Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1968)

Յունիս 6, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անհնարին Է

Երջանիկ ենք մենք,
Որ ընկերական հաւաքոյթներում
Աւելի շատ ենք
Հի՜ն, հայրենական երգերը երգում:
Ձուլուած գոյների վերաթարմացման
Նո՛ր դար է եկել:
Անհնարին է մի գոյնով ապրել…

Ինչպէս բազմիցս նշուած է, վերջին երկու-երեք տարիներուն մեր հայրենիքին մէջ հոգեկան զգալի վերափոխում մը տեղի ունեցաւ: Ամէն ինչ կարմիր տեսնող եւ ուրիշ բան չտեսնելու վարդապետութեան ծառայող կարմի՛ր մտայնութիւնը իր տեղը, գոնէ՛ մասամբ, զիջած կը թուի աւելի մարդկային, բնական բխումներու, հակումներու:

Հայրենական հողին ընդերքներէն բխած ամէն յուզում, հայրենի հողը երախտապարտ ձգող մարդոց ներքին վեհութիւնը բացայայտող ամէն բառ, ցեղային բոլոր երանգները ի պատուի են այսօր մեր երկրի ժողովուրդին ու մտաւորականութեան մօտ: Ու անբնական չէ այս վերադարձը: Անբնականը ժողովուրդները իրենց բնական տունէն դուրս բերելու միտող դաժան առաքեալներու արիւնոտ յաւակնութիւնն էր, որ, թէեւ ուշ, սկսած է անցնիլ պատմութեան մռայլ էջերուն մէջ` աւելորդ անգամ մը եւս հաստատելով, որ անհնար է երկար ատեն կապանքի տակ պահել մարդու ոգին:

Վերի տողերը ստորագրած է Հայաստանի երիտասարդ բանաստեղծներէն մէկը` Արամայիս Սահակեանը, եւ Սահակեան առանձին չէ ոգիի այս վերաթարմացման մէջ:

Նորէն կարդացէք բանաստեղծութիւնը` քիչ մը տարածուելով այս անգամ, քիչ մը ետ նայելով, քիչ մը դանդաղելով ներկայ օրերուն մէջ, եւ այն ատեն աւելի պարզ կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ «երջանիկ ենք մենք» եւ ինչո՛ւ երջանիկ չէին «հին, հայրենական երգերը» հարկադրաբար անտեսած ու հարկադրաբար «մի գոյնով» ապրած միլիոնները:

Հայաստանի մէջ, Եղեռնի յիսնամեակին, հարիւր հազար հաշուող բազմութիւններու ներկայութեան, զոհերու յիշատակին յուշարձան կանգնեցաւ: Եւ յուշարձանը լաւ յոյսեր ներշնչեց հայ մարդուն:

Հայաստանի մէջ, Սարդարապատի յիսնամեակին, հարիւր հազար հաշուող բազմութիւններու ներկայութեան կոթող բարձրացաւ Հայաստան ստեղծած յաղթապանծ կտրիճներուն ի պատիւ: Եւ կոթողը հպարտութեամբ լեցուց հայ մարդուն սիրտը:

Բարձրացան նաեւ ուրիշ յուշարձաններ, ուրիշ կոթողներ` գրաւոր, ձայնաւոր, գունաւոր: Վերաթարմացման շրջան է իրապէս: Մարդիկ սկսած են հաեմատաբար ազատ շնչել, երգել, գրել` լաւապէս ըմբռնելով, որ «Ահնարին է մի գոյնով ապրել»…

Պ. Ս.

Մեր Տեսակցութիւնը
Ժորժ Սարգիսեանի Հետ

Այսօր` շաբաթ 1, կիրակի 2, երեքշաբթի 4 եւ չորեքշաբթի 5 յունիս, երեկոյեան ժամը 9:00-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը պիտի բեմադրէ Լուիճի Փիրանտելլոյի «Ո՞րն է ճշմարիտը» թատրերգութիւնը:

Թարգմանութիւն եւ բեմադրութիւն` Ժորժ Սարգիսեանի:

Այս առիթով թատերախումբի սթիւտիոյին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցանք բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ տեղեկութիւններ կ՛ուզէիք տալ «Ո՞րն է ճշմարիտը» թատրերգութեան հեղինակ Լուիճի Փիրանտելլոյի մասին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Լուիճի Փիրանտելլօ իտալացի թատերագիր մըն է: Գրած է 40-է աւելի թատրերգութիւններ: Սկիզբը հալածուեցաւ: Ֆրանսան էր, որ փրկեց զինք: Ապա բոլոր երկիրները, Իտալիան ալ մէջը ըլլալով, գնահատեցին իր արժէքը: Աշխարհահռչակ այս թատերագրին գործերը այսօր ամէնուրեք կը բեմադրուին:

Իր վերջին թատրերգութիւնը մնացած է կէս: Մահուան անկողնին մէջ կանչել տուած է իր տղան եւ տուած` չորրորդ արարին նիւթը, որպէսզի ճիգ մը ընէ գրելու: Տղան անհրաժեշտ տաղանդը չունենալով` յաջողած չէ:

Փիրանտելլոյի ծննդեան 100-ամեակն է: «Ո՞րն է ճշմարիտը» թատրերգութեան բեմադրութեամբ մենք եւս պարտք զգացինք մեր մասնակցութիւնը բերելու միջազգային մեծարանքին:

Այս առիթով յայտնեմ, որ տոքթ. Բ. Փափազեանի հրատարակած «Լուիճի Փիրանտելլօ, կեանքն ու արուեստը» գիրքը շատ լուրջ աշխատանք է: Կ՛արժէ, որ թատրոնով հետաքրքրուող ոեւէ անհատ ունենայ:

Հ.- Ի՞նչ տեղեկութիւններ կ՛ուզէիք տալ «Ո՞րն է ճշմարիտը» թատրերգութեան մասին:

Պ.- Այս թատրերգութեան խորագրէն կ՛երեւի, որ թեմա մը կայ: Բացարձակ իրականութիւնը անկարելի է մէջտեղ բերել: Ամէն մէկը որեւէ դէպքի մասին իր սեփական տեսակէտը ունի: Ամէն մէկը, ինքը կը ստեղծէ ճշմարտութիւնը: Եւ յաճախ նոյն հարցի շուրջ մէկը միւսին հակառակը կը կարծէ ճշմարտութիւնը: Մէկ խօսքով, ամէն մէկը իր անձնական տպաւորութեամբ եւ տեսակէտով կը սահմանէ ճշմարտութիւնը: Իտալերէն բուն վերնագիրն է` «Այնպէս, ինչպէս ձեզի կը թուի»:

Այս հարցը, թէ ի՞նչ է ճշմարտութիւնը, հեղինակը գրած է իր թատրերգութիւններէն շատերուն մէջ, քիչ մը աւելի կամ պակաս: «Ո՞րն է ճշմարիտը» թատրերգութիւնը հաւանաբար Փիրանտելլօ գրած է իր կնոջը հիւանդութեան (մտային խանգարումներ) ազդեցութեան տակ եւ կը մօտենայ իր հոգեկան ապրումներուն:

Հ.- Ի՞նչ տեղեկութիւններ կ՛ուզէիք տալ բեմադրութեան մասին:

Պ.- Բեմադրութիւնը աւելի վերացական ձեւով է, գոնէ` տեքորը: Տեքոր չէ, նոյնիսկ հակատեքոր է: Բեմի վրայ սեւով եւ ճերմակով կ՛ուզենք տալ ճշմարտութեան եւ սուտի պայքարը: Սեւի եւ ճերմակի խառնուրդը` սեւը` սուտը եւ ճերմակը` ճշմարտութիւնը: Անոնց հաւասարէ հաւասար պայքարն է մինչեւ վերջ:

Իսկ խեղճ մարդկութիւնը, որ կարծիք չունի, ուրիշէ մը կը սպասէ ճշմարտութիւնը կամ հաստատումը, տուած ենք փանթենի (շուարած) ձեւով:

Հ.- Քանի՞ հոգի բեմ պիտի բարձրանայ: Նոր դերակատարներ կա՞ն:

Պ.- 14 հոգի: Եօթը կին եւ եօթը այր: Չորս աղջիկ եւ երկու տղայ նորեր են:

«Ո՞րն Է Ճշմարիտը»
Թատրերգութեան Բեմադրութեան Առիթով

Դերասանական խաղարկութեան ցուցադրութեան տեսակէտով այս թատրերգութիւնը սահմանափակ է: Ընտրեցինք այս փիեսը, որպէսզի հետաքրքրական նիւթ մը հրամցուցած ըլլանք թատերասէր հասարակութեան առանց փնտռելու բեմադրութեան եւ խաղարկութեան մէջ ցցուն ելոյթներ:

«Ո՞րն է ճշմարիտը» թատրերգութեան բեմադրութեամբ, բեմական շլացնող տպաւորութիւններ չենք փնտռեր: Արդէն չունի: Այդ ձեւի տասնեակ մը բեմադրութիւններ տուած ենք, օրինակ` «Հին աստուածները», «Ոսկի աքաղաղը», «Շղթայուածը» եւ այլն:

Այս բեմադրութեամբ կ՛ուզենք թատերասէր հասարակութեան ներկայացնել լաւ, հետաքրքրական եւ ըմբռնելի նիւթ մը:

***

Արդարեւ, «Ո՞րն է ճշմարիտը» թատրերգութիւնը, լուրջ ու բծախնդիր պատրաստութեամբ, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի համբաւին արժանի բեմադրութիւն մը պիտի ըլլայ:

Թատերասէր հասարակութիւնը անգամ մը եւս առիթը պիտի ունենայ վայելելու արուեստի բեմադրութիւն մը:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Մտածումներու Արձագանգը» (Հեղինակ` Հուրի Ազէզեան)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?