50 Տարի Առաջ (30 Յունիս 1968)
Ասմունքող Յ. Կիւլոյեան Վենետիկի Մէջ Յունիս 13-ին ասմունքող Յ. Կիւլոյեան կը ժամանէ Վենետիկ: Ասմունքի որոշուած ժամը կը հնչէ: Ամէն ոք լարուած ուշադրութեամբ կը սպասէ: «Վէրք Հայաստանի» հատորին մէջէն, Խաչատուր Աբովեանն է, որ կը բարբառի: Արշակ Չօպանեան, իր «Դէմքեր» հատորին մէջ, կը պատմէ. «Նոյնինքն Աբովեան, ինչպէս կը գրէ իր նամակներէն մէկուն մէջ, Մխիթարի կենսագրութիւնը կարդալով է, որ հրայրքն ունեցած է մարդ մը, գործիչ մը ըլլալու. մինչեւ անգամ փափաքած է Վենետիկ երթալ եւ միաբանութեան մէջ մտնել. որոշած էր Տաճկաստանէն Երեւան եկած քահանայի մը հետ Պոլիս մեկնիլ եւ անկից Վենետիկ. չնչին դիպուած մը զինքը արգիլեց, դերձակը հագուստները ժամանակին չհասցուց» («Դէմքեր», տպ. Փարիզ, 1924,...
Կարդալ ԱւելինDetails



