Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Օգոստոս 1967)

Օգոստոս 1, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պապին Ճամբորդութիւնը

Էր երբեմն թագաւորները, հանրապետութեան նախագահները, վարչապետները, նախարարները, պապերը, կաթողիկոսներն ու պատրիարքները անշարժ անձնաւորութիւններ էին: Կը մնային իրենց մայրաքաղաքներուն կամ աթոռանիստ քաղաքներուն մէջ: Քաղաքական կամ կրօնական խնդիրները կը կարգադրէին դեսպաններու եւ նուիրակներու միջոցով:

Փոխուած են ժամանակները: Փոխուած են բարքերն ու սովորութիւններն ալ: Աւանդութիւնները թանգարան դրուած են` դառնալով հին-հին դարուց յիշատակ:

Կ՛ապրինք արագութեան, չըսելու համար` հիւլէական, դարուն մէջ:

Անցեալի յիշատակ է գաղտնի դիւանագիտութիւնը, որ ա՛յնքան ի պատուի էր անցեալ դարուն:

Այժմ քաղաքական պատասխանատու դէմքերը անձամբ կը վարեն իրենց երկիրներու քաղաքականութիւնը` շատ քիչ բան ձգելով դեսպաններուն: Օդանաւ կ՛առնեն ու քանի մը ժամուան մէջ կ՛երթան հեռաւոր երկիրներ` ի հարկին նոյն օրը կամ քանի մը օր ետք վերադառնալով:

Կրօնականներն ալ կը  հետեւին քաղաքագէտներու օրինակին: Կը զարմանայինք, որ Վազգէն Ա. Լուսաւորիչի աթոռին վրայ բազմելէն չորսուկէս ամիս չանցած ճամբորդութեան կ՛ելլէր դէպի Մերձաւոր Արեւելք ու երկար ատեն կը բացակայէր Էջմիածնէն:

Այնուհետեւ քանիցս ճամբորդեց` Եւրոպայէն ետք այցելելով զոյգ Ամերիկաները եւ Ափրիկէ, Եթովպիա: Անցեալ շաբթու ալ` Ժընեւ:

Այլեւս չենք զարմանար, յորմէհետէ Վատիկանի գահակալն ալ նոյնը սկսաւ ընել, այն տարբերութեամբ միայն, որ Պօղոս Զ. պապին ճամբորդութիւնները աւելի կարճ կը տեւեն: Չորս տարուան մէջ չորս տեղ այցելեց` Պաղեստին, Նիւ Եորք (ՄԱԿ), Հնդկաստան եւ Ֆաթիմա (Փորթուգալ):

Հինգերորդ ճամբորդութիւնը վերապահած էր Թուրքիոյ` ընդհանուր զարմանք պատճառելով:

Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետը Թուրքիա այցելութեամբ:

Անցեալ փետրուարին է, որ Վատիկանի թուրք դեսպանին հետ կարգադրուեր է այս ճամբորդութեան նպատակն ու թուականը, սակայն գաղտնի պահուեր է:

Պապը Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին հետ տեսնուելէ ետք հանդիպումները կ՛ունենայ նաեւ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տիեզերական պատրիարք Աթենակորասին եւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեանին հետ:

Պօղոս Զ. Երուսաղէմի մէջ այցելած էր նաեւ հայոց պատրիարքին:

Հետեւելով Վատիկան Բ. Տիեզերական ժողովին մէջ յայտնուած բաղձանքներուն` պապը ձեռնարկներ կը կատարէ քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան համար:

Ըսուեցաւ, որ փոխադարձ այցելութեան կ՛երթայ յունաց պատրիարքին, որուն հետ միասին աղօթեր էր Երուսաղէմի Ձիթենեաց լերան վրայ:

Կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիները բաժնուեր էին Բիւզանդական կայսրութեան օրով եւ 1054 յուլիս 18-ին Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիա մայր եկեղեցւոյ մէջ  կարդացուեր էր բաժանման կոնդակը:

Վատիկան Բ. Տիեզերական ժողովը 1965 դեկտեմբեր 7-ին հանդիսաւորապէս չեղեալ նկատած ըլլալով Հռոմի պապին Անաթեմայի (նզովք) կոնդակը` հաշտութիւն գոյացած է երկու եկեղեցիներուն միջեւ:

Թուրքիոյ հանդէպ իր բարեկամական զգացումներուն հաւաստիքը տալու համար 1965 յունուար 29-ին պապը թուրք իշխանութեանց վերադարձուցած էր այն դրօշակը, որ 1571-ին աւստրիացի հրամանատար Տոն Ժուանի կողմէ գրաւուած էր թուրքերէն` Լեփանթի նշանաւոր յաղթանակին ատեն եւ կը պահուէր Հռոմ Սանթա Մարիա Մաճճորէի մայր եկեղեցիին մէջ:

Թրքական նաւատորմը ջախջախուած էր Լեփանթի առջեւ այդ պատմական նաւամարտին մէջ:

Այս առթիւ Վատիկանի կողմէ թուրքերուն ուղղուած գրութեան մը մէջ կ՛ըսուէր.

«Կաթողիկէ եկեղեցին համոզուած ըլլալով, որ այսօր անկեղծ ու սրտագին ճիգեր պէտք է ընէ երթալու համար դէպի ամէն ցեղի, լեզուի ու կրօնի պատկանող մարդոց, իր դէմքը կը դարձնէ դէպի ազնիւ թուրք ազգը, որուն դէպի յառաջդիմութիւն կատարած ջանքերը հանրածանօթ են:

«Իրեն համար մեծապէս ուրախառիթ է, որ պարագաները փոխուած ըլլալով` թուրք հանրապետութիւնն ու Սուրբ Աթոռը բարի յարաբերութիւններ կը մշակեն այսօր: Անճելօ Ռոնքալլի (Յովհ. Իգ. պապը, Հ. Ս.) շատ օգնած է իրաց այս կացութեան, երբ առաքելական  նուիրակ էր Թուրքիոյ մէջ, 1934-1944: Պատերազմական այս հին աւարը այսօր  կը ծառայէ բարւոքելու բարեկամութիւնն ու խաղաղութիւնը»:

Թուրքիոյ մէջ զանազան այցելութիւններ տուաւ պապը: Մասնաւորապէս այցելեց Եփեսոս, ուր գումարուեցաւ Տիեզերական ժողովը 431-ին, եւ ուր կը գտնուէր աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկը` Արտեմիսի տաճարը, զոր այրեց Երոստրատոս` անունը անմահացնելու համար: Այնտեղ է Մարիամ Աստուածածինը պատմական եկեղեցին, զոր թուրքերը շահագործումի առարկայ դարձուցեր են` քրիստոնեայ զբօսաշրջիկները հրապուրելու համար:

Ի՞նչ լոյս պիտի ծագի պապին Թուրքիա այցելութենէն` քրիստոնէական եկեղեցիներուն համար:

ՀՐԱՆՏ-ՍԱՄՈՒԷԼ

 

Ֆրանսա

 Խանասորի Արշաւանքին
70-
րդ Տարեդարձը Տեսինի Մէջ

Խանասորի պատմական արշաւանքին 70-րդ տարեդարձը բացառիկ շուքով տօնակատարուած է Տեսինի մէջ` մասնակցութեամբ բազմահարիւր երիտասարդներու:

Կոմիտէի կողմէ բացման խօսքը ըրած է Ստեփան Չաքըրեան:

Բանախօսած է Տիգրան Զէքեան:

Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Ձայնասփռուած են հայկական երգեր եւ պարեղանակներ: Տեղի ունեցած են գեղջկական պարեր` նոր սերնդականներու կողմէ: Մասնակցած են նաեւ ներկաներէն շատեր:

Յոտնկայս ոգեկոչուած է յիշատակը ազատագրութեան համար զոհուած բոլոր հերոսներուն:

Կեանքը Կապոյտ Խաչի
Կայանին Մէջ

Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչի Պելֆոնթենի կայանին մէջ ստեղծուած է տաքուկ մթնոլորտ մը:

Յուլիս 14-ին ծնողներ կանուխէն գացած են կայան: Կէսօրուան ճաշին տեղի ունեցած է խնճոյք: Մանուկներ արտասանած եւ երգած են հայերէն: Ներկայացուցած են փոքրիկ զաւեշտներ եւ պարած են հայկական տոհմիկ պարեր:

Կիրակի, 16 յուլիսին կայանը մեկնած է Ժընեւ եւ ներկայ եղած` Վազգէն Ա. կաթողիկոսի մատուցած պատարագին: Պատարագէն ետք վեհափառ հայրապետը իր մասնաւոր օրհնութիւնը տուած է մանուկներուն:

 

Երկրագունդը 1966-ին

Նիւ Եորքի մէջ լոյս տեսած է ՄԱԿ-ի 1966 տարեշրջանի վիճակագրական տարեգիրքը, որուն միջոցով կը հաստատուի, որ 1965-ի կիսուն երկրագունդի բնակչութիւնը 3.295.000 էր եւ կէսէն աւելին կ՛ապրէր Ասիոյ մէջ (1.830.000.000):

1960-1965 ժամանակաշրջանին բնակչութեան յաւելումին միջին տոկոսը տարին 1,9 առ հարիւր էր: Բնակչութեան խտութեան միջինը 24 բնակիչ է քառ. քիլոմեթրի վրայ: Եւրոպա կը շարունակէ մնալ ամենախիտ բնակչութեամբ ցամաքամասը (90 անձ` քառ քիլոմեթրի վրայ), կը յաջորդէ արեւելեան Ասիա (72): Վեցերորդ ցամաքամասը` Ովկիանիա ունի միայն 2 անձի խտութիւն մը` քառ. քիլոմեթրի վրայ:

1954-1960 ժամանակաշրջանին երկիրներու կէսէն աւելի կրկնապատկած են իրենց ազգային արտադրութեան հում նիւթը` արձանագրելով աւելի քան վեց առ հարիւր աճի միջին տարեբաժին մը:

1965-ի համաշխարհային արտածումներուն արժէքը 200.000 տոլար աւելի էր` բաղդատմամբ 1964-ի: Այս ձեւով արձանագրուած է ամէնէն բարձր մակարդակը: Այս արտածումէն զարգացած երկիրներու բաժինը վերջին տասնամեակին 66.2 առ հարիւրէն բարձրացած է 69 առ հարիւրի, մինչդեռ թերաճ երկիրներուն բաժինը 24 առ հարիւրէն իջած է 19 առ հարիւրի` նոյն ժամանակաշրջանին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ծաղկեփունջս Երազային

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?