Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Մայիս 1968)

Մայիս 16, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նժարէ Նժար

«Նոր Ներկայացուցիչը
Հին Մտայնութեան»

Ապրիլեան նահատակներուն արդարութիւն ընող մեր արարողութիւններուն ու ոգեկոչումներուն վերջ դնելէ ետք, ամէն տարի թուրքերը հրապարակ կու գան եւ կը ջանան ուրանալ Ցեղասպանութեան արարքը` հակադրաբար դրուատելով իրենց առաքինութիւնները` թուրք արդարամտութի՜ւնը, ուրիշներուն իրաւունքը յարգելու իրենց բո՜ւխ տրամադրութիւնները, խղճամի՜տ վերաբերմունքը:

Յիսնամեակի տօնակատարութենէն ասդին` այդ ճիգին լծուած մարդերէն ամէնէն աշխուժը կը համարուի «Ենի Կազեթ» թերթին մէջ ստորագրող Հիքմեթ Պիլը: Այս անգամ ամերիկեան համալսարանի մեր ուսանողներուն կազմակերպած հանդէսին լուրէն ահաբեկած է Պիլ:

«Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ հայ ուսանողները ցուցադրած են լուսանկարներ, որոնք կ՛արտացոլացնեն իբր թէ թրքական խժդժութիւնը»:

Իբր թէ ի՞նչ` այսինքն, իբր թէ խժդժութիւններ չե՞ն կատարուած, խժդժութիւններու անընդունա՞կ են թուրքերը իբր թէ:

Սառնասրտութիւնը թուրքին ցեղային նկարագրին մէկ թանձր գիծն է, որ տեսանելի է ե՛ւ ոճիրը յղացողին, ե՛ւ Ցեղասպանութիւնը ուրացող արարածներուն մօտ: Հին թուրքին եւ նորին հասարակաց եղող նկարագրային այդ գիծը հաստատելու համար մեր ուսանողները վկայութեան կանչած են նաեւ Հիքմեթ Պիլի ելոյթները եւ Հիքմեթ Պիլ զայրացած է, որ զինք`

«Ուզած են աքսորեալ հայ նոր սերունդներուն ներկայացնել իբրեւ նոր ներկայացուցիչը հին մտայնութեան»:

Թուրքը կ՛ուզէ աշխարհին ներկայացուիլ, ներկայանալ այնպէ՛ս, ինչպէս որ չէ, չէ՛ եղած: Հիքմեթ Պիլ բացառութիւն չի կազմեր: Ըստ իրեն, մեծ մարդասպաններ չեն եղած թուրքերը, եղած են մեծ մարդասէրներ, բարի՜, վեհա՜նձն, եւ իրենց հպատակներուն` «միայն ազատութիւն եւ անդորրութիւն պարգեւած են»: Այսպէս վարուած են իրենց գերիշխանութեան ամբողջ շրջանին, ցեղասպանութիւն գործել իրենց մտքէն բնա՜ւ չէ անցած, այլապէս,

«Եթէ ցեղասպանութիւն մը մեր մտքին ծայրէն անցընէինք, անշուշտ որ ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ աշխարհի ոչ մէկ անկիւնը հայու մը կարելի կ՛ըլլար հանդիպիլ»:

Ապշեցուցիչը այս կեցուածքն է, առարկայական փաստերուն առջեւ այսքան անտարբեր կարենալ մնալու յանդգնութիւնը: Իրապէս բնաւ չէ փոխուած թուրքը: Ճիշդ է` այսօր հնարաւորութիւն չունի ջարդի ձեռնարկելու, բայց փաստօրէն կը շարունակէ ջարդարարին գործը` ըստ էութեան մնալով նոյնը. «Նոր ներկայացուցիչը հին մտայնութեան»:

Պ. Ս.

 

Հալէպ

Համազգայինի
Երգի-Պարի Երեկոյթները

Շնորհիւ Հալէպի Համազգայինին թափած տքնաջան աշխատանքներուն` հալէպահայութիւնը ունեցաւ իր երգի-պարի խումբը:

Ներկայիս քառասուն հոգի հաշուող այս եռանդուն երկսեռ խումբը, հինգ ամիս մարզուելէ ետք, իր ժրաջան եւ հմուտ ղեկավար Յովսէփ Նաճարեանի ցուցմունքներուն ենթակայ, ինչպէս նաեւ անոր կարող օգնական Յակոբ Պարտագճեանի առաջնորդութեամբ, իր առաջին ելոյթը ունեցաւ 23 մարտի երեկոյեան, սինեմա «Սուրիա»-ի ընդարձակ սրահներուն մէջ` բարձր հովանաւորութեամբ Հալէպի նահանգապետ Ապտել Ղանի Սաատաուիի:

Ժողովուրդի բուռն փափաքին վրայ երգի ու պարի այս երեկոյթը կրկնուեցաւ 27 ապրիլին, վերոյիշեալ սրահին մէջ, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան: Անգամ մը եւս յարգելի նահանգապետը սիրով ստանձնած էր հովանաւորութիւնը` իր կողքին ունենալով Հալէպի իշխանութեանց ամբողջ աւագանին:

Երկու երեկոյթներուն ալ ներկաները ապրեցան անմոռանալի պահեր` ըմբոշխնելով Համազգայինի խումբին առաջադրած, զանազան ազգերու տոհմիկ պարերու փունջին առթած գեղատեսիլ պատկերները: Արդարեւ, պարախումբը իր յայտագրին վրայ ունեցած ութ պարերն ալ կատարեց անթերի կոչուելու չափ բծախնդրութեամբ: Ան փաստեց, որ հայ ուժը, նոյն իսկ իրեն տրամադրուած կարճ ժամանակամիջոցին, յամառ եւ լուրջ աշխատանքով կրնայ հասնիլ պատուաբեր մակարդակի մը: Հակառակ իր սիրողի հանգամանքին` կրնանք ըսել, որ Համազգայինի խումբը արդէն իսկ որոշ արժէք մը կը ներկայացնէ եւ արհեստավարժ զանազան պարախումբերէն շատ ետ չի մնար:

Պարերու ընթացքին շարժումներու ներդաշնակութիւնն ու չափաւորութիւնը, ժպտերես արտայայտութիւնները, տարազներու հարազատութիւնն ու ճոխութիւնը, դէմքերու անթերի շպարումը խիստ տպաւորիչ արձագանգ մը գտան եւ ներկաներու անխառն գնահատանքին արժանացան:

Պարախումբը ներկայացուց երեք արաբական տոհմիկ պարեր, ալպանական եւ յունական երկու պար, նազպար, «Ճօճան»-ը եւ «Լազ-պար»-ը, իւրաքանչիւրը` իր երկրի հարազատ տարազներով:

Արաբական պարերուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Անի Պաղտասարեանը: Ան իր տպաւորիչ ձայնովը աւելի փայլ տուաւ պարզուող գեղատեսիլ տեսարաններուն:

Նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Պարգեւ Պոյաճեանին, կրցաւ միահամուռ կապ պահել պարախումբին հետ եւ ներդաշնակութիւնը պահպանել ամբողջ երեկոյթի ընթացքին:

Պարերէն դուրս, յայտագրին վրայ կային նաեւ ձայնային եւ նուագային ելոյթներ:

Անի Պաղտասարեանը իր արաբերէն եւ յունարէն մեներգներով հմայեց ունկնդիրները եւ խլեց երկարատեւ ծափեր:

Հայերէն մեներգեց (երկու ելոյթ) Յովհաննէս Աւագեանը: Իր քաղցրահնչիւն ձայնով արժանացաւ գնահատանքի:

Նուագի բաժնին մէջ Վերա եւ Յ. Անանեան քոյր եւ եղբայր զոյգը (դաշնակ եւ ջութակ) յաջող ելոյթներ ունեցան եւ իրենք զիրենք պարտադրեցին ներկաներուն:

Հալէպի համար նորութիւն եղող, Վ. Կիրակոսեան եւ Ժ. Գզըլկէօզեան զոյգին մանտոլինով եւ շվիով ելոյթը անակնկալ մը եղաւ. խիստ դժուարին հանգամանք ներկայացնող այս համադրութիւնը արժանացաւ գնահատանքի:

Դիմայարդար Վարանդ Դաւիթեանը կրցած էր ստեղծել հարազատ եւ լուրջ տիպարներ:

Երեկոյթին բացման խօսքը ըրին Ա. Ռապպաթը` արաբերէնով եւ Արփի Շահինեանը` հայերէնով: Վեր առին Համազգայինին կատարած վեհ գործը` մշակութային գետնի վրայ եւ անոր մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ:

***

Իր այս զոյգ ձեռնարկներէն ետք Համազգայինի պարախումբը բազմաթիւ հրաւէրներ ստացած է Սուրիոյ զանազան քաղաքներէն: Յունիսի 22-ին ան բեմ պիտի բարձրանայ Դամասկոսի լաւագոյն սրահներէն մէկուն մէջ` ի նպաստ տեղւոյն «Զաւարեան» վարժարանին: Պատկերասփիւռի ընկերութիւնը ելոյթը ծայրէ ծայր ժապաւէնի պիտի առնէ յարմար առիթներով զայն հանրութեան ցուցադրելու համար: Խումբը հրաւիրուած է նաեւ Գամիշլիի, Լաթաքիոյ եւ Հոմսի գաղութներուն կողմէ:

Խումբին կը մաղթենք երկարատեւ կեանք, յաջողութեան նորանոր հորիզոններ, լիայոյս, որ ան պիտի արդարացնէ իր արժանիքները եւ պիտի չթերանայ իր պարտաւորութեանց մէջ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?