«Ենի Կազեթ»-ի Ուշագրաւ Յօդուածը
Արտասահմանի Հայերը
Ամբողջական Հայաստան Կ՛ուզեն
Թրքական Թերթը Կ՛անդրադառնայ Հայ Դատին Ի Նպաստ Կատարուած Աշխատանքներուն – «Սեւրի Դաշնագրին Յիսնամեակին Առթիւ Պիտի Ներկայացնեն Իրենց Պահանջը: Արդէն Իսկ ՄԱԿ-ին Դիմած Են
Պոլսոյ «Ենի Կազեթ» թերթը 10 մայիսին իր համարին մէջ հրատարակած է հետեւեալ ուշագրաւ յօդուածը, որ խուճապային տրամադրութեան մը տարտամ արտայայտութիւնն է` ի տես ժողովուրդի մը, որ հատուցում կը պահանջէ:
Սեւրի դաշնագրին յիսնամեակին առիթով շատ հաւանական է, որ արտասահմանի հայերը կարգ մը լուրջ պահանջներ ներկայացնեն 1970-ին: Փարիզի եւ Պէյրութի մէջ խմբուած հայ ղեկավարներ մասնաւոր ծրագրի մը համաձայն կը գործեն եւ լրջօրէն կ՛աշխատին ի խնդիր «Անկախ Հայաստան»-ի մը: Ամերիկայի հայոց թափած ջանքերուն առընթեր, այս նպատակով հիմնուած կոմիտէները եւ Պէյրութի մէջ հաստատուած զանազան կազմակերպութիւններ իրենց պահանջը մինչեւ ՄԱԿ տանելու աստիճան առաջ գացած են: Ահաւասիկ քանի մը հատուածներ` այն յայտարարութենէն, զոր 23 ապրիլ 1968-ին հրատարակեց Թեհրանի մէջ Հայ դատի կոմիտէն.
«Հայ դատի կոմիտէն դիմեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ պահանջեց, որ մասնակցի Մարդկային իրաւանց ժողովին, որ պիտի գումարուի Թեհրանի մէջ, 22 ապրիլ 1968-ին: Նախապատրաստական յանձնաժողովը գումարուեցան 18-19 մարտ թուականներուն եւ քննեց զանազան կազմակերպութեանց դիմումները, Հայ դատի կոմիտէէն ալ պատուիրակ մը ներկայ եղաւ: Վեց հարիւրի մօտ դիմումներ եղած էին պատկան յանձնաժողովին, եւ անոնցմէ քսաներեքը միայն քննարկման դրուեցան, եւ որոշում տրուեցաւ: 23 դիմումներէն եօթը միայն օրակարգի վրայ առնուեցաւ: Հայ դատի մասին տրուած յուշագիրը օրակարգէ դուրս մնաց: Միայն յարմար նկատուեցաւ, որ մեր կոմիտէն ալ մասնակցի ՄԱԿ-ի այսօրինակ ժողովներուն»:
«Զարթօնք»-ի մէջ ալ Վարժապետեան հետեւեալը գրած է 24 ապրիլ 1968-ին.
«Պէտք է վրէժ լուծենք` ոչ թէ բաժան բաժան ըլլալով, ոչ թէ գաղթելով, այլ` հայրենիք վերադառնալով: Ալ պէտք է վերջ տանք մեր պառակտումներուն, որոնք օտարներու կողմէ նիւթուած էին: Հայրենիքի կարօտով տոչորող հայերը երազ մը ունին` ամբողջ հայութիւնը, ամբողջական հայրենիքի մէջ»:
Քարտէսներ, Գիրքեր, Դրօշներ
Պէյրութի բոլոր խանութներուն, կարեւոր շէնքերուն, նոյնիսկ ամերիկեան համալսարանի սրահներուն մէջ կախուած են կոչեր, քարտէսներ եւ յայտարարութիւններ, որոնց եթէ նայիք, պիտի տեսնէք, որ «Հայրենիքը արեւելեան Անատոլուն» է, իսկ «գաղթը» այն ճամբան է, ուրկէ 1915-ին հեռացած են Թալէաթ փաշայի կողմէ տարագրուած հայերը: Միջին Արեւելքի զանազան տեղերը ցրուած հայերը «հայրենիք» կը պահանջեն Իսրայէլի նման` յուսալով, որ կը միանան միակ հողի մը վրայ: Օրինակ, Հալէպի մէջ գումարուած հաւաքոյթի մը ընթացքին հնչակներէն Ժիրայր Նայիրի սապէս ըսած է.
«Եղբայրնե՛րս, մենք այստեղ լալու համար չգումարուեցանք: Մեր նպատակն է ցոյց տալ, որ հակառակ գործուած անիրաւութիւններու եւ ոճիրներու` որոշած ենք ապրիլ եւ գոյատեւել, շարունակել մեր պայքարը, մեզմէ կապտուած հողերը ետ առնել: Այս նպատակով է, որ գումարուած ենք»:
Իրենց նշանաբանն է` «Զօրաւոր ըլլալու համար միաբան ըլլալ»: Ամբողջ աշխարհի, մասնաւորաբար Պէյրութի մէջ հայկական զանազան կուսակցութիւններ եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ որոշած են միաբանիլ, մինչեւ որ «Դատը իրականանայ»: Դաշնակ (աջակողմեան), Հնչակ (ձախակողմեան) եւ Ռամկավար (ազատական) կուսակցութիւնները միացած են Սուրիոյ մէջ եւ Պէյրութի մէջ ալ պիտի միանան մօտերս: Հայ գործադիր կոմիտէին նախագահն է Խորէն Ա., որ կղերականի հանգամանքով Կիլիկիոյ կաթողիկոսն է: Կիլիկիա անունը կը տրուի Ատանայի եւ շրջակայքին:
Խորէն Ա. գործադիր կոմիտէին մէջ հաւաքած է քաղաքական երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, եւ ամէն ինչ կազմակերպուած է, իր դրամատունը եւ առեւտրական օժանդակութեան ցանցը ունի: Ուղուրլեան Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան առաջին տնօրէնն է: Հակառակ անոր որ հայերը զինուորական կազմակերպութիւն մը հիմնելու իրաւասութիւն չունին, «Անդրանիկ» մարզական կազմակերպութեան անուան տակ հաւաքուած են 15-25 տարու երիտասարդները: Մարզական կարգապահութեամբ կը հասնին այս երիտասարդները, որոնք քսանհինգ տարեկանէն ետք ստիպուած են մտնել «Անդրանիկ» ասպետական քլիւպը` զինարձակութեան մարզանք ընելով:
Պէյրութի Համալսարանին Մէջ Բախում
Անցեալ ամիս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ լուրջ բախումներ տեղի ունեցան թուրք եւ հայ ուսանողներու միջեւ: Հայ ուսանողները, որոնք թիւով 400 էին, կը գրգռէին թուրք ուսանողները, որոնք 33 հոգի են, եւ այս առթիւ համալսարանին մէջ կը ցուցադրէին հայոց ջարդերը ներկայացնող նկարներ: Հայ երիտասարդութիւնը անմիջապէս զեկոյց մը հրատարակեց` Թուրքիան մեղադրելով, ամենախիստ լեզուով մը պարսաւելով հայկական ջարդերը:
Պետութեան Մը Համար Ամէն Ինչ Պատրաստ Է
Հայերը այնքան լաւ կազմակերպուած են, որ Խորէն Ա.ի հովանաւորած գործադիր կոմիտէէն զատ` յիսուն հոգիէ բաղկացած խորհրդարան մըն ալ ունին եւ ամէն երեք ամիս կը գումարուին: Հայերը ամբողջ աշխարհին կ՛ուզեն ծանուցել, որ կրօնի, լեզուի եւ մշակոյթի տեսակէտով անջատ ազգ մըն են եւ իրենց բոլոր կազմակերպութիւններով այդ նպատակին կը ձգտին: Հայերը, որոնք հիւր են Լիբանանի մէջ, կը պատրաստուին կռուիլ յառաջիկային: Հայկական հարցը այս փուլին մէջ մտած է ներկայիս եւ եղած է դատ մը` արտասահմանի մէջ:
Տարագրութեան Նկարներ Եւ Ջարդի Յուշարձանը
Հայերը Լիբանանի բոլոր անկիւններուն մէջ, պատերու վրայ, նրբանցքներու, խանութներու մէջ տարագրութեան եւ հայրենիքի վերաբերեալ նկարներ, քարտէսներ կախած են: Ասկէ զատ` 1915-ի հայոց ջարդերը յաւերժացնելու համար Պէյրութի լեռնային գօտիին` Պիքֆայայի մէջ վիթխարի արձան մը կանգնած են: Այս յուշարձանին հիմնարկէքին օրը հայերը զեկոյց մը հրատարակեցին` իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելով հիւրամեծար լիբանանեան կառավարութեան:
Հայերը կը պահանջեն 1915-ի տարագրութենէն առաջուան վայրերը, լայնածաւալ հողամաս մը, որ կ՛երկարի Էրզրումէն անդին: Ամերիկեան մարմինէն Տիգրան Պոյաճեանը եւ Անդրէասեանը պաշտօն ստանձնած են այս իրողութիւնը պարզելու Միացեալ ազգերուն: Պէյրութի ամերիկեան համալսարանն ալ կը հովանաւորէ այս հակաթուրք բացայայտ գործունէութիւնը, որ նպատակ ունի բաժան բաժան ընել երկիրը: Չենք գիտեր, թէ ինչո՛ւ աչք կը գոցեն: