Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Մայիս 1968)

Մայիս 14, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարպետը

Լեռնացած ներկայութիւն մը կը զգայիր, Արեւածագով` անտառածածկ կանաչով, ուր կեանքի զանազան շնչաւորներ իրենց երգը կը հիւսէին` ստեղծագործ կուռքի մը խորհուրդը սփռելով չորս դին:

Ինք կ՛անցնէր` բազմերանգ արձագանգներով հոգիներու ծառաւն ու պարապը լեցնելով: Բոլորը զինք կը փնտռէին ու երգի արբեցումի մը մէջ երջանիկ` կը միախառնուէին դէպի յաղթանակը կեանքին:

Ինչքա՛ն սրտեր լիացան իրմով, ու աղբերայորդ` լիացուցին բազմութիւններ, իսկ ինք ապրեցաւ համեստ կեանքով, հարուստ մշակը յաւերժափառ:

Այն օրերուն, երբ հայոց համար ամէն ինչ գաղթ էր` անորոշութիւն, Հայ Արուեստի անսակարկ մշակը, ճպոտը ձեռքին մնաց մի՛շտ կանգուն, երգով ու կեանքով: Երբ ամէն ոք կ՛աշխատէր բան մը ծախել, շինել ու շահիլ, Կանաչեան հայ երգ կը բաշխէր:

Գաղթօճախները չէին կրնար վարձատրել գեղարուեստի մշակները. անոնցմէ կը սպասուէր անսահման զոհողութիւն եւ ստեղծագործութիւն, որպէսզի վերածնուէր Թորգոմայ ճղակոտոր տունը: Ու հաւատաւոր մշակները տուին ամէն ինչ, տուին եւ աւելի ուրախացան, հարստացան` հարստացնելով հայ երգի անդաստանը:

Այժմ անոնց ամբողջ շարքը կը նուագէ հոգիս: Կը վերապրիմ ժամանակի մէջ ծիածանուած Հեքիաթներու Պալատը, հիւսուած հայկական խազերով ու փիւնիկեան երգերով: Ինք միշտ ներկայ, ու Հայ բեմ իր քրտինքով` կանաչազարդ ուղի:

Տրտմութեամբ կը վերյիշեմ այն պահը, երբ երեկոյ մը հանդիպած էի իրեն` զինք եւս խանդավառելու Գէորգ Էմինի «Երգ կռունկի մասին» հանրածանօթ քերթուածով: Ոգեւորուած` կ՛արտասանէի: Աջ ձեռքը դաշնակին յենած` կ՛ունկնդրէր…

– Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, վարպե՛տ, եթէ եղանակ մը դաշնաւորէիր մեր օրերու կռունկի մասին,- ըսի երկիւղած:

Դէմքը դարձուց դաշնակին կողմը, նուագելու ձեւ մը ստացաւ, լռութեան մէջ սպասումի եղանակ մը մեզ համակեց: Բոլորիս աչքերը իր դէմքին ու շարժումին:

– Ո՛ւշ է:

Ցած փսփսուքով հնչեց վարպետին ձայնը` ու մենք լռութեան մէջ գամուեցանք:

Տխրութիւնը այրեց մեր ակնկալութիւնները…

Կեանքի գետը միշտ վարար չէ, ու միշտ գարուն չէ…

Միթէ չէի՞նք գիտեր, թէ ուշ էր:

Բայց չէինք ուզեր գիտնալ…

Բնութիւնը հարուածած էր իր աչքերը ու շատ բան… Հիմա պէտք էր մենք զինքը ոգեւորէինք: Այն գիշեր բարեկամիս հետ յիշեցինք մեր գիտցած բոլոր քերթուածները: Ի՜նչ երանելի բուրաստանի էր վերածուած երեկոն: Կանաչեան իր գարնանայորդ ժպիտներու արշալոյսին մէջ էր, իսկ մենք` առաւօտներու շունչով գինով:

Ի՜նչ բախտաւորութիւն է ողջերը վայելել գիտնալ… ու հայ ժողովուրդը` յանձինս «Գուսան»-ական երիտասարդութեան եւ զինք ունկնդրող հասարակութեան, գիտցաւ վայելել Վարպետին ներկայութիւնը: Ան սեփականացուց, իրեն հետ միաձուլեց անգերազանցելի վարպետ անմահ Կոմիտասի տոհմիկ աւանդները:

Օր մը «Սինէ Տիւնիա»-ի մէջ շքեղ երեկոյթ մը տրուեցաւ, ուր բացառիկ ու երազուած ելոյթներ ունեցան` Տաթեւիկ Սազանդարեանը, Ա. Տէր Ղեւոնդեանը, Նար Յովհաննէսեանը, հայրենի ստեղծագործութեամբ ու շունչով գունազարդելով մթնոլորտը: Ոգեւորութեանս մէջ անակնկալ կերպով հանդիպեցայ Հայաստանի երբեմնի մշակոյթի նախարարին: Շուտով զինք շրջապատեցին քաղաքիս հայ բեմի դերասաններ, երգիչներ, հետաքրքիրներ: Այս պահուն հանդիպեցաւ նաեւ վարպետը: Ուրախութեամբ ներկայացուեցան իրարու` ինք, Կանաչեանը եւ Հայաստանի մշակութային նախարարը: Վարպետին համար կարծես դրախտի մը պատուհանը բացած ըլլայինք ու իր աչքերը սկսէին տեսնել.

– Հայ մշակոյթի նախարա՞ր, ի՛նչ կ՛ըսէք, ծանօթանանք:

Կարծես կորսուած աչքերուն լոյսը վերագտաւ ու ողջագուրումի համբոյրներ ուզեց դրոշմել հայ նախարարի ճակտին, վարպետ նկարիչ մը պէտք էր` վարպետին ունեցած այդ հոգեվիճակը պաստառին յաւերժացնելու: Նայուածքներ կան, որոնք յաւիտեան կը մնան մտապատկերիդ մէջ, սուրբ ու գեղեցիկ:

Նախարարը պետական պաշտօնեայի հանդիսաւորութեամբ ձեռնուեցաւ, ու բոլորիս նայուածքները հանդիպեցան անոր լռութեան: Սպասեցինք… ստիպուեցայ կրկնել:

– Երգահան Բարսեղ Կանաչեանն է:՞

– Այո՛, այո՛, գիտեմ, ոեւէ հայերէն գիտցող իր անունը գիտէ:

Մենք աւելի տրտմեցանք  իր պաղարիւնութեան պատճառով: Վարպետը շարունակեց իր խանդի մէջէն.

– Հայաստան պիտի ուղարկեմ իմ գործերս, Թաթուլ Ալթունեանը ուզած էր. կրնա՞մ ձեր միջոցաւ ուղարկել, որպէսզի չկորսուին:

– Մե՞նք ուզած ենք, մենք շատ ունենք, դո՛ւք մեզմէ պէտք է ուզէք, մենք ուզելու պէտք չունինք:

Ամէնքս իրարու երեսին նայեցանք, խօսելու պէտք չունէինք, հասկցուած էինք… Ցաւ զգացինք մեր հաստատած այդ ծանօթութեան համար:

Յարգելի նախարարը վերադարձաւ Հայաստան` առանց որեւէ գործ տանելու Կանաչեանէն:

Մենք բաժնուեցանք իրարմէ` մեր առաջին հանդիպումէն ստացած տպաւորութենէն բոլորովին տարբեր հոգեվիճակներով:

Այսօր դէպքին վրայէն անցած են տասներկու տարիներ, ու չկան, ո՛չ Վարպետը, ո՛չ նախարարը. իրարու մօտիկ թուականներով մեկնեցան աշխարհէն:

Իսկ Հայաստանը միշտ դարմանելով բոլոր ժամանակներու նախարարներու լռութիւնը` կանչած է իր հարազատ զաւակը: Վարպետը իր հայրենի ծոցին մէջ է հիմա, ու կը ծաղկի հայրենի ամէն քրտինքի հետ` իբր եւ անմահ Կոմիտասի արժանաւոր աշակերտ, հարազատ զաւակ Հայ Մշակոյթի…

Հայաստանը անսկիզբ է, անսահման ու անվախճան, երանի՜ անոնց, որ հայրենի դրախտին մէջ տեղ կը գրաւեն: Վարպետը գրաւած է իր տեղը, կանաչ ու ծաղկուն տեղ մը, իր կարգին կանաչցնելով հայաշխարհը…

Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Եղիշէ Չարենցը Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?