Հայաստանի Հեռ. Գործակալութիւն
Սարդարապատի Հերոսներուն
Նուիրուած Յուշարձանին Բացումը
«Սարդարապատի Ճակատամարտը Մեր Ժողովրդի
Բազմադարեան Ազգային Ազատագրական Պայքարի
Ամենափայլուն Էջը Հանդիսացաւ»,
Կը Յայտարարէ Կենտկոմի Ա. Քարտուղրար Ա. Քոչինեանը
Մայիս 25-ին, Երեւանի Արարատեան դաշտավայրի եւ Շիրակի շրջանի մօտ հարիւր հազար աշխատաւորներ, բանուորներ, ծառայողներ, կոլտնտեսականներ, մտաւորականներ եկած էին Սարդարապատի բարձունքը` ներկայ գտնուելու 50 տարի առաջ տեղի ունեցած ճակատամարտի հերոսներուն նուիրուած զբօսայգի-յուշարձանի բացման: Անոնք եկած էին յարգանքի տուրք մատուցելու այն հերոս զաւակներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին, մեր ժողովուրդի ազատութեան, խիզախութեան ու արիութեան փառաւոր էջեր գրեցին հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ:
Սարդարապատի բարձունքին վրայ, ուրկէ կը բացուի Արարատի ու Արագածի համայնապատկերը, կերտուած է հոյակապ յուշարձան` ի պատիւ հերոսական ճակատամարտի 50-ամեակին: Նորատունկ այգիի լայնաձիգ պուրակները կը տանին դէպի յուշարձանի մուտքը, որուն կը հսկեն հզօր ուժ խորհրդանշող քարակերտ ցուլերը: Աստիճաններու շարքը կը ձգուի դէպի լայն հրապարակը, ուր վեր կը խոյանայ 35 մեթր բարձրութեամբ կամարաշար զանգակատունը: Մեր ժողովուրդի ծանր փորձութեան օրերուն մարդիկ հնչեցուցած են շրջակայքի բոլոր զանգերը` ի լուր ամէնքի, որ հայրենիքը վտանգի տակ է: Զանգը ոտքի է հանած մարդիկը, համախմբած ու սխրանքի կոչած` զանոնք: Զանգակատան պատուանդանէն կը հոսի յաւերժական աղբիւրը: Քարի վրայ փորագրուած է.
«Հայրենիքի փրկութեան համար զոհուած զաւակներուն յաւերժ փառք»:
Կոթողէն դէպի ձախ, հեռուն կ՛երեւի պարսպանման կիսակոր պատը` Սարդարապատի ճակատամարտը խորհրդանշող հարթաքանդակներով: Անոր ճանապարհին յաղթական զինուորներու պէս կանգնած են քարակերտ արծիւները:
Զբօսայգիի վերջաւորութեան համալիրը կ՛աւարտի գմբէթաւոր նորակառոյցով, որուն ներսը կը գտնուին ճաշարանի դահլիճներն ու հիւրանոցը: Աւելի քան 20 հեկտար տարածութիւն զբաղեցնող զբօսայգիին գրկին կը տարածուի արհեստական լճակը:
Ժամը 11-ն է: Զբօսայգիի յուշարձանի մուտքին մօտ կառուցուած բեմը կը բարձրանան` Հայաստանի կոմկուսի կենտկոմի Ա. քարտուղար Ա. Քոչինեանը, Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան նախագահ Ն. Յարութիւնեանը, վարչապետ Բ. Մուրատեանը եւ պատասխանատու ուրիշ անձնաւորութիւններ ու Սարդարապատի ճակատամարտի մասնակիցներ:
Աշխատաւորներու միթինկը ներածական խօսքով կը բանայ Հոկտեմբերեանի Ա. քարտուղար Ո. Դարբինեանը:
– Հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութիւնը – կ՛ըսէ ան – հարուստ է հերոսական պայքարի ու յաղթանակներու փառաւոր էջերով: Անոնցմէ է Սարդարապատի ճակատամարտը: Մեր շրջանի աշխատաւորները այս զբօսայգի-յուշարձանը կառուցած են ի պատիւ այդ ճակատամարտի հերոսներուն, ի պատիւ անոնց, որոնք անձնուիրաբար պաշտպանեցին մեր հայրենիքը օտարերկրեայ զաւթիչներէն:
Թող յաւերժ ապրի ժողովուրդներու եւ ազգերու բարեկամութիւնը:
Նուագախումբը կը կատարէ Խորհրդային Միութեան եւ Հայկական Հանրապետութեան պետական հիմները:
Ձայն կը տրուի Հայաստանի Կենտկոմի Ա. քարտուղար Ա. Քոչինեանին:
Ստորեւ` հատուածներ այդ ճառէն.
«Այսօր հաւաքուած ենք հանդիսաւոր պայմաններու մէջ բանալու Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու անմահ յիշատակը յաւերժացնող այս հոյակապ զբօսայգի-յուշարձանը:
«Յիսուն տարի անցած է այն օրերէն, երբ Սարդարապատի մէջ հայ ժողովուրդը հերոսական ճակատամարտ տուաւ երկիրը ներխուժած թուրք զաւթիչներուն:
«Սարդարապատի յաղթանակը ձեռք բերուեցաւ ընկերային ու քաղաքական շատ բարդ իրադրութեան մէջ, երբ պատմութեան նժարին դրուած էր հայ ժողովուրդի ըլլալու կամ չըլլալու հարցը: Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք Անդրկովկասի մէջ ստեղծուած էր չափազանց բարդ վիճակ: Չհանդիպելով լուրջ դիմադրութեան` թուրք զաւթիչները գրաւեցին Էրզրումն ու Սարիղամիշը, Կարսն ու Ալեքսանդրապոլը: Թշնամին կը շարժուէր դէպի Երեւան ու Ղարաքիլիսա:
«Արարատեան աշխարհի այս հինաւուրց հողին վրայ 1918 թուականի մայիսի 22-26 տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի բախտորոշ կռիւը թշնամիին դէմ:
«Սարդարապատի ճակատամարտը տարերայնօրէն պայքարի ելած ժողովրդական զանգուածներու անձնազոհութեան եւ խիզախութեան փայլուն արտայայտութիւնը հանդիսացաւ: Այն ժամանակ, այս դաշտին վրայ կարծես թէ հաւաքուած էր ամբողջ հայ չարքաշ ժողովուրդը: Կեանքի գնով յաղթանակի հասնելու պատրաստ մարտիկներու կողքին կանգնած էին ծերեր, երեխաներ, կիներ, դեռատի աղջիկներ:
«Սարդարապատի ճակատամարտը անջնջելի տառերով է գրուած հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Անիկա համաժողովրդական կռիւ էր` պատուի ու գոյութեան համար: Ճակատամարտը վճռական նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական բնաջնջումը կանխելու գործի մէջ, հանդիսացաւ ապրելու եւ գոյատեւելու անոր անդրդուելի կամքի փայլուն վկայութիւնը: Ամենայն իրաւամբ մենք կրնանք ըսել, որ Սարդարապատի ճակատամարտը մեր ժողովուրդի բազմադարեան ազգային ազատագրական պայքարի ամենափայլուն էջը հանդիսացաւ:
«Հայաստանի աշխատաւոր զանգուածները, կենաց ու մահու պայքարի ելլելով թուրք զաւթիչներու դէմ, լուրջ պարտութեան մատնեցին զանոնք Սարդարապատի, Ղամարլուի, Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի շրջաններուն մէջ: Այդ համաժողովրդական պայքարը Արեւելեան Հայաստանի հայերը փրկեց ֆիզիքական բնաջնջումէ, որ ծրագրած էր երիտթրքական կառավարութիւնը:
«Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու թափած արիւնը զուր չէ անցած: Անոնց պաշտպանած հողի վրայ կը բարգաւաճի մեր հանրապետութիւնը: Խորհրդային Հայաստանը դարձած է առաջաւոր ճարտարարուեստի, բարձր զարգացած գիւղատնտեսութեան, առաջնակարգ գիտութեան ու մշակոյթի ծաղկուն հանրապետութիւն:
«Հայ ժողովուրդը կը զգայ հայրենի հողի ամրութիւնը, կ՛ապրի այսօրուան եւ ապագայի նկատմամբ աներեր հաւատքով, կը կառուցէ ու կը շէնցնէ հայրենի ոստանը, համոզուած, որ ոչ ոք այլեւս կը յանդգնի աւերել կառուցուածը, կոտորած ու ասպատակութիւն, արիւն ու արցունք բերել երկրին:
«Թող այս զբօսայգի-յուշարձանը խորհրդանշէ ժողովուրդի խորին յարգանքը անոնց նկատմամբ, ովքեր հերոսաբար ինկան Սարդարապատի անհաւասար ճակատամարտին: Անոնց յիշատակը միշտ վառ կը մնայ երախտապարտ ժողովուրդի սրտին, գալիք ժողովուրդներու սրտին մէջ:
«Թող հերոսներուն յիշատակին բարձրացած այս հոյակապ յուշարձանը գալիք սերունդներու պատմէ մեր ժողովուրդի այն որդիներու ու դուստրերու մասին, որոնք հերոսաբար մարտնչեցան օտարերկրեայ զաւթիչներու դէմ:
«Փա՜ռք հերոսներուն:
«Կեցցէ՛ վերածնուած հայ ժողովուրդը»: