Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Մայիս 1968)

May 21, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ահաւոր Հրդեհ Քարանթինայի Մէջ

 250 Խրճիթ, Որոնց 150-ը`
Հայերու, Հրոյ Ճարակ Դարձան –
Նիւթական Մեծ Վնասներ – Ոչ Մէկ Զոհ

Երէկ` երկուշաբթի, 20 մայիս, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, ի բացակայութեան, հաւրանցի ընտանիքի մը խրճիթէն ծագած հրդեհը մէկուկէս ժամուան մէջ հրոյ ճարակ դարձուց Քարանթինայի 250 ընտանիքներու խրճիթները, որոնց մօտ 150-ը կը պատկանէին հայերու:

Առաջին իսկ վայրկեանին հրդեհը արագընթաց կը տարածուի: Կը ստեղծուի սրտաճմլիկ տեսարան: Իրարու ետեւէ կը պայթին պիւթակազներու շիշեր, լաց ու կոծ, սիրելիներու փնտռտուք, գոյքերու ազատագրում: Բնակիչներէն շատեր, ընդհանրապէս այրեր, բացակայ են` մեկնած ըլլալով գործի: Թաղին մէջ գտնուող երիտասարդներ գերմարդկային ճիգ ի գործ կը դնեն անմիջական օգնութեան փութալու համար հրկիզեալ ընտանիքներուն: Ապա հրդեհին վայրը կը հասնին թիւ 16 ջոկատի ոստիկաններ, բանակի ջոկատ մը, հրշէջները, որոնց ջանքը կ՛ըլլայ մարել կրակը, արգիլել անոր տարածումը` փրկելու համար մերձակայ տուները:

Ապա կը հասնին` ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Ֆրենժիէ, Պէյրութի քաղաքապետը, լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, պետական երեսփոխաններ:

Սրբազան հայրը, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան եւ Անտրէ Թապուրեան կը մեկնին ներքին գործոց նախարարի գրասենեակը, ուր ի ներկայութեան նաեւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ատենապետուհիին, տեղի կ՛ունենայ խորհրդակցութիւն` անմիջական օգնութեան հասնելու համար հրկիզեալ ընտանիքներուն:

Առաջին որոշումը կ՛ըլլայ անպատսպար մնացած ընտանիքները զետեղել Ժենիի սենեակներուն մէջ:

Մինչ այդ Քարանթինայի Թաղական խորհուրդի եւ ՀՅԴ կոմիտէի կարգադրութեամբ կը կազմուի յանձնախումբ մը` արձանագրելու համար աղէտեալ ընտանիքներու անունները եւ վնասները: Բարեբախտաբար` ոչ մէկ զոհ:

Սրբազան հայրը եւ պետական հայ երեսփոխանները կրկին խորհրդակցութիւն կ՛ունենան: Կ՛որոշեն իրենց կարելի միջոցները գործադրել` պետական օժանդակութեամբ հրկիզեալներուն անմիջական օժանդակութիւն ապահովելու համար:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Տրապիզոնի` Մզկիթի Վերածուած Եկեղեցիները

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.