Դասախօսութիւն
Նիւթ` Արեւմտեան Հայաստանի պատմական յուշարձաններու ներկայ վիճակը սլայտներու ցուցադրութեամբ:
Դասախօս` Հրաչ Տասնապետեան
Տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 2 մայիս, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Համազգային»-ի ակումբը:
Հրաչ Տասնապետեան 270 լուսապատկերներով ներկայացուց Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կանգուն մնացած հայկական ճարտարապետութեան պատմական յուշարձաններու մնացորդները:
Անոնց վիճակը ողբերգական է, ըսաւ Հ. Տասնապետեան: 1915-ի Եղեռնին յաջորդող տարիներուն, մինչեւ 1922, թուրքերը սիստեմաթիք քանդումի սկսան ենթարկել այն բոլոր յուշարձանները, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը վկայէին, թէ այդ հողերուն տէրերը ջարդուած են: Ճէվտէթ փաշան մեր պատմական յուշարձաններուն մէկ կարեւոր մասը թնդանօթի բռնեց, մասնաւորաբար Վասպուրականի եւ Տարօնի շրջանին մէջ: Մարդկային եղեռնին յաջորդեց ճարտարապետութեան, գեղարուեստի սպանդը:
Արեւմտեան Հայաստանը, ներառեալ Անիի եւ Կարսի շրջանը, ըստ Պոլսոյ վիճակագրութեան, ունէր 700 վանապատկան եւ 1300 առանձին եկեղեցիներ: Չենք գիտեր անոնցմէ ի՞նչ կը մնայ այժմ: Ա. Համաշխարհային պատերազմի սիստեմաթիք քանդումէն ետք, տակաւին Բ. Համաշխարհային պատերազմի օրերուն եւ 1950-էն ետք, քանդումի ենթարկուած են Տեկորի եւ Խծկոնքի եկեղեցիները:
Այս սպանդէն ազատած են միայն կարգ մը յուշարձաններ, կա՛մ որովհետեւ շատ ծանօթ էին, ինչպէս Աղթամարը եւ ուրիշներ եւ կամ շատ մօտ էին ռուսական սահմանին, կարելի չէր զանոնք քանդել առանց նշմարուելու:
Այն յուշարձանները, որոնք կանգուն են տակաւին, ձգուած են իրենց բախտին ու ժամանակին, որոնք նոյնքան քանդիչ են որքան ուղղակի փճացումը: Եթէ միջոցներու չդիմուի մնացածները նորոգելու համար, անոնք ալ շուտով միւսներուն բախտին պիտի արժանանան:
Բարեբախտաբար արեւելեան Հայաստանի մէջ գտնուող պատմական յուշարձանները պետութեան կողմէ մասնաւոր խնամքի կ՛արժանանան:
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կանգուն մնացած յուշարձաններու վիճակի մասին, միայն վերջին 15 տարիներուն սկսանք գաղափար մը կազմել: Առաջին անգամ անգլիացի թղթակիցներ գրեցին անոնց մասին եւ, իբրեւ միջազգային արժէք ներկայացնող գործեր, մարդիկ սկսան հետաքրքրուիլ: Թուրքիան թուլցուց իր քաղաքականութիւնը, արտօնեց, որ զբօսաշրջիկներ այցելեն երկրի ներսերը, մինչեւ Անիի շրջանը, նախապէս արգիլուած զինուորական շրջանները դարձան մատչելի:
Երկուքուկէս տարի առաջ, բարեբախտութիւնը ունեցանք ծանօթանալու երկու ամերիկացիներու, որոնք Հայաստանի Արեւմտեան նահանգները պիտի այցելէին: «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութենէն իրենց ծախսերը ստանալով, գացին մինչեւ Տիգրանակերտ, Պիթլիս- Մուշ, Վան, Էրզրում: Անոնցմէ խնդրեցինք, որ լուսանկարեն հայերէն տառերու ներկայութեամբ իրենք զիրենք մատնանշող յուշարձանները, եկեղեցիներն ու վանքերը: Անոնք շատ խղճամիտ կերպով կատարեցին իրենց յանձնառութիւնը, արդիւնքը եղաւ մեր ակնկալածէն լաւ, բերին 1000 լուսանկար: Պատրաստած ենք 600 սլայտ, անոնցմէ մէկ մասը պիտի տեսնենք այսօր:
***
Ներկաները արագ պտոյտ մը ըրին լուսապատկերներու միջոցով, սկսելով Պիթլիսէն, անցնելով Մշոյ դաշտ, Մուշ, Վանայ ծով, Ախլաթ, Ռշտունեաց լեռներ, Վասպուրականի լեռներ, Վան, Աղթամարի կղզին, ուր Ս. Խաչ եկեղեցին կը մնայ կանգուն (շինուած 10-րդ դարուն Մանուէլ ճարտարապետի կողմէ), Վարագ, Տեկորի տաճար (քարուքանդ վիճակի մէջ), Խծկոնք (5 հոյակապ եկեղեցիներէն միայն վերջինի մնացորդները կը վկայեն, թէ տինամիթով քանդուած են), հասնելով Անիի պարիսպներուն` Անիի Միջնաբերդը, Մանուչէի մզկիթը, Մայր եկեղեցին (շինուած Տրդատ ճարտարապետի ձեռքով), Ս. Գրիգոր եկեղեցին, վրացական եկեղեցիի մը մնացորդները եւ պալատական շինութիւնները, Ապուղամրենց տոհմի Ս. Գրիգոր եկեղեցին (շինուած 10-րդ դարու առաջին կիսուն), ապա անցնելով Կարսէն` Կարսի բերդը, Առաքելոց վանքը (այժմ վերածուած թանգարանի), վերջապէս Էրզրում, Կարին, Պոնտական լեռներ եւ Տրապիզոն:
Այս շրջապտոյտի ընթացքին ներկաները տեսան հոյակապ վայրի բնութիւն մը, անմշակ ու խոպան, գրեթէ ամայի ընդարձակ տարածութիւններ, քանի մը խեղճ ու կրակ յետամնաց գիւղեր շինուած, մեր տաճարներէն բերուած քարերով ու դուռներով, որոնց վրայ տակաւին կ՛երեւան խաչեր ու հայկական տառեր, եւ այս պաստառին վրայ հոս ու հոն բոլորովին քանդուած անճանաչելի կմախքները մեր հոյակապ եկեղեցիներուն եւ կամ կիսակործան տաճարներ, որոնք այդ վիճակին մէջ իսկ գոհարներու նման գեղեցիկ են եւ խորապէս կը յուզեն դիտողը…
Այս բոլորը տեսնելէ ետք, կարելի չէ անտարբեր մնալ: Հայութեան սեփականութիւնը եղող նիւթական ու հոգեկան հսկայ հարստութիւն մը անհետանալու վրայ է. մեր փառաւոր անցեալը ներկայացնող պատմական յուշարձանները կորուստէ փրկելու մասին պէտք է լրջօրէն մտածել… թերեւս տասնեակ մը տարիներ ետք, անոնց հետքն իսկ չմնայ…
Ա. Գ.