Նահատակները Ոգեկոչուեցան
Յուզիչ Արարողութեամբ Մը
6 մայիսի արարողութեան ընթացքին, Հանրապետութեան նախագահը շրջապատուած խորհրդարանի ի պաշտօնէ նախագահ ընկ. Մովսէս Տէր Գալուստեանի (նախագահի աջին) եւ վարչապետ պրն. Ապտալլա Եաֆիի կողմէ: Երկրորդ շարքին վրայ` նախարարներ ու երեսփոխաններ:
Նահատակներու ոգեկոչմանաւանդական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ առտու, Նահատակաց հրապարակին վրայ, ի ներկայութեան Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի, երեսփոխանական ժողովի երիցագոյն անդամի հանգամանքով` ի պաշտօնէ նախագահ Մովսէս Տ. Գալուստեանի, վարչապետ Ապտալլա Եաֆիի, նախարարներ Ռաշիտ Պայտունի, Ժան Ազիզի, Խալետ Ժոմպլաթի, Էտուար Հընէյնի եւ Օսման Տանայի, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ երեսփոխաններու, Պէյրութի քաղաքապետական յանձնախումբի նախագահին եւ քաղաքապետին, բարձրաստիճան դատ աւորներու եւ սպաներու:
Ժամը 9:00-ին ժամանելով` նախագահ Հելու ընդունուեցաւ ազգային քայլերգով: Նախագահը աչքէ անցուց բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ջոկատները, ապա անցաւ պաշտօնական բեմ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի երիցագոյն անդամին, վարչապետին եւ ներկայ այլ անձնաւորութիւններու կողմէ:
Ընկերակցութեամբ Մովսէս Տէր Գալուստեանի եւ Ապտալլա Եաֆիի, հանրապետութեան նախագահը ուղղուեցաւ Նահատակաց յուշարձանը, ուր ծաղկեպսակ դրաւ եւ պահ մը լուռ մնաց: Փողերախումբը հնչեցուց ննջեցեալներու շեփորը: Ծաղկեպսակներ դրին նաեւ Տէր Գալուստեան եւ Եաֆի:
Երբ նախագահը վերադարձաւ բեմ, ոգեկոչման յանձնախումբին քարտուղարը` Մոհամետ Ալի Ռըզ բացաւ արարողութիւնը, մէկ վայրկեան լուռ մնալով` «ի յարգանս անոնց, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին հայրենիքի անկախութեան»:
Ճառեր խօսեցան` Ահմետ Ըսպեր (խորհրդարանին կողմէ), Ժան Ազիզ (կառավարութեան) եւ Սամի Ապտել Պաքի (ոգեկոչման յանձնախումբին):
Պաշտօնական արարողութեան աւարտէն ետք պատուիրակութիւններ գացին գերեզմանատուները` ծաղկեպսակ դնելու նահատակներու գերեզմաններուն վրայ:
