Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Յուլիս 1967)

July 25, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգերու Օրրան` Գիւղը

Նախահայրերուն Կեանքը

Մարդոց համար շատ հետաքրքրական է գիտնալ նախահայրերուն կեանքը: Ամէն անգամ որ աշխարհի որեւէ մէկ կողմը` Իրաք, Յորդանան, Մեքսիկա կամ այլուր, գտնուի թաղուած հին գիւղ մը` հնաբանները կը սկսին նորանոր վարկածներ բանաձեւել մարդկային քաղաքակրթութեան հնութեան եւ պայմաններուն շուրջ:

Անտարակոյս, սկիզբը, մարդիկ կ՛ապրէին ընտանեկան ձեւի տակ, եւ հետզհետէ, իրարու օգնելու համար եւ զիրար պաշտպանելու համար, անոնք կազմեցին խմբակներ: Քաջեր կը հրամայէին կազմուած ընտանեկան խումբերուն, որոնք յաճախ մէկ կամ աւելի ցեղախումբերէ կը կազմուէին:

Մեր աչքին առջեւ կ՛ունենանք Հայկ նահապետ մը, կամ` Նեբրովթ մը:

Ասկէ շատ, առաջին մարդիկը վաչկատուն էին. անոնք կ՛ապրէին պտուղներով եւ որսորդութեամբ:

Հետզհետէ, մարդոց զարգացումով, մէջտեղ ելաւ երկրագործութիւնը, որ մարդուս կու տար սնունդի շատ աւելի դիւրին եւ ընդարձակ կարելիութիւններ: Եւ երկրագործութիւնը մարդը պարտադրաբար կապեց հողին. եւ այդպէս ծնաւ գիւղը:

Հնագոյն Ծանօթ Գիւղերը

Բայց ե՞րբ երեւցաւ առաջին գիւղը: Անկարելի է ըսել` հիմակուան մեր ծանօթութեանց համեմատ, որովհետեւ, մարդկութեան տարիքն անգամ անյայտ է. ոմանք կու տան 30.000 տարի, ուրիշներ` 500.000 եւ նոյնիսկ` մէկ միլիոն տարի:

Գտնուած հնագոյն գիւղերը կը գտնուին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, յատկապէս` Պարսկաստան, Իրաք, Յորդանան եւ Եգիպտոս: Հայաստանի մէջ ալ գտնուած են 4000 տարուան շինութիւններ` Նայիրի-Ուրարտական շրջանէն. բայց ասոնք հնագոյնները չեն:

Երիքովի մէջ գտնուած է գիւղ մը` 7000 տարուան հնութեամբ: Եւ ասիկա կը նկատուի հնագոյնը ծանօթ հին գիւղերուն:

Միջինարեւելեան հին գիւղերը ունին յստակ յատակագիծ մը. անոնք ունին պարիսպներ, պաշտպանական աշտարակներ: Տուները կլոր են կամ քառակուսի: Գիւղը ունի նաեւ իր ամարանոցները եւ փուռերը:

Եւրոպայի գիւղերն ալ շատ հին են, եւ կը թուի, թէ սկսած ըլլան հիմնուիլ Քրիստոսէ առաջ հինգերորդ հազարամեակին:

Չինաստանի եւ Ամերիկայի մէջ գիւղերու դրութիւնը սկսած է, հաւանաբար Ք. Ա. չորրորդ հազարամեակին:

Գիւղերու Կերպարանքը

Երկիրներու համեմատ, գիւղերու դիրքը եւ ձեւը տարբերած է:

Եւրոպայի մէջ գիւղերը շատ անգամ իսկական բերդերու կերպարանք ունէին պաշտպանուելու համար բազմաթիւ արշաւողներու դէմ: Յաճախ բլուրներու վրայ կառուցուած` կլոր ձեւ ունէին. անոնք կը տիրէին շրջակայ արտերուն վրայ:

Սլաւ երկիրներու «կրոտ»-ները շրջապատուած էին ջրանցքներով` պաշտպանութիւնը աւելի դիւրին դարձնելու համար:

Գիւղերը կը շինուէին գետեզերքը կամ աղբիւրներու մօտ, բնականաբար պաշտպանուած կամ դիւրաւ պաշտպանելի վայրերու մէջ:

Եգիպտոսի մէջ Նեղոսի պարբերական յորդումներուն պատճառով գիւղերը կը շինուէին գետէն քիչ մը աւելի հեռու եւ բարձր:

Քաղաքներու Երեւումը

Մարդոց բազմացումով եւ փոխադարձ շփումով, կազմակերպչական նորանոր պահանջներ եւ ձեւեր երեւան եկան: Եւ այն ատեն երեւցաւ քաղաքը:

Ինքնաբերաբար քաղաքի քաղաքակրթութիւնը աւելի յառաջացաւ: Հնագոյն քաղաքներու տիպարներ են` Երիքով, Բաբելոն, Երուսաղէմ, Երեւան, Հռոմ:

Բնականաբար, քաղաքներու երեւումով, գիւղերը անցան երկրորդ կարգի:

Սակայն, ամէն անգամ որ բարբարոսական արշաւանքներ տեղի ունեցան, քաղաքները կործանեցան եւ գիւղերու դրութիւնը աւելի զօրացաւ:

Միջին դարուն գիւղի տիպար մը երեւան եկաւ. տուները համախմբուած էին եկեղեցիին շուրջ: Այդպիսի հազարաւոր գիւղեր տակաւին կանգուն կը մնան, յատկապէս` Եւրոպայի մէջ:

Գիւղերը Եւ Տնտեսութիւնը

Հին դարերուն, մինչեւ ճարտարարուեստին երեւումը, երկիրներու իսկական զարգացումը կախում ունէր գիւղերէն. ասոնք կը մշակէին հողերը եւ կ՛օգտագործէին անտառները:

Գալով պաշտպանութեան հարցին` իշխանները իրենք իրենց համար կը շինէին ամրոցներ եւ դղեակներ: Յաճախ հոն կ՛ապաստանէին իրենցմէ կախում ունեցող գիւղացիները:

Եղան ժամանակներ, յատկապէս` պատերազմի եւ սովի շրջաններուն, երբ գիւղերը պարպուեցան իրենց բնակիչներէն: Նման սարսափելի շրջաններ եղան Ժդ. եւ ԺԵ. դարերը Եւրոպայի մէջ, ինչպէս զանազան արշաւանքներու շրջանները` Հայաստանի մէջ:

Գիւղացիներու բնաջնջումով կամ գաղթով, երկրին մշակութիւնը կը դադրէր, եւ հողը կ դառնար ամուլ եւ անջրդի:

Զարգացումը Եւ Անկումը

ԺԸ. դարէն կը սկսի բարւոքիլ գիւղացիին վիճակը, որովհետեւ կառավարութիւնները կ՛անդրադառնան, որ երկրին տնտեսական վիճակը գլխաւորաբար կախում ունի գիւղացիներէն:

ԺԹ. դարուն սկիզբը, յառաջապահ երկրին` Ֆրանսայի մէջ, գիւղացին կը սկսի հարստանալ: Մինչ այդ ուրիշ երկիրներ կ՛երեւին, օրինակ` Միացեալ Նահանգները, ուր գիւղացիին վիճակը շատ աւելի նախանձելի է:

Ամերիկացի ագարակապանը կը բնակի քաղաքին մէջ եւ գործաւորներու միջոցով կը մշակէ իր անծայրածիր հողերը եւ հազիւ տարին քանի մը անգամ կ՛երեւի իր հողերուն վրայ:

Ներկայիս, ընդհանուր կերպով, գիւղացիները այլեւս քաղաքացի կը դառնան, եթէ բառացիօրէն չեն փախչիր գիւղէն:

Յատկապէս ճարտարարուեստականացած երկիրներու մէջ գիւղացիները անզուսպ քաշողականութիւն մը կը զգան դէպի քաղաքները, եւ ասիկա մեծապէս կը տկարացնէ երկրին հողագործային տնտեսութիւնը:

Երեւան կու գան հրէշային քաղաքներ, ինչպէս` Նիւ Եորք, Թոքիօ, Լոնտոն, Շանկհայ, Պուէնոս Այրես, իւրաքանչիւրը` 10 միլիոնէն աւելի հաշուող բնակչութեամբ:

Ոմանց Համար Գիւղին Իմաստը Փոխուած Է

Իրաւ է, որ ներկայիս գիւղերուն կառոյցը ներքնապէս փոխուած է: Հին ատենուան անգրագիտութիւնը անհետացած կամ անհետանալու վրայ է:

Աշխատանքի կերպերն ալ փոխուած են: Հիմա, որակի եւ քանակի առաւելութիւններով, կ՛աշխատին ինքնագործ կատարելագործուած երկրագործական մեքենաներ, որոնք ձեռքի շատ քիչ ջանք կը պահանջեն:

Ուրիշ երեւոյթ մըն ալ. քաղաքացիները այսօր սկսած են խուժել դէպի գիւղերը… օդափոխութեան համար:

Այլեւս գիւղին իմաստն ալ բոլորովին փոխուած է այսպիսիներուն համար: Անոնք «գիւղացիութիւն» ըսելով` կը հասկնային ամառնային արձակուրդ:

Մեր միտքը կու գան Լիբանանի սիրուն գիւղերը` Պիքֆայա, Պհամտուն… որոնք Պէյրութի պէս գեղեցիկ շէնքեր ունին, եւ որոնք ձմեռ ատեն գրեթէ  ամայի են` կրկին ընդունելու համար ամառնային շրջանին:

ՎԱՐԴԱՆ Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան «Արեգ» Պարախումբին Ելոյթները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.