Թատերական
Լեւոն Շանթի «Կայսր»-ը
Թատրերգութեան Բեմադրութիւնը
Պաղտատի Մէջ
Պաղտատի ՀԵԵ միութեան թատերախումբը աննախընթաց պատրաստութեամբ բեմադրեց Լեւոն Շանթի «Կայսրը» թատրերգութիւնը:
Բեմադրութիւն` դերասան-դերուսոյց Արտաշէս Պալասանեանի:
Բեմայարդարում` ճարտարապետ Խաժակ Մարաշլեանի:
Անահիտ Զատիկեանը առաջին անգամ ըլլալով կ՛անձնաւորէր Թէոֆանօ կայսրուհիի պատասխանատու դերը: Դրսեւորեց փառատենչ թագուհիի հարազատ նկարագիրը:
Արաքսի Տէր Պօղոսեանը հարազատօրէն կրցաւ դրսեւորել Հաննայի անաղարտ կերպարը:
Հայկազ Պալթայեանը կայսրի հոգեբանական բարդ մեկնաբանութիւնը դրսեւորեց հարազատ խաղարկութեամբ:
Անուշաւան Գասպարեանը իր անկարելին ըրաւ հարազատօրէն անձնաւորելու համար Օհան Գուրգէնի կերպարը:
Սեդա Վահանեանը կրցաւ տալ սապատաւոր կնոջ կերպարը հարազատութեամբ:
Օգսէն Սիմոնեանը զինուորական երէցի կերպարը անձնաւորեց կատարողական ներելի հնարաւորութեամբ:
Ճորճ Գրիգորեանը Վասիլ Լեկապենի դերին մէջ, թէեւ քիչ մը վարանոտ, կրցաւ տալ նենգամիտ եւ սառնարիւն դաւադրողի կերպարը:
Սարգիս Սարգիսեանը յաջողութեամբ մարմնաւորեց իր ստանձնած կերպարը:
Գառնիկ Խաչիկեանը, Կարապետ Բաշայեանը, Արմէն Գերասիմեանը, Ստեփան Ստեփանեանը, Երուանդ Ալեքեանը, Աղավարդ Շաղոյեանը, Արմէն Մարգարեանը, Յարութիւն Մատթէոսեանը, Անդրանիկ Գրիգորեանը, Նշան Գարագաճեանը, Ճորճ Գալիպլեանը, Յովհաննէս Տէյիրմենճեանը, Վաչէ Կարապետեանը, Մարտիկ Մարտիկեանը, Ալիս Ճիլիզեանը, Սոնա Յովսէփեանը, Մարի Ալեքսանեանը, Սեդա Պալասանեանը, Աստղիկ Յակոբեանը, Սիլվա Պալասանեանը, Եսթեր Պալթայեանը եւ Սիլվա Պերամեանը իրենց ստանձնած դերերով, ինչպէս նաեւ դիմայարդար Անդրանիկ Սողոմոնեանը, վարսայարդար Ժագ Գամպերեանը, ձայներ` Յովհաննէս Քափթանեանը, երաժշտութիւն` Տիգրան Գասապեանը, յուշարարներ` Գառնիկ Խաչիկեանը, Գեղանուշ Ճիլիզեանը, Երջանիկ Գապայեանը, լոյսեր` Վանական Յովասափեանը եւ կիներու դիմայարդար Անուշ Խալոյեանը նպաստեցին ներկայացման յաջողութեան:
Ներկայացման աւարտին թատերախումբը արժանացաւ երկարատեւ ծափերու: ՀԵԵ միութեան նախագահ Աւետիս Յովհաննէսեանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց դերակատարներուն եւ թատերասէր հասարակութեան: Դերուսոյց Արտաշէս Պալասանեանը արժանացաւ ծաղկեփունջի:
ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ