«Իւր Քաջ Որդւոց
Սուրբ Արիւնով»

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի Միացեալ Նահանգներ տուած վերջին այցելութիւնը զուգադիպեցաւ այս տարուան մայիսին, ու այս տարուան մայիսը, ինչպէս ամէն հայու, նաե՛ւ Ամենայն Հայոց վեհափառի շրթներուն տարբեր վայելչութեամբ մը ծաղկեցաւ, թնդաց:
Վեց դարերու սուգ-տառապանքէն ետք, Արարատեան աշխարհի 1918-ի մայիսը իրաւա՛մբ, ամէն հայ խնդութեամբ, յոյսով, հպարտութեամբ լեցնող անկիւնադարձային իրականութիւն էր, բովանդակ աշխարհը ափ ի բերան ձգող զարմանահրաշ երեւոյթ:
Ի հարկէ, բոլորովին հրաշք չէր պատահածը, երկնային զօրքերը էջք չկատարեցին Հայաստանի սուրբ հողին, Հայաստանի հողէն միս ու ոսկոր կազմած հողեղէն մարդոց ոգեշնչման արդիւնքն էր եղածը: Յեղափոխական փոթորկոտ փորձերու մէջ թրծուած բացառիկ դէմքեր իջած էին ասպարէզ, հոն էր լիազօր ու ամենազօ՛ր Արամը, հոն էին իր գաղափարակից ու զինակից ընկերները, ու ժողովուրդը անոնց պայծառ մտքին ու վիթխարի կամքին մէջ տեսաւ իր կեանքին ճակատագրական փուլը, համոզուեցաւ ատոր եւ ընդառաջեց մեծագործներուն փրկարար կոչին, ելաւ ոտքի, ոտքի ելան ամէնքով, ամէնքո՛վ գրոհեցին թշնամիին վրայ, ու ամէնուն խոյանքով ու զոհողութեամբ ստեղծուեցաւ օրերուն օրը` մայիս 28-ը, ամենայն հայոց ազգային տօնը:
Ու ամենայն հայոց տօնին առիթով բնական էր, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը պիտի արտասանէր ամէն հայու սիրտը քաղցրօրէն ալեկոծող ճշմարիտ խօսքեր.
«… 1915-ի ապրիլին յաջորդեց 1918-ի մայիսը: Եւ` այնպիսի մէկ պահու, երբ երկրորդ եղեռն մը կը սպառնար մեր վերապրող ժողովուրդին, Արեւելահայաստանին: Արիւնաքամ ժողովուրդի մը զաւակները մէկտեղուեցան, բռունցքի մը վերածուեցան անխորտակելի եւ ստեղծեցին, կոթողեցին հայոց պատմութեան երկրորդ Աւարայրը` Սարդարապատի ճակատամարտը: Հայ ժողովուրդը փրկուեցաւ ստոյգ մահէ «իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով»: Գիտէք` այսպիսով հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մայիս 28-ին»:
«Իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով»: Անշո՛ւշտ: Մեր յեղափոխութիւնը նետած էր այդ կարգախօսը հրապարակ, ու յեղափոխութեան հետեւող քաջերը կենսագործած էին անոր ոգին` փրկելով ու նոր հունի մէջ դնելով ժողովուրդը, հայրենիքը:
Սարդարապատն ու մայիս 28-ին հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրենց ճշգրիտ առումով գնահատող խանդավառ խօսքերուն առընթեր, սրտագրաւ է նոյնպէս վերի պատկերին պարզած վայելչութիւնը, վեհափառին այցը` ազգային հերոս Միսաք Թորլաքեանին:
Շարքային դաշնակցական է Միսաք Թորլաքեան, կազմակերպչականօրէն Դաշնակցութեան կը պատկանի անոր հոգին ու բազուկը զինելու պատիւը, բայց վրէժխնդիր գնդակը Դաշնակցութեան համար չարձակեց Թորլաքեան, կուսակցական հաշիւներով ճամբայ չհանեց զինք Դաշնակցութիւնը, ազգի՛ն համար հանեց զինք ճամբայ, ազգին համար դիտապաստ ըրաւ արիւնախում հրէշը, հրէշներ: Այս գիտակցութեան, երախտագիտութեան շօշափելի արտայայտութիւնն է վերի նկարը: Բայց որքա՜ն գեղեցիկ պիտի ըլլար, եթէ հատուածամոլ ու կուսակցամոլ մարդոց հոգիներուն կուտակուած ապերախտութեան սառոցը հալեցնող ջերմութիւն մը բերէր վերի նկարը եւ վարակիչ դառնար անոր ցոլացուցած լայնախոհութեան ոգին:
Ամէն պարագայի, յոռետես չենք: «Իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով» ու արութեամբ փրկուեցաւ հայրենիքը, ժողովուրդը, ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, եւ արութեան գործերուն առջեւ, ինչպէս կ՛երեւի արդէն, մարդիկ չեն կրնար երկարօրէն կուղպ պահել իրենց հոգին:
Ս. Պ.