Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Մայիս 1968)

Մայիս 19, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անընդհատ Եւ Անվհատ

Հայաստանի անկախութեան հռչակման յիսնամեակը նոր առիթ մը կ՛ընծայէ ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայութեան` վերստին արծարծելու Հայ դատը:

Բարեբախտութիւն մըն է, որ անկախութեան յիսնամեակը կը զուգադիպի ՄԱԿ-ի կողմէ Մարդկային իրաւանց տիեզերական յայտարարութեան քսանամեակին:

Ինչպէս գրեցինք, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 1968-ը յայտարարած է Մարդկային իրաւանց միջազգային տարի:

Հայերուս համար ալ 1968-ը յիսնամեակն է Հայաստանի անկախութեան:

Պուէնոս Այրեսի մեր պաշտօնակիցը` «Արմենիա» տարեգլխէն ի վեր ամէն օր իր առաջին էջի ճակատը, վեց սիւնակի վրայ, խորհրդանշական զարդերով շրջանակուած վերտառութեամբ մը կը յիշեցնէ այս պարագան:

Ստեղծագործութենէն մինչեւ այսօր արդարութիւնը խաչուած է միշտ:

Ահա՛ թէ ինչու կ՛ըսենք` «անիրաւ աշխարհ»:

Քրիստոնէութիւնն ու միւս կրօնները դարերէ ի վեր արդարութիւն եւ իրաւունք կը քարոզեն` իբրեւ հիմնական սկզբունք:

Սակայն «իրաւունքը զօրաւորինն է» եղած աշխարհի սկիզբէն ի վեր: Անյեղլի այս ճշմարտութեան դէմ անզօր են կրօնական բոլոր դաւանանքներն ու մարդասիրական վարդապետութիւնները:

Մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման առաջին զոհերն են եղած հայերը:

Հայոց պատմութիւնը հին-հին դարերէն սկսեալ անիրաւութեան դէմ ընդվզումի, անարդարութեան դէմ պայքարի շարան մըն է եղած:

Աշխարհագրապէս ինկած մեզմէ աւելի հզօր ազգերու ծիրին մէջ, յաճախ աքցանի մէջ առնուած` արեւելքի եւ արեւմուտքի, կամ հարաւի ու հիւսիսի հակամարտ ու մրցակից պետութեանց կողմէ, օրհասական կռիւներ ենք մղած անհամեմատօրէն գերակշիռ ուժերու դէմ եւ պահած` մեր ինքնութիւնն ու ազգութիւնը:

Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան առաջին գործն էր եղած պաշտպանել մարդոց տարրական իրաւունքները: Իր գծած հաւատոյ հանգանակը տիպար էր ծառայած հետագային հրապարակ նետուած ընկերվարական ու ժողովրդավարական վարդապետութեանց:

Սակայն 1789-էն ի վեր թուղթի վրայ գրուած սկզբունքները կարելի չէ եղած իրականացնել կեանքի մէջ:

ՄԱԿ-ը չէր կրնար քսան տարուան մէջ կարեւոր արդիւնքներու հասնելու յաւակնութիւնը սնուցանել:

Թեհրանի Մարդկային իրաւանց միջազգային խորհրդաժողովը ցոյց տուաւ անգամ մը եւս, անժխտելի փաստերով, թէ ո՛րքան անիրաւութիւններ կան տակաւին աշխարհի վրայ:

Բազմաթիւ հարցեր քննուեցան այնտեղ ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկիրներու պատգամաւորներուն կողմէ: Ու քուէարկուեցան բանաձեւեր, որոնք կոչուած են մնալու մեռեալ տառ, եթէ զանոնք գործադրել տալու համար զինուորական ազդու միջոցներ ձեռք չառնուին:

Մենք ալ ուզեցինք մեր ձայնը լսելի ընել տալ Իրանի մայրաքաղաքին մէջ գումարուող միջազգային արիսպագոսին` շեշտելու համար, որ հայոց իրաւունքները բռնաբարուած կը մնան, եւ թէ` անհրաժեշտ է դատապարտել մէկուկէս միլիոն հայեր կոտորող ցեղասպան ազգը:

Անընդհատ ու անվհատ պէտք է յիշեցնենք մեր ազգային իրաւունքներն ու քաղաքական պահանջները աշխարհի ճակատագիրը տնօրինողներուն` օգտագործելով ներկայացող բոլոր առիթները: Մինչեւ` վերջնական յաղթանակը արդարութեան:

ՀՐԱՆՏ – ՍԱՄՈՒԷԼ

 

Անկախութեան Յիսնամեակը

Երկու թուականներ, մէկը սեւ, միւսը` ոսկետառ, անջնջելի կնիքով դրոշմուած են հայոց ժամանակակից պատմութեան էջերուն մէջ.

24 ապրիլ 1915

28 մայիս 1918

Առաջինը հայութեան խաչելութիւնն էր ու թաղումը: Երկրորդը` անոր հրաշափառ յարութիւնը:

Հայ ազգի դարաւոր տառապանքը 1915-ին կը յանգէր ճակատագրական տխուր վախճանի մը: Սեւ քող մը կը ծածկէր Հայաստան աշխարհը: Արիւն ու աւեր` ամէն կողմ: Մէկուկէս միլիոն նահատակ:

Հարիւր հազարաւորներ արմատախիլ` իրենց հայրենի բոյներէն: Աւերակ էր դարձած Թրքահայաստանը ամբողջ, մէկ ծայրէն միւսը:

Երեք տարի ետք, հայ ազգի ազատագրական պայքարները, յանուն հայրենիքի իր հերոս զաւակներուն մարտնչումները 1918-ին կը յանգէին փառաւոր յաղթանակի մը` Արարատեան դաշտին վրայ:

Երեք տարի առաջ ազգովին ոգեկոչեցինք Սեւ թուականը: Խոնարհեցանք մեր անմահ նահատակներու խնկելի յիշատակին առջեւ: Վերանորոգեցինք մեր ուխտը եւ պողպատեցինք մեր կամքը:

Գօտեպնդուեցանք նոր յոյսերով եւ անխախտ հաւատքով: Լծուեցանք մեր արդար Դատի հետապնդման հայրենասիրական աշխատանքին: Մեր աչքերը ուղղեցինք դէպի այն հայրենի հողերը, որոնք ցարդ բռնագրաւուած կը մնան հայ ազգի դարաւոր դահիճին կողմէ:

Մեծ եղեռնի յիսնամեակը անկիւնադարձ մը կազմեց մեր տարագիր ներկայ տժգոյն կեանքին մէջ: Մոռցած ներքին վէճ ու անհամաձայնութիւն` քաղաքակիրթ ազգի վայել ընթացք ունեցանք: Ձեռք ձեռքի, սիրտ սրտի տուած` սրտառուչ ջերմեռանդութեամբ ոգեկոչեցինք ապրիլեան սպանդի յիսնամեակը` սփիւռքէն մինչեւ հայրենիք:

Այսօր նոր յիսնամեակ մը ունինք ոգեկոչելիք: Ցեղին յարութեան, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման յիսնամեակն է այս տարի: Համայն հայութիւնը պատրաստուած է արժանի վայելչութեամբ եւ հանդիսաւորութեամբ տօնելու 1918 մայիս 28-ի յիսուներորդ տարեդարձը:

Առաջին ազդանշանը տուաւ հայրենիքը, ուր հոյակապ կոթող մը պիտի յաւերժացնէ Սարդարապատի անմոռանալի ու յաղթապանծ դիւցազնամարտը` անոր յիսնամեակին առթիւ:

Ինչպէս երեք տարի առաջ, այս անգամ եւս վստահ ենք, որ հայ ժողովուրդը անխտիր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ մայիս 28-ի տօնակատարութեանց` երախտագիտական տուրք մը տալու համար բոլոր անոնց, որոնք իրենց արիւնով ստեղծեցին անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

«ՅԱՌԱՋ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խաղալիք Նաւու Մը Աշխարհին Շուրջ Ճամբորդութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?