Հայաստանի Անկախութեան Յիսնամեակին Առիթով
«Ասոշիէյթըտ Փրես»-ի Տեսակցութիւնը
Ս. Վրացեանի Հետ
Ինչպէս ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, դժբախտ արկածի մը եւ վիրաբուժական գործողութեան մը պատճառով Ս. Վրացեան շուրջ մէկուկէս ամիսէ ի վեր կը գտնուի Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցը: Հայաստանի անկախութեան յիսնամեակին առթիւ, մայիս 27-ի յետմիջօրէին, «Ասոշիէյթըտ փրես»-ի Պէյրութի գրասենեակի պատասխանատուներէն լրագրող Տենիս Նիլտը եւ լուսանկարիչ- թղթակից Հերրի Գունտաքճեանը ներկայացած են Ս. Վրացեանին եւ, կէս ժամ տեւող տեսակցութիւն մը ունենալէ ետք, միջազգային մամուլին ղրկած են անոր հեռարձակ լուսանկարը (ռատիօ-ֆոթօ) եւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:
ՊԷՅՐՈՒԹ, ԼԻԲԱՆԱՆ, 28 ՄԱՅԻՍ.- Սիմոն Վրացեան` հայկական կարճատեւ Հանրապետութեան վերջին վարչապետը, այսօր նշեց Հայաստանի անկախութեան 50-րդ տարեդարձը` իր ժողովուրդին համար անկախութիւն եւ արդարութիւն պահանջող կոչ մը ուղղելով համայն աշխարհի ազգերուն:
Անկախ Հայաստանը գոյատեւեց միայն 1918 մայիս 28-էն մինչեւ 1920 դեկտեմբեր 2, ապա բաժնուեցաւ Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ:
Շուրջ հինգ միլիոն հայերէ` երեք միլիոնը ներկայիս կ՛ապրի Խորհրդային Միութեան մէջ:
Վրացեան, որ 86 տարեկան է եւ հիւանդ, հիւանդանոցի իր մահիճէն կոչ ըրաւ` ի նպաստ Միացեալ ազգերու կողմէ Հայկական հարցի վերարծարծումին:
Ան յիշեցուց այն ջարդերը, որոնց ենթարկուած էր հայ ժողովուրդը թուրքերու կողմէ. վերյիշեց հալածանքի եւ գաղթի տարիները:
«Բոլոր փոքր երկիրները պէտք է զօրավիգ կանգնին Հայ դատին, իրե՛նց իսկ անկախութեան սիրոյն», ըսաւ Վրացեան, որուն ձայնը, շշուկի մը նման, հազիւ լսելի էր:
«Այնքան ատեն որ գոյութիւն ունի մէկ հատիկ իսկ երկիր կամ ժողովուրդ, որուն իրաւունքները ոտնակոխուած կը մնան բոլոր փոքր ազգերու ճակատագիրը սպառնալիքի տակ է»:
Տկարացած եւ սպիտակահեր իրաւագէտը Ֆրանսա անցաւ, երբ Հայաստանը Ա. Աշխարհամարտի իր դաշնակիցներուն կողմէ լքուած` տեղի տուաւ թուրքերուն առջեւ. ան յաջորդող երեսուն տարիներուն ընթացքին Արեւմուտքի մէջ իր երկրին Դատը պաշտպանեց:
Ան ներկայ եղաւ 1945-ի ՄԱԿ-ի Սան Ֆրանսիսքոյի ժողովին` իբրեւ խօսնակը հայոց: Ապա եկաւ Լիբանան, ուր իր հայրենակիցներէն աւելի քան 150 հազար հոգի կ՛ապրին, ասկէ 17 տարիներ առաջ, իբրեւ Հայ ճեմարանի տնօրէն:
Վրացեան այսօր կոչ ըրաւ ի նպաստ միացեալ, անկախ եւ ազատ Հայաստանի մը, որուն չէզոքութիւնը ապահովուած պէտք է ըլլայ միջազգային յանձնառութիւններով:
«Երբեք կորսնցուցած չեմ իմ հաւատքս հայ ժողովուրդին նկատմամբ,- ըսաւ Վրացեան:- Մեր ժողովուրդը երբեւիցէ չի կրնար մեռնիլ: Այսքան երկար տարիներու անստուգութեան եւ վերիվայրումներուն մէջ կենդանի պահած մենք մեր ազգային գիտակցութիւնը եւ մեր անկախութեան ոգին:
«Հայաստանի խորհրդային վարչակարգը,- յայտնեց Վրացեան,- ժամանակաւոր կը նկատենք: Հայաստանի ժողովուրդը հաւատարիմ մնացած է ներկայ վարչաձեւին, բայց բնաւ հաշտուած չէ արբանեակ պետութիւն մը մնալու գաղափարին հետ:
«Այսօր աշխարհը այնքան արագ փոփոխութեանց կ՛ենթարկուի, որ անկարելի է ըսել, թէ պիտի չստեղծուի նոր կացութիւն մը, որուն շնորհիւ` անկախ Հայաստանը վերստին իրականութիւն դառնայ», յայտարարեց ան մեր թղթակիցին: