Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Յունիս 1968)

Յունիս 14, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անհետացող Դէմքեր

Վահրամ Փափազեան

Վերջերս Երեւանի մէջ աչքերը փակեց հայ բեմին հսկաներէն Վահրամ Փափազեան` Շէյքսփիրի անզուգական մեկնաբանը:

Յ. Ճ. Սիրունիի այս յօդուածը, գրուած` դերասանապետին մահէն առաջ, կու տայ ամբողջական պատկերը «Յետադարձ հայեացք»-ի հեղինակին.

Վաթսուն եւ աւելի տարիներու իր կեանքը` հայ բեմին վրայ, ապահոված է անոր ամէնէն շքեղ տեղերէն մէկը հայ մեծ արուեստագէտներու համաստեղութեան մէջ:

Իբրեւ մէկը, որ իր մանկութիւնը անոր հետ միասին անցուց դպրոցական գրասեղաններու վրայ եւ օրը օրին հետեւեցաւ անոր առաջին երազներուն եւ անդրանիկ յանդգնութիւններուն, այս տողերը գրողը շատ մօտէն գիտէ կրակը, որ բռնկած էր անոր մէջ,  երբ դեռ Էսայեանի գրասեղաններուն վրայ էր,  եւ որ պիտի արծարծէր աւելի եւս, երբ Մխիթարեաններու մօտ ուսումը շարունակելու երթար նախ Գատըգիւղ, յետոյ` Վենետիկ, Մուրատ Ռափայէլեանի մէջ: 1905-1907 տարիները, զորս այս վերջին դպրոցը անցուց, բախտաւոր օրեր եղան Վահրամին համար: Իտալացի վարպետներու խաղը տեսաւ` երբեմն դպրոցէն փախչելով, իսկ դպրոցը աւարտելէն ետք յաջողեցաւ ապրիլ անոնց խումբին մէջ: Այդ վարպետներէն մէկը Նովելլին է: Գովեստները, զորս կը լսէր օտար վարպետներէն, իր սկսնակի քայլերուն մէջ իսկ, անոր համար ճակատագրական եղան այլեւս: Զայն ընդմիշտ կապեցին բեմին:

Դէպքերը այլապէս նպաստաւոր եղան հայ թատրոնին ծոցը բերելու համար զայն: Պոլիս էր դարձած, երբ 1908-ին սահմանադրութիւն հռչակուեցաւ Թուրքիոյ մէջ: Ասպարէզ կը բացուէր երիտասարդ Փափազեանին համար ալ: Փափազեան դեռ հազիւ 20 տարու էր, կու գար բանալ հայ թատրոնին դռները ու Պոլիսը հմայել պահ մը, ապաւինած` իր բնածին ձիրքերուն եւ արուեստի առաջին կայծերուն, զորս մէկտեղ կը բերէր Եւրոպայէն: Բայց ան դատապարտուած էր սպառելու դժնդակ այն պայմաններուն մէջ, որոնք իր շուրջը կային: Կովկաս, ուր նետեց զինք ճակատագիրը 1913-ին, փրկարար եղաւ իրեն, ինչպէս եղեր էր` Ադամեանին, Սիրանուշին եւ Ազնիւ Հրաչեային, Վրոյրին եւ Արմէնեանին, ինչպէս պիտի ըլլար Արուս Ոսկանեանին, Հրաչեայ Ներսիսեանին եւ Ջանանին: 1928-ին ան կը ներկայանար Մոսկուայի հասարակութեան Մեծ թատրոնի բեմին վրայ` իր Օթելլոյով, եւ յետոյ երկու տարի, 1929-1931, Լենինկրատը եղաւ իր մեծ վերելքին ականատեսն ու նուիրագործողը իր նոր համբաւին:

Բազմաթիւ եղան դերերը, որոնք ծափեր շահեցուցին իրեն ռուս մեծ բեմերու վրայ եւ դրուատիքը` մեծ քննադատներու: «Քին», «Քորրատօ», «Տոն Ժուան», «Արբենին», «Գնդապետ Պոիտօ», «Արծուիկ», ինչպէս եւ գլխաւոր դերեր` «Իզրայէլ»-ի, «Ծաղրանքի ընթրիք»-ի, «Կայսր»-ի, «Մոննա Վաննա»-ի, «Սատանայի աշակերտ»-ի, «Մահապատիժ»-ի, «Կենդանի դիակ»-ի մէջ փառքի հասան Փափազեանի դերակատարութեանց ընթացքին: Բայց առաւելապէս Շէյքսփիրն էր, որ կախարդեց զինք եւ ուզեց նոյնանալ անոր հերոսներուն հետ: Ան Շէյքսփիրով կախարդեց նաեւ իր սրահները: Եթէ Օթելլոն եղաւ իր անմահութեան խարիսխը եւ զայն դարէ աւելի պտտցուց քաղաքէ քաղաք եւ երկրէ երկիր` ամէն մէկ խաղին մէջ նոր վերլուծութեան մը ենթարկելով մաւրը եւ նոր թել մը որոնելով ու գտնելով անոր հոգիին մէջ, սիրելի եղան իրեն անգլիացի հանճարեղ հեղինակին հերոսներէն ուրիշ շատերն ալ, ինչպէս էր Լիր Արքան, Ռոմէոն, Համլեթն ու Մաքպեթը:

Փափազեան իր փայլը պտտցուց Ուքրանիայէն, Պիելոռուսիայէն եւ Մերձ. Պալթեան հանրապետութիւններէն սկսեալ մինչեւ ասիական երկիրներ, մինչեւ Սիպերիա: Ու յետոյ` ուրիշ երկիրներ ալ: Եւ ան Արեւմուտքի առջեւ ալ գնաց նուիրագործել իր վաստկած համբաւը, երբ 1932-ին «Օթելլօ»-ն խաղաց Փարիզ: «Աթըլիէ»-ի բեմին վրայ ֆրանսացի դերակատարներու հետ, յաջորդ տարին, 1933-ին ան գնաց փայլելու նաեւ Իրան: Ան ամչցուցած չէր ժողովուրդը 1916-ին ալ, երբ Շէյքսփիրի 300-ամեակի յուշատօնին մասնակցելու գացեր էր Լոնտոն:

Փափազեան այս կերպով իր անունը համաշխարհային դարձուց` հանդիսանալով մէկը մեր օրերու ամէնէն կարկառուն շէյքսփիրեան դերասաններէն` իր անունը գրեթէ  կապելով Շէյքսփիրի հետ: Իր համբաւին կոչուած էր նպաստել նաեւ այն պարագան, որ ան տիրապետելով բազմաթիւ լեզուներու` տարբեր բեմերու վրայ կը խաղար տարբեր լեզուներով ալ, ինչպէս` իտալերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն եւ թրքերէն, բացի հայերէնէն, որ այնքան քաղցր կը հնչէր միշտ իր բերնին մէջ:

Չմոռնանք, որ Փափազեան հանդէս եկաւ շարժանկարներու մէջ ալ, նախ` Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, ուր ծպտուած Էռնեսթօ Վակրամ անունին ներքեւ, հմայքը եղաւ ռուսական կարգ մը ժապաւէններու եւ յետոյ իր ստանձնած դերերով` ինչ-ինչ հայերէն ժապաւէններու մէջ:

Փափազեան չէր սպառած կեանքը ճանչնալու` բեմին վրայ ներկայացնելու համար զայն: Եօթը տասնամեակ սպասեց, սակայն, որպէսզի անակնկալի առջեւ դնէ հայ գրականութիւնը` նոր գրողի մը հասունութիւնը ծանուցանելով անոր: «Յետադարձ հայեացք»-ի զոյգ հատորները, զորս 1956-ին եւ 1957-ին լոյս ընծայեց իր կեանքի զանազան դրուագները պատմելու համար, կարդացուեցան գրական շունչով գրուած վէպերու նման եւ մնայուն տեղ ապահովեցին իրեն հայ գրողներու շարքին մէջ:

Բայց ինչ որ իր գրչի վաստակին փառքը պիտի կազմէ, իր երկերն են Շէյքսփիրի զանազան թատերախաղերուն եւ անոնց հերոսներուն վրայ: Փափազեան Շէյքսփիրի երկերէն նման ուսումնասիրութեանց նիւթ դարձուց արդէն «Օթելլօ»-ն, «Համլեթ»-ը, «Լիր Արքա»-ն, որոնց հաւանաբար յաջորդեն մեծ թատերագիրին ուրիշ թատերախաղերն ալ` հանդիսանալով փիլիսոփայական եւ գեղարուեստական վերլուծման, բայց նաեւ գրական մէյ մէկ կոթող:

Յ. Ճ. ՍԻՐՈՒՆԻ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?