Կիպրահայ Կեանք
Սուրբ Մակարայ Վանքի
Ուխտագնացութիւնը
Կիրակի, 5 մայիսին, Ս. Մակարայ վանքի ուխտագնացութեան առիթով, հարիւրաւոր ուխտաւորներ կղզիին բոլոր շրջաններէն փութացած էին հայկական վանքը:
Առաւօտեան հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ վանքի մատրան մէջ` կիպրահայ թեմի նոր կաթողիկոսական փոխանորդ Արսէն ծ. վրդ. Աւետիքեանի կողմէ, որ նաեւ խօսեցաւ հոգեշունչ քարոզ մը:
Այս առիթով կարդացուեցաւ Խորէն Ա. կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը` Արսէն ծ. վրդ. Աւետիքեանի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակումը հաղորդելով Կիպրոսի թեմի հայութեան:
Յաւարտ պատարագի հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ հայ ժողովուրդի հին եւ նոր ննջեցելոց համար, եւ ապա ուխտաւորներուն բաժնուեցաւ աւանդական հարիսան:
Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, վանքի դարպասին մէջ, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ, որուն ներկայ գտնուեցան կիպրահայ եկեղեցական դասը եւ Ազգային իշխանութեան անդամներ:
Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ
Օծման Հինգերորդ Տարեդարձը
Կիրակի, 12 մայիսին, Նիկոսիոյ Անկլիքան Սենթ Փոլզ եկեղեցւոյ մէջ յատուկ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Խորէն Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման հինգերորդ տարեդարձը:
Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագին:
«Հայր Մեր»-էն առաջ տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք` նախագահութեամբ կաթողիկոսական փոխանորդ Արսէն ծ. վրդ. Աւետիքեանի:
Հայր սուրբը խօսեցաւ հոգեշունչ եւ իմաստալից քարոզ մը եւ հրաւիրեց բոլորը, որպէսզի այս հանդիսաւոր պահուն աղօթեն Նորին վեհափառութեան արեւշատութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պայծառութեան համար:
Այս առիթով յայտնենք, որ հայր սուրբը կէսօրէ ետք Կիպրոսի ռատիոկայանէն եւս խօսեցաւ նոյն նիւթին շուրջ:
Հայր սուրբը իր քարոզէն անմիջապէս ետք կարդաց վեհափառ հայրապետին կոնդակը, որ աւագութեան պատիւ եւ տիտղոս կը շնորհէր Վազգէն քհնյ. Սանտրունիին:
Տէր հայրը տարիներէ ի վեր անձնուիրութեամբ եւ անշահախնդրօրէն կը ծառայէ կիպրահայ գաղութին: Խոր զարգացումի տէր եւ քաջատեղեակ մեր եկեղեցական ծիսակատարութեանց` ան արժանացած է գաղութիս բոլոր խաւերուն յարգանքին եւ գնահատանքին:
Այս ուրախ առիթով, գաղութիս ծանօթ ազգայիններէն եւ կիպրահայ թեմականի անդամ Կարապետ Ինճիրճեանը եւ իր ազնիւ տիկինը ճոխ ընդունելութեամբ մը պատուեցին Վազգէն Ա. քհնյ. Սանտրունին, հինգշաբթի, 16 մայիս, իրենց բնակարանին մէջ: Սոյն ընդունելութեան ներկայ եղաւ կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբը, որ խօսք առնելով` շնորհաւորեց տէր հայրը աւագութեան պատիւ եւ տիտղոս ստանալուն առիթով ու նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Ինճիրճեաններուն, որ ազնիւ գաղափարը յղացած էին պատուելու համար Հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ եկեղեցականներէն մին: Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Ազգ. թեմականի, վարչականի եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ` իրենց տիկիններով:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Մայրերու Օր
Բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի, «Մայրերու օր»-ուան շքեղ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 19 մայիս, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, պետական երաժշտանոցի սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան վարչութեան:
Ընտրեալ բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը:
Անթիլիասի դպրեվանքի սաներուն կողմէ Կոմիտաս վարդապետի դաշնաւորած Աստուածածին շարականի խմբերգումէն ետք, բացման խօսքը ըրաւ վարչութեան ատենապետ Էօժենի Պալեան:
Դաշնակի ընկերակցութեամբ Սոնա Ղազարեանի, մեներգեց Էլմայեան: Արտասանեց Թորոս Սպիտանեան: Ա. Խաչատուրեանէն եւ Պապաջանեանէն երկու կտոր նուագեց Սոնա Ղազարեան:
Օրուան բանախօսն էր Էմմա Վ. Օշական: Արդիական մանկավարժական տեսութիւններու մէջբերումով եւ փաստերով խօսեցաւ հայ մայրերու պարտականութիւններուն եւ մանաւանդ ներկայիս անհրաժեշտ դարձած ծրագրուած գործունէութիւններու մասին: Թելադրեց մայրերուն` իրենց զաւակները ուղարկել հայ ազգային վարժարաններ, կրթել զանոնք ազգային ոգիով, անոնց սրտին մէջ դրոշմելով յարգանք` հանդէպ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին:
Դպրեվանքի սաները կատարեցին խմբական արտասանութիւն, ապա` Զարեհ աբղյ. Ազնաւորեանի ղեկավարութեամբ խմբերգեցին Կոմիտաս վարդապետի «Երազը» եւ Համբարձում Պէրպէրեանի դաշնաւորած Ս. Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն»-ը:
Թէ՛ դասախօսուհին եւ թէ՛ յայտագիրի գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերողները արժանացան բուռն ծափահարութիւններու:
Փակման խօսքը ուղղեց առաջնորդ սրբազանը: Խօսեցաւ հայ մայրերու կատարած եւ կատարելիք պարտականութիւններուն մասին:
Հանդէսը վերջ գտաւ սրբազան հօր պահպանիչով:
Ներկաները սրահէն մեկնեցան մայրերը յարգելու, մայրական պարտաւորութիւնները լաւագոյնս գործադրելու եւ առաւել արժեւորելու բարձր տրամադրութեամբ: