Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Մայիս 1968)

Մայիս 12, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Սեբաստացի Մուրատ

(Մահուան 50-ամեակին Առիթով)

Յիսուն եւ աւելի տարիներ առաջ անձնուրացներու բանակ մը կրակի մէջ նետուեցաւ հայրենիքի ազատագրութեան եւ հայ ժողովուրդի անկախութեան համար:

Գրեթէ բոլորն ալ ինկան անհաւասար կռիւներու ընթացքին, ճակատէն շանթահար, ինչպէս վայել է ֆետայիին:

Մեր նորագոյն պատմութիւնը, իր հերոսական դրուագներու շարքով, դիւցազնատիպ այդ հսկաներուն կեանքի պատմութիւնն է, կեանք, որ ամբողջովին նուիրուեցաւ յեղափոխութեան:

Այդ հսկաներուն մէջ իր առանձին տեղն ու արժէքը ունի Սեբաստացի Մուրատը` խիզախ հրամանատար, մեծ ռազմավար, անձնուրաց ֆետայի, զինակիցը Չաւուշներու եւ Անդրանիկներու, անոնց հետ կռուած, աւելի քան քսան տարի կրակի մէջէն անցած, իյնալու համար վերջապէս այն օրերուն, երբ ազատութեան արշալոյսը կը բացուէր Հայաստան աշխարհին վերեւ:

Մուրատ, Սեբաստիոյ արժանաւոր զաւակ, մեր յեղափոխութեան ամէնէն սիրելի դէմքերէն մէկն է: Քաջութեան, տղամարդու, խիզախի մարմնացումն է ու իբրեւ այդպիսին` կը ներշնչէ սերունդները, որոնք անպայմանօրէն կարդացած պէտք է ըլլան Միքայէլ Վարանդեանի գիրքը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է Մուրատի փոթորկալի կեանքին, անոր պայքարներուն, վերջապէս` մահուան, որուն նախազգացումը ունեցած է օր մը առաջ, տարօրինակ երազով մը:

Այսօր, իր մահէն յիսուն տարի ետք, Սեբաստիա կը յիշէ իր արժանաւոր զաւակը: Վաղը յիշատակի հանդէս` նուիրուած մեծ սեբաստացիին: Սեբաստիոյ ընդմէջէն հայութիւնն է, որ կը յարգէ իր անուանի ֆետայիին յիշատակը` ներշնչումի աղբիւր նկատելով Մուրատներու կեանքը, անոնց պայքարը` յանուն հայութեան, հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան:

Մուրատ կը պատկանի դաշնակցական մարտիկներու փաղանգին: Դաշնակցութեան մէջ թրծուած, անոր գաղափարականին եւ սկզբունքներուն հաւատարիմ, անոր համահայկական մտահոգութիւններուն ապրումը ունեցող յեղափոխական` Մուրատ մտաւ անմահներու այն շարքին մէջ, որոնց համար հայ ժողովուրդը երգեր հիւսեց եւ այդ երգերով պանծացուց ու յաւերժացուց անոնց սխրագործութիւններն ու պայծառ անունը:

Սերունդ մը կայ այսօր, որուն համար Մուրատները, Անդրանիկները, Գէորգ Չաւուշները, Հրայրները եւ բազում ուրիշներ, անուանի թէ խոնարհ, կը պատկանին արդէն հայկական Մեծ Առասպելին, մտած են մեր պատմութեան մէջ եւ իբրեւ առասպելաշունչ դէմք` կը ներշնչեն նորահաս պատանիները, անոնք, որոնք վաղուան մեր յոյսն են ապագայի մեր միակ գրաւականը:

Որքան զարգացնենք անոնց մէջ մեր հերոսներուն պաշտամունքը, որքան զանոնք դաստիարակենք անոնց սրբազան օրինակով, այնքան աւելի վստահութեամբ կրնանք նայիլ ապագային, որովհետեւ միայն այդպիսով կրնանք անձնուիրութեան նոյն մակարդակին վրայ տեսնել նոր սերունդները: Հերոսներու պաշտամունքը ժողովուրդի մը մեծութեան չափանիշն է: Հաստատումը, որ կ՛արժէ մեռնիլ այդ ժողովուրդին համար, որովհետեւ ան գիտէ գնահատել իր այն զաւակները, որոնք անանձնական եղան գերազանցապէս, երբ կրնային շատ դիւրութեամբ ապրիլ ուրիշներուն պէս, իրենց անձին համար:

Վաղը, Մուրատին ընդմէջէն, ինչպէս պիտի ուզէր ինք` համեստ այդ ֆետային, մեր յարգանքը պիտի յայտնենք բոլորին, անոնց, որոնք օր մը բարկացած աստուածներու պէս անցան լեռներուն վրայէն, եղան վահագնօրէն դիւցազն, արհամարհեցին մահը, ինկան ազատագրութեան ճամբաներուն վրայ, գերեզման չունեցան, բայց մնացին կենդանի հայոց ժողովուրդի երախտագիտութեան մէջ, իրենց գերեզմանը ունեցան հայութեան հոգիին մէջ, ամէնէն անքանդելին շիրիմներուն:

Յարգա՜նք անոնց անմոռանալի յիշատակին:

Յարգանք մանաւանդ այն վեհ իտէալին, որ մերն է այսօր, անկողոպտելիօրէ՛ն մերը, քանի դեռ չի իրականացած հայութեան մեծ երազը, որ եղաւ երազը Մուրատներուն եւ հերոսներու փաղանգին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անդրադարձ. 1918-ի Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը – Է.

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?