Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Մայիս 1968)

Մայիս 18, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Պատմութեան Նօտարը

Ժամանակէ ի վեր երկու երկիրներուն նմանութիւնը ակներեւ է:

Ֆրանսա Արեւմուտքի Ռումանիան է, Ռումանիա` Արեւելքի Ֆրանսան: Այսօր երկու երկիրները կը հանդիպին իրարու` չափելու համար կտրտուած ճամբան:

Ֆրանսայի նախագահը մեծ պատիւներով ընդունուեցաւ Պուքրէշի մէջ: Պատճառը պէտք է փնտռել վերը մատնանշուած նմանութեան մէջ: Ռումէն ժողովուրդը զօրավար տը Կոլի անձին ընդմէջէն կը մեծարէր պետական այն մարդը, որ գիտցած էր իր երկրին անկախութիւնը արժեւորել հանդէպ պլոքի մը, ինչպէս իր նոր ղեկավարները կրցած էին նոյնը ընել հանդէպ հակադիր պլոքին:

Այլ խօսքով, ռումէն ժողովուրդը անկախութեան վկայութիւն մը կու տար իր խանդավառ ընդունելութեամբ:

Միայն ժողովո՞ւրդը:

Ղեկավարութիւնը ետ չմնաց: Կը բաւէ կարդալ Ռումանիոյ նախագահին ճառը` հաստատելու համար, թէ որքան ճամբայ կտրուած է անկախութեան առաջին երկչոտ քայլերէն ի վեր: Արդարեւ, ի պատասխան զօրավար տը Կոլի խօսքերուն, որոնք Ռումանիոյ մէջ կ՛ողջունէին անկախ ու խաղաղ Եւրոպայի իր երազին ազդակներէն մէկը, Չաուչեսքու կը յայտարարէր.

«Մենք վճռականօրէն կը պաշտպանենք իւրաքանչիւր ժողովուրդի ինքնորոշման անկողոպտելի իրաւունքը, որով ան կ՛ապահովէ իր ազատ զարգացումը, զերծ` արտաքին որեւէ միջամտութենէ»:

Այսպիսի խօսքեր շատոնց չէին լսուած Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ, որոնց վարչակարգերը կը հանդիսանային «ինքնորոշման անկողոպտելի իրաւունքին» ժխտումն իսկ:

Բայց այս յայտարարութիւնը տակաւին տկար է յաջորդին առջեւ, որ յատուկ նշանակութիւն եւ իմաստ կու տայ երբեմնի արբանեակ երկիրներուն մէջ ծայր տուած շարժումին:

Չաուչեսքու կ՛ըսէ.

«Ռումէն ժողովուրդը այսօր ազատ է եւ տէրը` իր ճակատագրին: Ազգը իր դերը չէ սպառած արդի ընկերութեան մէջ: Ազգը կը մնայ էական ազդակ մը ընկերային կեանքին մէջ, եւ անոր գերիշխանութիւնը ոտնակոխելու որեւէ փորձ անխուսափելիօրէն ծանր վէճեր եւ վտանգներ կը ստեղծէ միջազգային խաղաղութեան համար»:

Քանի մը բառով ըսուած է ամէն բան:

Նախ` ժխտուած է համայնավարութեան սկզբունքը, որ կը մերժէ ազգը ճանչնալ «էական ազդակ» արդի ընկերութեան մէջ:

Երկրորդ, ու ինչ որ ամէնէն կարեւորն է, Ռումանիոյ նախագահը ազդարարութիւն մը կ՛ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք պիտի փորձէին ազգին գերիշխանութիւնը ոտնակոխելու քայլեր առնել: Յայտնի է, թէ որո՛ւ կ՛ակնարկուի, երբ այս օրերուն կը խօսուի Չեխոսլովաքիայէն ներս խորհրդային միջամտութիւններու մասին:

Երբ այս խօսքերը կ՛արտասանուին պետական մարդու մը ներկայութեան, որ իր ասպարէզի ամբողջ ընթացքին ազգային ըմբռնումին ախոյեանը հանդիսացած է, անպայմանօրէն կը ստանան իրենց ամբողջական տարողութիւնը` իբրեւ առաջին հանգրուանը այն ճամբուն, որ անխուսափելիօրէն պիտի տանի Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն բացարձակ անկախութեան:

Ռումանիա միջոցը գտած է բնական ընթացք մը տալու անկախութեան հոլովոյթին: Անզգալիօրէն վերագտած է իր շարժումներուն ազատութիւնը` ներքին ու մանաւանդ արտաքին մարզերու մէջ:

Զօրավար տը Կոլի Պուքրէշ այցելութիւնը կը նուիրագործէ անկախութեան այս հաստատումը, որ տարբեր ուղիներով եւ տարբեր միջոցներով կը կատարուի Արեւելեան Եւրոպայի միւս երկիրներուն մէջ:

Տը Կոլի ներկայութեան արտասանուած խօսքերը նօտարի առջեւ պաշտօնապէս արձանագրուած վկայաթուղթերու կը նմանին: Տը Կոլ կը հանդիսանայ պատմութեան նօտարը, որուն հաստատումը ներկայիս անվիճելի կը թուի:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Ասղերը

Յաջորդը

«HAYQ – Armenian Application» Առաջին Հայկական Եռալեզու Ուղեցոյց Յաւելուածի Շնորհահանդէսը Մոսկուայի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In