ՀՄԸՄ-ի Գայլիկներու
Դպրոց-Բանակումը
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի կազմակերպուած դպրոց-բանակումը` գայլիկ աստիճանաւորներու պատրաստութեան յատուկ, տեղի ունեցաւ 4, 5, 6 մայիս, շաբաթ, կիրակի եւ երկուշաբթի օրերը, Ատոնիսի բանակավայրին մէջ:
Շատ օգտակար այս բանակումին կը մասնակցէին Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի շրջաններէն 36 գայլիկ աստիճանաւորներ, որոնք բոլոր դասախօսութիւններուն եւ գործնական աշխատանքներուն հետեւեցան գնահատելի կարգապահութեամբ եւ գիտակից հետեւողականութեամբ: Բոլոր գայլիկները դասախօսուած նիւթերը արձանագրեցին մասնաւոր տետրակներու մէջ, որոնք ենթարկուեցան պատասխանատուներու քննութեան:
Դպրոց-բանակումը կը ղեկավարէր աքելլա Միհրան Շիմշիրեանը` օգնականներ ունենալով եղբայրներ Ալեքսան Մելքոնեանը, Միհրան Զէնեանը, Հրայր Սողոմոնեանը, Սարգիս Սաղըրեանը եւ Խաչիկ Խաչատուրեանը:
Շնորհիւ վերոյիշեալ պատասխանատուներու տքնաջան աշխատանքին` եռօրեայ դպրոց-բանակումը արձանագրեց մեծ յաջողութիւն եւ բոլոր մասնակցողները վերադարձան զոհ եւ խանդավառ տրամադրութեամբ, իրենց հետ բերելով գայլիկական գիտելիքներու մեծ պաշար մը, որ սորված էին բանակումի ընթացքին:
* * *
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը պատրաստելու վրայ է գայլիկական ընդհանուր բանակում մը, Մէյրուպայի մէջ, յուլիս 5, 6, 7, որուն պիտի մասնակցին Լիբանանի շրջանի ՀՄԸՄ-ի բոլոր գայլիկները:
* * *
Կիրակի, 19 մայիս, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի սկաուտական խումբերը հաւաքուած էին «Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճի խաղավայրը` կատարելու համար Շրջանային սկաուտական խորհուրդի նշանակած նոր աստիճանաւորներու աստիճաններու բաշխումը:
Հաւաքոյթին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու ընդհանուր խմբապետ Յակոբ Ոսկերիչեանը եւ խորհուրդի քարտուղար Յակոբ Օվայեանը:
Հաւաքոյթի բացումը կատարեց Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի խմբապետ Յովհաննէս Թերճանեանը: Ապա տեղի ունեցաւ աստիճաններու բաշխման արարողութիւնը:
Հետեւեալ աստիճանները տրուեցան.
Սկաուտ խմբապետ` Գրիգոր Կարապետեան, Վարիչ առաջնորդ` Գրիգոր Մկրտչեան,
Առաջնորդ` Սարգիս Սաղըրեան եւ Յովհաննէս Պաղտասարեան,
Փոխ-առաջնորդներ` Վահէ Անտոնեան, Թորոս Չալըգեան եւ Հրաչ Սէֆէրեան:
* * *
Նոյն օրը տեղի ունեցան պասքեթպոլի եւ փինկ-փոնկի հանդիպումներ Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի սկաուտական խումբերուն միջեւ: Պասքեթպոլի մրցումը շահեցան Պուրճ Համուտցիք 28-16:
Փինկ-փոնկի մէջ եւ Պուրճ Համուտի սկաուտները շահեցան զոյգի երեք մրցումները:
* * *
Կիրակի, 19 մայիսին, Ժիւնիի ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի բարեկամական հանդիպում մը ՀՄԸՄ-ի Ժիւնիի եւ ՀՄԸՄ «Կամք»-ի միջեւ: Մինչեւ կիսախաղ` «Կամք»-ի տղաքը կէտերու մեծ առաւելութիւն ձեռք բերին եւ կիսախաղը աւարտեցին 27-18 արդիւնքով:
Երկրորդ կիսախաղին խաղը աւելի հաւասարակշռուեցաւ եւ ժիւնիցիք յաջողեցան կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել: Խաղի վերջաւորութեան մէկուկէս վայրկեան մնացած` Ժիւնիի մարզիկներէն Մկրտիչ Քրիսեանը սխալ անկում մը ունեցաւ եւ ոտքէն վիրաւորուեցաւ: Այս արկածը պատճառ եղաւ, որ երկու խումբերը խաղը վերջացած յայտարարեն` հաւասար արդիւնքով:
Վ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
