Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Օգոստոս 1967)

Օգոստոս 15, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Օգնութեան Միութեան 47-րդ
Պատգամաւորական Ժողովի
Հացկերոյթ-Հանդէսը

Հայ օգնութեան միութեան համազգային ծաւալով աշխատանքներուն գնահատանքի եւ յարգանքի հանդիսութիւն մը դարձած է այն հացկերոյթը, որ տեղի ունեցած է շաբաթ, 5 օգոստոս, Պոսթընի «Սթաթլըր Հիլթըն» պանդոկին մէջ, ՀՕՄ-ի 47-րդ Պատգամաւորական ժողովին առիթով:

Ատենապետած է միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սեդա Թերզեանը: Իր բացման խօսքին մէջ ան յիշատակած է, որ այս 47-րդ Պատգամաւորական ժողովը որոշուած էր գումարել Պէյրութի մէջ, սակայն պատերազմի ծանօթ տխուր անցուդարձերը գրեթէ վերջին պահուն արգելք հանդիսացած են:

Խօսք առած են յանուն ՀՅԴ գերագոյն մարմինին` տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեանը, եւ յանուն ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին` Սեդրակ Մինաս:

Ուղերձ կարդացած են «Հայրենիք»-ներու խմբագրութեանց կողմէ` Խոսրով Ներսէսեան եւ ՀԵ Դաշնակցութեան կողմէ` Յարութիւն Քշիկեան:

Խօսք առած է նաեւ Ս. Մխիթարեան:

Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Արաքսի Սվաճեանը (մեներգ) եւ իր դուստրը` Սեդա Գարագաշեանը (դաշնակ):

Փակման խօսքը ըրած է Թորգոմ քհնյ. Յակոբեանը:

ՀՕՄ-ի Պատգամաւորական ժողովը իր աշխատանքները աւարտած է երկուշաբթի, օգոստոս 7-ին:

 

Հին, Բայց Միշտ Նոր…

Ամէն անգամ որ Դաշնակցութեան դէմ պայքարի հրահանգ ստացուի կամ այդ պայքարը այժմէական դառնայ, պահեստի զինարանէն դուրս կը հանուին քանի մը հինցած-մաշած զէնքեր` ճակատամարտը շարունակելու համար ոչ թէ ռազմաճակատին վրայ, այլ… զօրանոցին մէջ:

Այս հինցած-մաշած զէնքերն են, ի միջի այլոց`

Ա.- Աղթամարի վանքին հաւերը,
Բ.- Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը,
Գ.- Իթթիհատ-Դաշնակցութիւն «սիրալիր համաձայնութիւն»-ը:

Մենք վերջերս առիթ ունեցանք աչքէ անցընելու «Ազատամարտ»-ի առաջին տարուան հաւաքածոն (1909), ուր բաւական նիւթ գտանք վերջին հարցի մասին:

Մեր գտած նիւթերը մեզի համար եւս նորութիւն էին մեծ մասամբ: Մօտ վաթսուն տարուան անջրպետ մը կը բաժնէ մեզ այդ օրերէն: Մեր գիտցածը սա էր, որ բուռն վէճերու առիթ տուած էր «համաձայնութիւն»-ը: Սուր պայքար մը սկսած էր Դաշնակցութեան դէմ` անըմբռնելի, աներեւակայելի, անմեկնելի ամբաստանութեանց ու բամբասանքներու գծով:

Ըսին այն ատեն, եւ կրկնեցին մեր օրերուն ալ, թէ խստօրէն ազգայնական այս կուսակցութիւնը կ՛ուրանայ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնուրոյնութիւնը եւ ազգային լեզուի գոյութեան իրաւունքը:

Մեր ընթերցումներու ընթացքին «Ազատամարտ»-ի մէջ մենք գտանք այս ամբաստանութիւնը արդարացնել ուզող, այսպէս կոչուած, փաստեր եւ իրողութիւններ: Զարմանալը քիչ է, զայրանալը` անբաւարար, ի լուր եւ ի տես այն բանսարկութիւններուն, զորս հայ մարդ մը երբեւիցէ կրնայ հայ լեզուով գրել հայ թերթի մը մէջ:

«Ազատամարտ» անցողակի կը յիշատակէ Պոլսոյ «Հայրենիք»-ին այն վկայութիւնը, որ կարգ մը դաշնակցականներ, Կովկասի մէջ կամ այլուր, ըսած, յայտարարած ու գրած են. «Հայ լեզուի մը գոյութիւնը վերջապէս տառապող մարդկութեան համար աւելորդ բեռ մըն է: Մարդկային երջանկութեան համար, Ռուսիոյ մէջ ռուսերէնը կը բաւէ իբրեւ լեզու (անշուշտ նաեւ թուրքերէնը` Թուրքիոյ մէջ,- Բ. Թ.): Հայերէն պէտք չէ»:

Հիմա ակամայ կը մղուինք, այս վկայութիւնը կարդալէ ետք, հարցնելու մենք մեզի եւ ուրիշներուն ալ, թէ հայ մարդը ե՞րբ աւելի… հայ էր, 1909-ի՞ն, թէ 1967-ին: Եւ ե՞րբ աւելի պարկեշտ էր իր անսանձ ու ատելավառ պայքարին մէջ Դաշնակցութեան դէմ` 1909-ի՞ն, թէ՞ 1967-ին:

Բայց ամէնը այս չէ` ի մեծ դժբախտութիւն ամբաստանեալին եւ ամբաստանողին: Դարձեալ նոյն «Հայրենիք»-ն էր, որ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէր իբրեւ «թշնամի հայ լեզուի, հայ կրօնի եւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնուրոյնութեան եւ ազատութեան»: Եւ կ՛աւելցնէր, որ իբր թէ` «Իթթիհատի եւ Դաշնակցութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրը կը հետապնդէ հայ ժողովուրդի ձուլումը»: Այս դժբախտ բառը` ձուլում, մօտաւորապէս ունի այն իմաստը, որ Դաշնակցութիւնը կ՛ուզէր պարզապէս թրքացնել հայ ժողովուրդը, այսինքն` փոքրամասնութիւնը ձուլել մեծամասնութեան մէջ: Ուրիշ բան չէին ըսեր բարձրագոյն ուսում ստացած Ն. պէյերը եւ «Պիւյիւք Տողու»-ները, որոնք մեր կեանքը, ինչքն ու արիւնը հալալ կը համարէին թուրքերուն համար:

Ըստ երեւոյթին, «Հայրենիք»-ի այս քսութիւնները սկսած էին արձագանգ գտնել հայ պահպանողական-էֆենտիական դասակարգին մէջ, որ սրբազան պատերազմ յայտարարած էր հայ մեծ կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դէմ:

Դաշնակցութեան Ե. Ընդհանուր ժողովը, որ գումարուեցաւ Վառնայի մէջ, 1909 սեպտեմբերին, հաւանաբար պատասխանելու համար այս բոլոր ամբաստանութիւններուն եւ հերքելու զանոնք, պաշտօնական «Յայտարարագիր»-ով մը, որ հրատարակուեցաւ «Ազատամարտ»-ի մէջ, 1909 հոկտեմբեր 3/16-ին, կը հաղորդէր «ի գիտութիւն Թուրքիոյ բոլոր ժողովուրդներուն եւ յատկապէս հայ ժողովուրդին»:

«Ա.- Դաշնակցութիւնը ի հարկին հանդէս կու գայ մարտական-ռազմական իր ամբողջ ուժով` կռիւ մղելու ռէաքսիոնին դէմ, երբ ան սպառնայ սահմանադրական կարգերուն:
«Բ.- Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ համագործակցիլ այն տարրերուն հետ, որոնք նպատակ ունին պաշտպանելու նոր կարգերը, ինչպէս նաեւ` ժողովուրդի կեղեքուած դասին շահերը:
«Գ.- Դաշնակցութիւնը պիտի պաշտպանէ մեր ազգային-կուլտուրական բոլոր հիմնարկութիւնները եւ ժողովրդական իրաւունքները:
«Դ.- Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ, պաշտպանելով հանդերձ սահմանադրական կարգերը, խիստ կռիւ եւ պայքար մղել կառավարութեան դէմ այն պարագային, երբ անիկա, դաւաճանելով իր պարտաւորութեան, թոյլ տայ շեղումներ սահմանադրական շաւիղէն, ի վնաս երկրի բովանդակ շահերուն եւ պետութիւնը կազմող բոլոր ազգերու հաւասարութեան»:

Կարեւորութեան կարգով` «Յայտարարագիր»-ին մէջ վերջին հատուածն է ամէնէն ուշագրաւը` «ի հարկին խիստ կռիւ եւ պայքար մղել կառավարութեան դէմ», որ ըսել է` «դաշնակից» Իթթիհատի դէմ:

Իթթիհատ – Դաշնակցութիւն համաձայնութիւնը անձնատուութիւն մը չէր, այլ փոխադարձ պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով պայմանաւորուած դաշինք մըն էր:

Երիտասարդ թուրքերը դաւաճանեցին այս դաշինքին դէմ եւ Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ` իր որոշման, խիստ կռիւ ու պայքար մղեց անոնց դէմ:

Մեր խօսքը, կարծես, չաւարտեցաւ դեռ: Հարցեր կան, որոնց կրնանք անդրադառնալ, եթէ պէտք տեսնուի:

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Արագ Ճատրակի Լիբանանի Ախոյեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?