Ժեմայել Զգուշութեան
Հրաւէր Կ՛ուղղէ
Փաղանգաւորներու պետը` Փիեռ Ժեմայել երէկ յայտարարեց. «Խորհրդարան ներկայանալու կառավարութեան որոշումը գրգռիչ բնոյթ ունի: Այդ չէ ժողովուրդին ուզածը»:
Պէյրութի երեսփոխանը շարունակեց. «Մինչ համայն աշխարհ կ՛աշխատի լուծում գտնել քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներուն, Լիբանանի մէջ մեր ժամանակը կը կորսնցնենք Սապրի Համատէի եւ Քամել Ասաատի, Ռաշիտ Քարամէի եւ Սաէպ Սալամի, Փիեռ Ժեմայելի եւ ռեմոն Էտտէի, Քամալ Ժոմպլաթի եւ էմիր Մեժիտ Արսանի միջեւ: Տակաւին պիտի ընդունէի, եթէ մեր ճղճիմ վէճերուն բնոյթը գաղափարական խնդիրներ ըլլային»:
«Ինչ որ ժողովուրդին հետ կը պահանջենք, անդորրութիւնն է: Պէտք է անմիջապէս վերջ տալ այն անդոհանքին, որուն մատնուած է ժողովուրդը, մասնաւորաբար` աշխատաւոր դասակարգը, որ պէտք է փրկել վաղուան վախէն:
«Իրերու այս կացութեան առջեւ օտար եւ արաբական դրամագլուխները կը փախչին երկրէն, մանաւանդ` այն դրամագլուխները, որոնք մեզի կու գային քարիւղ արտադրող երկիրներէն, որովհետեւ անդորրութիւն եւ ապահովութիւն չեն գտներ այլեւս հոս»:
Կոչ Նախագահին
«Հանրապետութեան նախագահը կը մնայ գերագոյն իրաւարարը: Իրմէ կը պահանջենք գործել` վստահութիւնն ու անդորրութիւնը վերահաստատելու համար: Իր պատասխանատուութիւններուն գիտակից եւ ինքզինք յարգող ոեւէ լիբանանցի իր օժանդակութիւնը պիտի չզլանայ հանրապետութեան նախագահին` անոր գործը դիւրացնելու համար:
«Ոչ ոք կը պահանջէ, որ կառավարութիւնը 24 ժամէն հրաժարի, ու նոր դահլիճ մը կազմուի: Մենք առաջարկեցինք նախարարական փոփոխութիւն մը եւ տրամաբանական պայմանաժամ մը տուինք նոր դահլիճի մը կազմութեան համար:
«Մեր ամբողջ ուզածը առողջ իշխանութիւն մըն է, եւ կարեւոր չէ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ վարչապետը, Եաֆի՞, Քարամէ՞, թէ՞ Սալամ:
«Կը ցաւիմ ըսելու, որ ներկայ պայմաններուն մէջ նախարարութիւնը դարձած է ագարակ մը, որուն ամէն ոք կը ցանկայ անձնական շահեր իրագործելու համար:
«Ժամանակը եկած է, որ մեր խնդիրներուն հետ վերաբերինք լրջութեամբ եւ քաջութեամբ: Առաջարկած էի, որ 24 ժամով յետաձգուի խորհրդարանական յանձնախումբերու կազմութիւնը, որովհետեւ պէտք էր որ այդ յանձնախումբերը կազմուէին` հեռու սակարկութիւններէ եւ իրաւախոհութիւններէ. անդամները պէտք էր ընտրուէին` համաձայն իրենց ձեռնհասութեան:
«Ինչ որ պատահեցաւ, ցաւալի է: Անակնկալի եկած եմ ու խափանարար կը կոչեն այն, որ վեթոներ կ՛արձակէ»:
Փիեռ Ժեմայել այնուհետեւ պատասխանատուները զգուշացուց հակազդեցութիւններէն` նոր սերունդներուն, «որոնք կը ձգտին լաւագոյն կեանքի մը եւ ազգային կեանքին աւելի գործօն մասնակցութեան մը»:
«Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած բուռն ցոյցերը պէտք չէ թեթեւի առնուին եւ վաղանցուկ ցնցումներ նկատուին: Ահազանգի նշանը տրուած է, նոյն ատեն` ազդարարութիւն կ՛ուղղուի յամառութեանը դէմ քաղաքականութեան մը, որ երբեք նկատի չ՛ունենար ժողովուրդին պահանջները եւ ոչ ալ` նոր ժամանակներու հրամայականները»: