Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1968)

Մայիս 24, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աղեքսանդրիոյ
Հին Մատենադարանը

Պտղոմէոսեաններու շրջանին Աղեքսանդրիա քաղաքակիրթ աշխարհի եդեմն էր` շնորհիւ իր համալսարանին եւ մատենադարանին, որոնց հռչակը տարածուած էր ամբողջ աշխարհի մէջ:

Համալսարանը մատենադարանին կու տար գիտնականներ, իսկ այս վերջինը, իր կարգին, համալսարանին կը հայթայթէր գիտական եւ վարդապետական գիրքեր:

Աղեքսանդրիոյ մատենադարանէն առաջ ծանօթ էին Պղատոնի ակադեմիային գրադարանը եւ յոյն իմաստասէրներու խմբակցութեանց մատենադարանները:

Աղեքսանդրիոյ մատենադարանը միւս բոլորէն գերազանց էր թէ՛ իր կարեւորութեամբ եւ թէ՛ համբաւով, տրուած ըլլալով, որ հին աշխարհի առաջին պետական մատենադարանն էր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ առաջին անգամ ըլլալով պետութիւնը կ՛օժանդակէր գիտութեան եւ մշակոյթի տարածումին: Նոյնիսկ Աթէնք, որ գիտական եւ իմացական ճաճանչաւորումի աղբիւր մըն էր այդ միջոցին, հանրային մատենադարան չունէր: Իր բոլոր գրադարանները անհատական էին:

Աղեքսանդրիոյ մատենադարանը հատորներու կամ ձեռագիր պատատներու (պիպլիա) շատ կարեւոր հաւաքածոյ մը ունէր: Երբ Յուլիոս Կեսար Աղեքսանդրիա հասաւ, մօտ 700 հազար ձեռագիր պատատներ կային, որոնց վրայ Կղէոպատրա թագուհին աւելցուցած էր 200 հազար ուրիշներ, զորս իրեն նուիրած էր իր սիրահարը` Անտոնիոս եռապետը:

Պտղոմէոսեանները որեւէ զոհողութեան առջեւ կանգ չէին առներ մատենադարանին հայթայթելու համար բնագիր վաւերաթուղթեր եւ յունարէն թարգմանութիւններ: Պտղոմէոսեաններէն մէկը պատգամաւոր ղրկեց Աթէնք` Եւրիպիդեսի ողբերգութիւններուն բնագիրը խնդրելու համար: Պիտի ընդօրնակուէր եւ պիտի վերադարձուէր: Իբրեւ երաշխաւորութիւն մեծ գումար մը վճարուեցաւ աթենացիներուն: Սակայն ընդօրինակութիւնը աւարտելէ ետք վեհապետը նախընտրեց բնագիրը պահել եւ ընդօրինակութիւնը ղրկել Աթէնք` հոգ չընելով, որ կը կորսնցնէր երաշխաւորագինը:

Համալսարանը եւ մատենադարանը առաջին աղէտին ենթարկուեցան Պտղոմէոս Ը.-ի օրով, երբ ան այս հիմնարկութեանց հսկողութիւնը վստահեցաւ պալատականի մը, որ իր նախորդներուն չափ կրթութիւն չունէր: Աղեքսանդրիացիները ընդվզած էին Պտղոմէոսի դէմ` անոր բռնապետական արարքներուն պատճառով:

Հռչակաւոր մատենադարանին կործանումը եւ անհետացումը կը ներկայացուի զանազան ձեւերով: Առասպելի մը համաձայն, որ երկար ատեն տարածուած էր, իբր թէ մատենադարանը կործանեցաւ արաբներու կողմէ, երբ անոնք գրաւեցին Աղեքսանդրիան, եւ իբր թէ անոր պարունակած գիրքերը ծառայեցին տաքցնելու քաղաքին բոլոր հանրային բաղնիքները: Բազմաթիւ պատմագիրներ հերքեցին այս զրպարտութիւնները: Անոնք միաձայնաբար կը հաստատեն, որ արաբները ոչ միայն այդպիսի բարբարոսութիւն չեն գործեր, այլեւ ընդհակառա՛կն, կը գնահատեն հիներու գիտութիւնը եւ անյագօրէն նոր ծանօթութիւններ կը քաղեն անոնց գործերէն: Պատմութեան ընթացքին հաստատուեցաւ արաբներու հոգածութիւնը` հիներու գիտութիւնը զարգացնելու եւ աւելի եւս առաջ տանելու մասին:

Աղեքսանդրիացի Պտղոմէոսի «Աշխարհագրութիւն»-ը իբրեւ հիմ ծառայեց աշխարհագրական գիտելիքներուն: Արոն Աղեքսանդրիացիի բժշկութեան վերաբերեալ գիրքը արաբներուն համար եղաւ առաջին աղբիւրը, ուրկէ քաղեցին յունական բժշկութեան վերաբերեալ իրենց գիտելիքները: Պղատոնի իմաստասիրութիւնը խորապէս ազդեց Արեւելքի գիտութեանց վրայ:

Վերադառնալու համար մատենադարանին, պէտք չէ մոռնալ, որ ան հրդեհէ մը վնասուեցաւ Ք. Ա. 48-ին, երբ եգիպտական ուժերուն հրամանատարը` Աքիլէոս յաջողեցաւ հրկիզել Կեսարի նաւատորմը եւ բոցերը հովէն մղուելով` հասան Աղեքսանդրիոյ քանի մը յիշատակարաններուն:

Բազմաթիւ մատենագիրներ կը պատմեն նաեւ, որ մատենադարանը կործանեցաւ կողոպուտի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ հռոմէական իշխանութեան օրով: Վերջապէս, ուրիշներ կը պատմեն, որ մատենադարանը քաղաքին ըմբոստացած բնակիչներուն փոխվրէժի զոհը եղաւ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներու ընթացքին: Բայց կը թուի, որ այս դէպքը կը վերաբերի ուրիշ մատենադարանի մը, որ հրոյ ճարակ եղաւ Սերափիս տաճարին հետ, քրիստոնեաներու ըմբոստութեան ընթացքին:

Այս նոյն ըմբոստութիւնը արժեց կեանքը յոյն փիլիսոփայ եւ համարողագէտ Հիփաթիէսի, որ խուժանին կողմէ սպաննուեցաւ կողոպտուած սրբարանին առջեւ: Իր ողբերգական ճակատագիրը մահազանգ մը եղաւ հելլենականութեան համար:

Թարգմ. Հ.

 

Յիսուն Տարի Առաջ, Այսօր

Թշնամի հորդաներուն յառաջխաղացքը դանդաղեցնող մասնակի բախումներէ ետք, մայիս 28-ի փառապանծ յաղթանակը պատրաստող առաջին խոյանքը տեղի ունեցաւ յիսուն տարի առաջ ճի՛շդ այսօր: «Մայիս 23-ին զօրավար Սիլիկեան տուեց յարձակման հրաման: Հայկական ուժերը նետուեցին առաջ: Բռնկուեց երկար ճակատամարտերի երկար մի շրջան»:

Յիսուն տարի առաջ այսօրը տարբեր օր եղաւ, օր` պայծառատեսութեան, գերագոյն արութեան, սխրագործութեան, օր` ինքնարժէք ու անբաղդատելի, վասնզի, ինչ խօսք, պահեր կան պատմութեան մէջ, երբ շարժումի մը որոշումը կը յայտնակերպէ ժողովուրդի մը կամ անհատի մը ներքին բովանդակութիւնը` անկախ շարժումին ելքէն: Այդ բացառիկ պահերէն է մայիս 23-ը: Մայիս 23-ին գրոհի անցնողները կրնային ամբողջութեամբ նահատակուիլ, վերջանալ, ա՛յդ էր արդէն թշնամիին ծրագիրը, կարեւորը թշնամիին ծրագիրը ձախողեցնելու եւ սեփական ոճով մահը դիմագրաւելու կերպն էր, մահէն առաջ ու վերջին անգամ հայրենիքին նուիրականութիւնը եւ ժողովուրդին արդարութիւնը հաստատելու դիւցազներգական նախընտրութիւնը: Լինել չլինելու հարցականին առջեւ ժողովուրդները այդ որոշումով կը յաւերժացնեն իրենց լինելութիւնը եւ մեր ժողովուրդին լինելութեան փաստը տարբեր գաղտնիք մը չունի:

Յիսուն տարի առաջ, այսօ՛ր, լինել-չլինելու պահ էր նորէն ու ամէնուն հոգին համակող ձգողական ձայն մը լսուեցաւ մէկէն.

«Հայե՛ր, շտապեցէք հայրենիքը ազատելու,

«Յանուն բազմաչարչար ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեան,

«Յանուն ոտնակոխ եղած ճշմարտութեան,

«Ոտքի՛ կանգնեցէք: Դէպի սրբազան պատերազմ»:

Յիսուն տարի առաջ, այսօ՛ր, այս ձայնը լսուեցաւ քանի մը կէտերէ, տարածուեցաւ հայրենիքի բոլոր անկիւններուն, ոտքի կանգնեցան ամէնքը մէկ, ամէնքը մէկ գրոհեցին թշնամիին վրայ, եւ օրը իրիկուն չեղած` նահանջի մատնեցին ներխուժող հորդաները, առին յաղթանակի առաջին ճաշակը:

Յիսուն տարի առաջ,   ճի՛շդ այսօր, այսօր կը մնայ խոնարհիլ մեծերուն խոնարհութեամբ ու խոնարհներուն մեծութեամբ, ամէնուն արութեամբ, ամէնուն արիւնով իրագործուած հրաշքին առջեւ…

Պ. Ս.

23 մայիս 1968

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Առողջապահական. Ինչպէ՞ս Պահպանել Տեսողութիւնը Հասուն Տարիքին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?