսկ 1966-ին` 161 գիւղեր: Փոխ դրամ տրուած է 1965-ին 2,5 միլիոն լ. ոսկի, իսկ 1966-ին` 4 միլիոն լ. ոսկի: Օգտուող գիւղացիներուն թիւը 837-էն բարձրացած է 1500-ի: Աշխատանքը եղած է ընդհանրապէս արտերու մաքրագործում, լեռնային շրջաններու մէջ արտերուն յենարան պատերու, շինութիւն եւ արտերու յարդարում: Ծրագրուած է ոռոգումի համար փոքրիկ ջրամբարներ եւ դաշտերու միջեւ ճամբաներ շինել` փոխադրութիւնները դիւրացնելու համար:

Հողագործութիւնը զարգացնելու եւ գիւղացիութիւնը քաջալերելու նպատակով, «Կանաչ փլան»-ի գրասենեակի 10 տարուան ծրագրային աշխատանքներուն համար, պետութիւնը 40 միլիոն լ. ոսկիի ծախք մը նախատեսած է: Այս տասնամեակին մօտ 150.000 տէօնիմ հող պիտի արժեւորուի, որ հաւասար է հողագործներուն կողմէ ներդրուած 150 միլիոն լ. ոսկիի:

Հողագործական նախարարութեան մէկ տեղեկագրէն կ՛իմանանք, որ 1966-ին հողագործութիւնը Լիբանանին տուած է 331 միլիոն լ. ոսկի հասոյթ, իսկ գիւղատնտեսութիւնը (ագարակներ)` 160 միլիոն լ. ոսկի: Բաղդատելով 1965-ի հետ` մօտ 70 միլիոն լ. ոսկիի յաւելում արձանագրուած է: Սոյն յաւելումը առաջ եկած է հաւաբուծութեան, հաւկիթի եւ հողային արտադրութեան զարգացումէն:

Ամէն պարագայի, Լիբանանի կառավարութիւնը իր կարելի միջոցներով կ՛աշխատի հողային արդիւնաբերութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելով` աստիճանաբար նուազեցնել դէպի քաղաքներ գիւղացիութեան գաղթը:

ԳԷՈՐԳ ՍԱԶՃԵԱՆ

 

Հայերը Երուսաղէմի Մէջ

Երուսաղէմէն 12 յուլիս թուականով կը հաղորդեն «Մարմարա»-ի.

Արաբեւիսրայէլեան պատերազմի օրերուն, ըլլա՛յ Եղիշէ պատրիարքը, ըլլա՛յ բոլոր միաբանները վանք կը գտնուէին եւ ոչ մէկ կորուստ ունեցան: Քաղաքը յանձնուեցաւ առանց կռիւի: Պատերազմիկ կողմերը չուզեցին, որ սրբավայրերը վնասուին, եւ այդպէս ալ եղաւ: Հիմա ամէն բան բնականոն վիճակի մէջ կ՛ընթանայ:

Կռիւներու ընթացքին միայն երկու հայեր վիրաւորուեցան թեթեւ կերպով, պատահական գնդակներէ: Բոլոր հայերը իրենց տեղերը մնացած են` ի բաց առեալ անոնցմէ, որոնք նախքան պատերազմը գործով կամ պտոյտի համար արտասահման մեկնած էին:

Բեթղեհեմի Ս. Ծննդեան վանքը եւ քաղաքին հայ բնակչութիւնը եւս որեւէ վնաս չեն կրած: Անցեալ կիրակի Սուրէն արքեպիսկոպոս, շրջապատուած 7 վարդապետներով, նախագահեց Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցիին արարողութեանց:

Երուսաղէմի ամբողջ բնակչութիւնը, ընդ որս եւ` հայերը, նիւթական դժուար օրեր կ՛անցընեն անգործութեան պատճառով:

Վանքի պիւտճէն ալ շատ ցնցուած է, քանի որ ատենին կարելի չ՛ըլլար գանձել վարձքերը եւ պահանջները:

Միւս կողմէ, դարձեալ դրամի չգոյութեան պատճառով, առժամաբար դադրած է շինութիւնը երկու մեծ շէնքերու, որոնցմէ մին Երուսաղէմի եւ միւսը Եաֆայի մէջ կը կառուցուէին, եւ որոնք հասոյթի կարեւոր աղբիւր մը պիտի ըլլային վանքին համար:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Գլաձորի Համալսարանի Տեղորոշման Նոր Վարկած» (Հեղինակ` Տիգրան Մկրտչեան)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In